Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Զաւէն Մսըրլեանի չորս հատորներու անգլերէն թարգմանութիւնը

Լիբանանահայ պատմաբան, մանկավարժ, Հայ Աւետարանական Քոլէճի երկարամեայ տնօրէն Զաւէն Մսըրլեանի պատմական մեծ արժէք ներկայացնող չորս գիրքեր անգլերէնի թարգմանուած են Մարալ Օ. Սարգիսեան-Գալուստեանի կողմէ եւ լոյս տեսած Պէյրութի մէջ, 2015 թուականին։ Չորս հատորներն ալ նոյն կաշեպատ կազմով, ներկայանալի, իսկ բովանդակութեամբ՝ հարուստ։

«The Evolution of the Armenian Question» («Հայկական հարցի մասին»), «Three Treaties: Alexandropol, Moscow and Kars Treaties» («Երեք դաշնագիրեր»), «Foreign Policy of the United States of America and the Armenian Question» («Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը եւ Հայկական Հարցը») եւ »Before and After the Armenian Genocide» («Հայոց Ցեղասպանութենէն առաջ եւ ետք»)։

Չորս հատորները միասին ուղիղ հազար էջ կը կազմեն։ Իրենց պատմական եւ գիտական արժէքով, այս գիրքերը արժանի են բազմահազար օրինակով վերահրատարակութեան Միացեալ Նահանգներու մէջ։

Վարձքդ կատա՛ր, պարոն Մսըրլեան եւ թարգմանչուհի։

Պիտի անդրադառնա՛նք։

 

Հրաչ Սեփեթճեան

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ