Կիրակի, Դեկտեմբեր 1, 2024

Շաբաթաթերթ

Թուրք պատգամաւորը Ապտիւլ Համիտ Սուլթանին նուիրուած միջոցառումներու կազմակերպման դէմ բողոքած է խորհրդարանէն ներս

Թուրքիոյ խորհրդարանի` «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութենէն ընտրուած պատգամաւոր Մուրաթ Պաքան բողոք ներկայացուցած է արիւնարբու սուլթան Ապտուլ Համիտի 174 ամեակին նուիրուած «Ապտուլ Համիտի շաբաթ» անուանումով միջոցառման կազմակերպան դէմ: Թրքական «Haber10.com»ի համաձայն, հոկտեմբերի առաջին շաբաթուայ համար նախատեսուած միջոցառումներու շարքը առաջացուցած է թուրք պատգամաւորի զայրոյթը, որ խորհրդարանի մէջ ելոյթի ժամանակ բարձրաձայնած է «կարմիր» սուլթանի բռնակալութեան որոշ դրսեւորումներու մասին: Ըստ Պաքանի` արիւնոտ սուլթանի պատուոյն խորհրդարանի նախաձեռնութեամբ միջոցառում կազմակերպելը անհեթեթութիւն է, հիմնական այն պատճառով, որ Ապտուլ Համիտ 1878 թուականին ցրեց Օսմանեան կայսրութեան նորաստեղծ խորհրդարանը:  

«Ապտուլ Համիտ 2-րդը 30 տարի շարունակ վախի մթնոլորտի մէջ երկիրը միանձնեայ կառավարած բռնապետ եղած է»,- յայտարարած է թուրք պատգամաւորը: Ան խօսած է նաեւ Ապտուլ Համիտի` իր հակառակորդներուն հսկելու նպատակով երկրի մէջ ստեղծած լրտեսական ցանցի, մտաւորականներու աքսորի, ձերբակալութիւններու եւ արտաքսման մասին: Ան նաեւ նկատել տուած է, որ այդ սուլթանի օրօք իրականացուած է կոշտ գրաքննութիւն, հասարակութեան զարգացման ու իրաւունքներու համար մղուած պայքարի վրայ գործադրուած են սարսափելի ճնշումներ:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ