Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

«Ալ նուսրա» եւ «Տահէշ» ԱՄՆ-ի ձեռքին մէջ ընդամէնը խաղաքարտեր են.Սուրիոյ նախագահ

«Ալ Նուսրա»ն եւ «Տահէշ»ը ընդամէնը խաղաքարտեր են ԱՄՆ-ի ձեռքին մէջ», այսպէս ըսած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ խօսելով AP գործակալութեան: Ըստ Ասատին Միացեալ Նահանգներ բաւարար քաղաքական կամք չունին այդ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ պայքարելու համար: Սուրիոյ նախագահը  դիտել տուած է, թէ մարդասիրական օժանդակութիւններ փոխադրող շարասիւնը  հարուածուած է ընդդիմադիրներուն կողմէ եւ մեծագոյն փաստը այն է, որ այդ շարասիւնը կը գտնուէր ընդդիմադիրներու տիրապետութեան տակ եղող հատուածներու մէջ: Խօսելով Սուրիոյ  մէջ շարունակող պատերազմին մասին Ասատ ըսած է, թէ «Սուրիոյ պատերազմը կը  դադրի միայն, եթէ Սէուտական  Արաբիա, Քաթար եւ Թուրքիա դադրեցնեն օժանդակել Սուրիոյ ընդդիմադիր զինեալներուն»:  Ասատ նաեւ շեշտեց, որ Սուրիոյ համար մեծագոյն  վնասը անոր մարդկային ներուժին կորուստն է, նկատել տալով, որ «Սուրիոյ տագնապը կրնայ աւարտիլ միայն ներքին կարգաւորումով մը»: Վերջաւորութեան Պաշշար Ասատ խօսելով  ԱՄՆ-ի մէջ ըլլալիք նախագահական ընտրութեանց մասին դիտել տուաւ, որ «մենք կանխավարկածներ չունինք Ամերիկայի ընտրութեանց վերաբերել, սակայն պիտի հետեւինք ընթացքներուն եւ մեզի համար ամենակարեւորը Ամերիկայի կողմէ մարդկային իրաւունքներու յարգումի գործընթացներն ու այդ առումով  առկայ խոստումներուն իրականացումն է»: 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ