Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան հրամանագիրներ ստորագրած է նախարարներ նշանակելու մասին: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը:
Նախագահի հրամանագիրներով ՀՀ մշակոյթի նախարար նշանակուած է Արմէն Ամիրեանը, ՀՀ տնտեսութեան նախարար նշանակուած է Սուրէն Կարայեանը, ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար` Արտեմ Ասատրեանը, ՀՀ առողջապահութեան նախարար` Լեւոն Ալթունեանը, ՀՀ բնապահպանութեան նախարար` Արծուիկ Մինասեանը, ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարար` Արմէն Երիցեանը, ՀՀ արդարադատութեան նախարար` Արփինէ Յովհաննիսեանը, ՀՀ սփիւռքի նախարար` Հրանոյշ Յակոբեանը, ՀՀ տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար` Դաւիթ Լոքեանը, ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար` Լեւոն Մկրտչեանը, ՀՀ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար` Հրաչեայ Ռոստոմեանը:
Նախագահը քանի մը նախարարներ նշանակած էր Սեպտեմբեր 20-ի հրամանագիրներով: