Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

Անիի աւերակներ այցելած թուրք ուսանողներուն հասած «Բարի գալուստ Հայաստան» հաղորդագրութիւնը մեծ աղմուկ բարձրացուցած է

Այժմեան Թուրքիոյ Կարս նահանգին մէջ մտնող պատմական հայկական Անի քաղաք այցելած թուրք ուսանողները՝ Անիի յայտնի աւերակներու տարածքին գտնուած միջոցին՝ միջազգային GSM թուային բջիջայինի չափանիշերով ստացած են «Բարի գալուստ Հայաստան» հաղորդագրութիւնը, որ մեծ աղմուկ բարձրացուցած է անոնց դասախօսներուն մէջ: Այս մասին, ըստ Tert.am-ի, ահազանգած է Էրզրումի Աթաթուրքի անուան համալսարանի գրականութեան եւ պատմութեան բաժանմունքի դասախօս, «Ցեղասպանութեան չհիմնաւորուած մեղադրանքներու դէմ պայքար»ի միութեան նախագահ Սաւաշ Էյիլմէզը։

«Այսինքն` այս GSM-ը պատմական Անի քաղաքը ներառած է Հայաստանի սահմաններուն մէջ եւ, այդպիսով, իրականացուցած է հայերուն երազանքը: Մինչ մենք տարիներ շարունակ՝ մեր ամբողջ ներուժով՝ կը պայքարինք, որպէսզի պատմենք աշխարհին, թէ ինչ անարդարութեան կ’ենթարկուինք Հայկական խնդրի հարցով: Մեր իսկ երկրին մէջ նման իրավիճակի հանդիպիլը մեզ շատ տխրեցուցած եւ զարմացուցած է: Էրզրումի փաստաբաններու գրասենեակին հետ կը տանինք համապատասխան պատրաստութիւններ, մեր բողոքը պիտի ներկայացնենք դատախազութիւն»,- ըստ թրքական «Միլլիյեթ» թերթին, ըսած է Էյիլմէզ:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ