Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է Հայ օգնութեան ֆոնտի (ՀՕՖ) պատուիրակութիւնը` Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ԱՄՆ արեւելեան թեմի առաջնորդ, Հայ օգնութեան ֆոնտի նախագահ Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանի գլխաւորութեամբ: Այս մասին կը տեղեկացնեն նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է պատուիրակութեան անդամները հայրենիքի մէջ եւ բարձր գնահատած տարիներէ ի վեր` սկսած 1988թ-էն, ՀՕՖ-ի հայրենանուէր գործունէութիւնը ինչպէս աղէտի գօտիին, այնպէս ալ Հայաստանի բազմաթիւ այլ բնակավայրերու ու Արցախի մէջ: Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է մեծ նուիրումով իրականացուած ծրագիրներու համար եւ հանդիպման մասնակիցներուն խնդրած է իր երախտագիտութիւնը փոխանցել նաեւ ֆոնտի բոլոր ներկայացուցիչներուն, գործընկերներուն ու բարերարներուն, որոնց օժանդակութեամբ իրականութիւն դարձած են կազմակերպութեան ծրագիրները:
Հանրապետութեան նախագահն առանձնայատուկ շնորհակալութիւն յայտնած է ՀՕՖ-ի նախագահ Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանին եւ վստահութիւն յայտնած, որ Սրբազանի իմաստնութիւնն ու կազմակերպչական տաղանդը դեռ երկար տարիներ պիտի ծառայեն հայ ժողովուրդին: Սերժ Սարգսեան նաեւ բարձր գնահատած է ՀՕՖ-ի օժանդակութիւնը սուրիահայերուն:
Հանդիպման ժամանակ Հանրապետութեան նախագահը բարերարներ Էդուարդ եւ Ժանէթ Մարտիկեաններուն յանձնած է ՀՀ անկախութեան 25-ամեակի առթիւ եւ հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին մէջ իրենց ներդրած նշանակալի աւանդին համար վերջերս անոնց շնորհուած պետական բարձր պարգեւները` «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» 1-ին աստիճանի մետալները, շնորհաւորած եւ շնորհակալութիւն յայտնած է երկարամեայ հայրենանուէր գործունէութեան համար:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան պատասխանած է հանդիպման մասնակիցներուն հետաքրքրող հարցերուն, որոնք վերաբերած են Հայաստանի զարգացման հեռանկարին, տնտեսական առաջնահերթութիւններուն, ներդրումների ներգրաւման եւ արտահանման խթանման ուղղութեամբ պետական քաղաքականութեան, սուրիահայերու աջակցութեան ծրագիրներուն եւ շարք մը այլ թեմաներու: