Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Միացեալ Նահանգներու Պետական Պահեստը. Յակոբ Մարտիրոսեան

Էական իրողութիւն է, թէ Միացեալ Նահանգներու պետական պահեստը որևէ պետական կառոյցի հետ առնչութիւն չունի, և շատեր տեղեակ չեն անկէ: Ան սեփականութիւնն է երեք ընտանիքներու՝ Ռոտսչայլտ, Ռաքըֆէլլըր և Մորկըն (Rothschild, Rockefeller, Morgan): Ան երկրին օրէնքներէն զերծ և  հարկազրծուած հաստատութիւն մըն է: «Պետական Պահեստ» կոչուած այս հաստատութիւնը Միացեալ Նահանգներու պետութեան կը մատակարարէ տոլարի դրամանիշեր (տպելով), որոնցմէ կ՚օգտուի ան տոկոսային դրումով: Եթէ Միացեալ Նահանգներու պետութիւնը փորձէ երկրին պարտքը չէզոքացնել,  սկիզբէն անպարտ սկսելու համար, աւելի դժուարին կացութեան պիտի մատնուի այն վայրկեանին՝ երբ կարիքը ունենայ նոր դրամանիշեր տպելու:

Այլ իրողութեամբ մը. կարգ մը մարդիկ տակաւին անտեղեակ են նաև թէ՝ IRS-ը (ներքին եկամտային ծառայութիւնը), որ ահ ու սարսափի մատնած է Միացեալ նահանգներու բնակիչները, զարմանալիօրէն՝ առանց ուժի գործադրութեան,  իրականութեան մէջ՝ օտարական գործակալութիւն մըն է: Ան անհատական օտար դասակցութիւն կամ միութիւն (corporation) մըն է միջազգային դրամատիրական միութեան հետեւող և պետական պահեստին անձնական բանակն է, պետութեան կարիքները հոգալէ առաջ, պետութեան իսկ խողովակով իրենց շահերը ապահովելու համար: Վերոյիշեալ ընտանիքները իրենց հարստութիւնը կը պահեն այնպիսի թաքուն միջոցներով, որպէսզի չյայտնուին աշխարհի և անոր հարուստներու ցանկին վրայ: Օրինակ՝ Rothschild ընտանիքին հարստութիւնը կը գնահատուի 500 եռիլիոն տոլար, և տակաւին հանրային երևոյթներէն կը մնան անյայտ: Անոնք մինչև այսօր կը տիրեն կամ կ՚իշխեն աշխարհի վրայ աւելի քան 800 դրամատուներու, աւելի և աւելի մխրճելով իրենց հեղինակութիւնը աշխարհի դրամական ասպարէզին մէջ: Դժբախտաբար, Հայաստանի և Լիբանանի պետական դրամատուները ևս մաս կը կազմեն այս համաձայնութեան: Զարմանալիօրէն՝ Սուրիան չկայ այդ ցանկին վրայ, բայց արդէն կը տեսնենք Սուրիոյ գլխուն եկած պատահարը, երբ այս անհանգիստ օրերուն, նոյն ընտանիքները գաղտնօրէն, աննուղղակի նաւթի արտահանումներ կ՚իրագործեն Սուրիայէն:

Նախագահ Անտրու Ճէքսըն իր օրերուն զիրենք կոչած էր «իժերու տուն», նախազգալով անոնց պատճառելիք ապագայի պատուհասները:

Աշխարհի հզօրագոյն դրամատուներուն՝ The World Bank-ի և IMF-ի մէջ նոյնիսկ ձեռնամուխ է Rothschild ընտանիքը, որոնք փոխառման գումարներ կ՚առաջարկեն նորելուկ կամ զարգացող երկիրներուն համար, փոխան բարձր տոկոսներու, քաջ իմանալով անոնց հետեւանքը (Յունաստան, Հայաստան, Փորթուկալ, ևայլն): Անոնց միակ նպատակն է ձեռք ձգել այդ երկիրներուն եկամտային աղբիւրներն ու տիրակալութիւնը: Շահարկումի ճամբուն վրայ, մարդկային որևէ արժէք չգոյ է իրենց համար, որքան ալ ցաւ կամ կորուստ պատճառած ըլլան ժողովուրդներուն: Ցնցիչ է իմանալ, թէ Միացեալ Նահանգները կը կառավարուի այսպիսի մարդկանց ազդեցութեան տակ: Աւելի ցնցիչ է իմանալ, թէ ինչ ըսած է դրամատէր Նէյթըն Մայըր Ռոտսչայլտը, այդ ընտանիքին նախահայրն ու հիմնադիրը (գերմանական ծագումով), 1700-ական թուականներու վերջաւորութեան: «Զիս չի հետաքրքրեր ո՞ր պաճուճապատանքը (puppet) կը դրուի Անգլիոյ գահին վրայ, ղեկավարելու համար այդ կայսրութիւնը, որուն վրայ արևը մայր չի մտներ: Այն անձը, որ կ՚իշխէ Անգլիոյ դրամական հոսքին վրայ, ան է որ կ՚իշխէ Բրիտանական կայսրութեան վրայ, և ես եմ որ կ՚իշխեմ և կը հսկեմ Բրիտանական կայսրութեան դրամական հոսքին վրայ»:

Հակառակ անոր, որ կարգ մը մարդիկ կը զրպարտեն կամ կը դատապարտեն այսպիսի մարդիկ իրենց շահարկութիւններուն համար, կեանքի իրողութիւնը սակայն ոչ մէկ փոփոխութիւն կը կրէ մինչև այսօր:

Չարաշահութիւնները, անգութ և անխիղճ մարդիկ, այս ընտանիքներուն և աշխարհի միւս 30 ընտանիքներուն նման, պէտք է միայն մեզի նման ժողովուրդներու զարգացման և բարելաւման նպատակներուն ծառայեն:

Ջանանք զգօն մնալ և ուշադիր, չիյնալու համար անոնց շահարկման թակարդը:

 

Յակոբ Մարտիրոսեան

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ