Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայկական պետութիւններու երկու նախագահները՝ հայրապետներու ուղեկցութեամբ «Եռաբլուր» այցելած են

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երկու հայրապետներ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի  եւ ԼՂ նախագահ Բակօ Սահակեանի ուղեկցութեամբ անկախութեան տօնի 25-րդ տարեդարձի առթիւ այցելեցին «Եռաբլուր»՝ յարգանքի տուրք մատուցելու նահատակուած հայորդիներու յիշատակին:

Նախագահը լրագրողներու հարցերուն չպատասխանեց՝ սահմանափակելով միայն շնորհաւորելով:

«Եռաբլուր» եղած են նաեւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ՝ նորանշանակ վարչապետ Կարէն Կարապետեան, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Գէորգի Կուտոյեանը, Հայաստանի ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանը, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը եւ այլք:

Պաշտօնեաները ծաղկեպսակ դրին «Եռաբլուրի» զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանին, իսկ հայրապետները աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած:

Նշենք, որ ԼՂ նախագահ  Բակօ Սահակեանը եւս հրաժարած է պատասխանել լրագրողներու հարցերուն՝ միայն շնորհաւորելով:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ