Սեպտեմբեր 5, 2016 թուականին, վաղ առաւօտեան Սբ. Էջմիածնէն կ’ուղեւորուինք Արցախ աշխարհ, երկար տարիներու չիրականացուած երազը առաջին անգամ կեանքի կոչելով: Թէ ինչո՞ւ այսքան ուշացում դէպի Արցախ ուխտագնացութիւնը իրականացնելու համար այդ խորքին մէջ ինծի համար յստակ չէ: Երեւի Աստուծոյ նախախնամութիւնը այս էր:
Ամբողջ ճանապարհին Սբ. Էջմիածնէն-Արարատ, Եղեգնաձորէն Սիսիան ու Գորիս, դեռեւս պատկերացումը չունէի թէ ի՞նչ կը սպասէր ինծի ու ուղեկից իմ հոգեւոր եղբայրներուն: Կ’իրականացնէինք Վեհափառի նախաձեռնութիւնը՝ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Ժողովր գումարել Արցախի մէջ: Եւ առաջին անգամն ըլլալով աւանդութիւնը կը խախտէր Գերագոյնի ժողովը գումարելու Սբ. Էջմիածնէն դուրս:
Արդէն մուտք կը գործենք Արցախ աշխարհ: Ամէն ինչ կը փոխուի եւ մեր տեսադաշտին ու հոգեմտաւոր մեր էութիւնը կը խորասուզուի անցնող քսանեւհինգ տարիներու յիշողութեանց շարքերուն մէջ եւ այնտեղէն դուրս կը սկսինք պեղել հազարումէկ պատկերներ, Շուշիի հերոսամարտը, հազարներով քաջամարտիկ հայ զինուորներու նահատակութիւնը եւ այն քաջ համոզումը, որ ուխտագնացութեան ուղին պիտի անցնէր այն ճանապարհներէն, որոնք նուիրականացած էին մեր հերոսներու արեան գնով:
Չորս օրերու Արցախ ուխտագնացութեան ընթացքը իմ հոգու մէջ կը ներարկէ ներքին այնպիսի ապրումներ, որոնք դժուար թէ կարողանամ բառերու մէջ սեղմել, որպէսզի ընթերցողին հաղորդ դարձնեմ այդ բոլորին: Այս ընթացքին մեզ կը հիւրընկալեն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Նախագահն ու Թեմի Առաջնորդը: Նախագահ Բակօ Սահակեանի անձը իր ողջ էութեամբ մաքրութիւն կը հաղորդէր: Զինք անձնապէս եւ մօտիկէն ճանչցած ըլլալով այս անգամ փորձառութիւնս այլ էր: Ականատես կը դառնայինք այն ճշմարտութեան, որ ինք կ’առանձնանար բոլորէն այն իւրովի առանձնայատկութեամբ, որ ժողովուրդի ամբողջական սէրն ու համակրանքը կը վայելէր: Իր առօրեան ժողովուրդին հետ էր: Ազատ ու անկաշկանդ կը քայլէր Ստեփանակերտի մաքուր փողոցներով եւ արժէր տեսնել ժողովուրդի մեծարումը իրեն նկատմամբ: Իր հերթին, նոյնպիսի սէր ու յարգանք կը վայելէր նաեւ Պարգեւ Սրբազանը, որուն էութիւնը արդէն նոյնացած է Արցախի հետ: Երբեւէ չէի տեսած զինք այնքան խանդավառ ինչքան այս օրերուն:
Երեքշաբթի, 6 Սեպտեմբերին, մեր հերթական ժողովի աւարտին, կ’այցելենք զինուորական գլխաւոր զօրամասերէն մէկը: Հսկայական դաշտին վրայ տարածուած հազարէ աւելի զինուորներու ներկայութիւնը խորապէս կ’ալեկոծէր ամբողջ էութիւնս: Բնական է. ուրախութիւնս անսահման էր: Բայց ներքին լուռ ցաւեր կը տառապեցնէին հոգիս, երբ կը վերյիշէի հեռաւոր ու մօտաւոր անցեալի մեր նահատակներու պատարագումը, որոնց հոգիները անտարակոյս այս պահուն կը սաւառնին հայոց երկնակամարին վրայ: Հայոց Հայրապետը իր պատգամը կը յղէ բոլորին ու այնուհետեւ մուտք կը գործենք իրենց շարքերէն ներս: Չեմ համարձակիր թուղթին յանձնելու պատկերները, որոնք ամրագրուեցան իմ հոգու վրայ: Հանդիպման աւարտին, դէպի ինքնաշարժ վերադարձին, զօրակայանի պատին կը կարդամ հետեւեալ ուղերձը. «Եթէ մենք կորցնենք Արցախը, կը շրջենք Հայոց Պատմութեան վերջին էջը»: Այս պատգամը ինքնին կը խօսի թէ ինչպիսի վճռորոշ պահի մը առաջ է կանգնած Հայոց Հայրենիքն ու մեր ազգը…:
Չորեքշաբթի, 7 Սեպտեմբերին, մեր ժողովական կեանքի աւարտին կ’այցելենք Գանձասարի վանք: Հրաշագեղ բնութեան սրտին վրայ կանգնած վանքը յիրաւի կը խորհրդանշէր հայուն աննկուն կամքն ու հաւատքի տարողութիւնը: Ես ինձ հարց կու տամ, թէ ժամանակներու ընթացքին, մերթ ընդ մերթ ինչպէս է զրկուած հայը իր աղօթքը կատարելու Գանձասարի խնկաբոյր այս կամարներուն ներքոյ: Այս զգացումը կ’ունենայի, որ ուխտաւոր հոգեւորականներու ներկայութեան կը շնչէր Գանձասարը ու անոր սրբատաշ եւ միւռոնաբոյր պատերուն մէջէն կը լսուէին աղօթքը մեր հայրերուն: Գանձասար մեր ուխտի այցելութեան մեզի կը միանան նաեւ շրջանի հաւատաացեալները մեծով ու փոքրով: Փոքրիկները իրենց քաղցրահունչ երգերով աղօթքի հրաւէր ու կոչ կը դառնային մեզի համար: Մեզի կը միանան նաեւ երիտասարդ զինուորները, որոնք մէկ առ մէկ մոմեր կը վառէին, որոնց լոյսին մէջ ես կը կարդայի իրենց կարօտը օջախին հանդէպ եւ ուխտը՝ Հայրենիքի ծառայութեան:
Հինգշաբթի, 8 Սեպտեմբերին, մեր ժողովը կ’եզրափակենք Շուշիի Ղազանչեցոց Սբ. Ամենափրկիչ վանք այցելութեամբ ու Նախագահին կողմէ տրուած ողջերթի ընթրիքով: Շուշիի մէջ Վեհափառին գլխաւորութեամբ կը կատարենք մաղթանք Հանրապետական: Նախագահ եւ ժողովուրդ համախմբուած Մայր Եկեղեցւոյ գմբէթին տակ հաւատքի սրբութիւնը կը վերցնէին իրենց հոգիներուն մէջ: Մոմերու լոյսին տակ հոգիներէն արտաբերուած աղօթքները կ’ամրապնդէին բոլորս: Ի՞նչ էր որ կը կատարուէր այնտեղ: Աստուծոյ աչքին տակ ժողովուրդի մը զաւակներուն իրական կեանքի պատկերն էր այդ, որ ամէն վայրկեան ահ ու սարսափի մէջ կ’ուզէր ապահովել իր երկրի անդորրը, ապրելու համար ազատ:
Նոյն օրը, ցերեկին, Վեհափառին գլխաւորութեամբ կ’այցելենք սահմանագծին ծառայող զինուորներուն, որոնք իրենց քաջարի կեցուածքով կ’ապահովէին իրենց ժողովուրդին խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը: Մի քանի ժամերու տեւողութեամբ կը ծանօթանանք մեր հրաշք երիտասարդներուն, որոնցմէ ամէն մէկուն կեանքը աղօթք է մեզի համար: Պատահաբար իմ ուշադրութիւնը կը գրաւէ երիտասարդ զինուորներուն կացարաններէն մէկուն ճակատին գրուած հետեւեալ աղօթքը. «Իմ հոգին ունի զոյգ յենարան. Աստուած եւ Հայրենիք»: Յուզումս կը զսպեմ, բայց ի զուր կ’անցնին փորձերս: Հոգիս կ’ապրի իր նոր ծնունդը: Ո՞վ է այն հայ քրիստոնեան, հայ հոգեւորականն ու մտաւորականը եւ իւրաքանչիւրս անխտիր, որ կրնայ անտարբեր մնալ այն պատկերին առջեւ, երբ ջահէլ երիտասարդները իրենց կեանքը վտանգի են ենթարկած Աստուծոյ սիրով եւ յանուն Հայրենիքի: Բոլորիս համար զգաստացնող էր հանդիպումը սահմանագծին ծառայող երիտասարդ զինուորներուն հետ: Մենք քաջ պիտի գիտակցինք, որ մեր երիտասարդ զինուորները իրենց կեանքի գնով ծառայութիւն կը մատուցեն: Ի՞նչ կը մնայ մեզի եթէ ոչ ծառայել հայ զինուորին ու հաւատալ անոր Մեծ երազին՝ վաղուան Հայրենիքին:
Վարդանանք եւ Ղեւոնդ Երէցներ կ’ապրին նաեւ մեր օրերուն: Եթէ խաղաղ ու ապահով է մեր Հայրենիքը, ապա այդ կը պարտինք հայ զինուորին: Ես կը խոնարհիմ հայ զինուորին ծառայութեան առջեւ եւ փառք կու տամ Աստուծոյ, որ մեր կեանքը կ’օրհնէ Աստուծոյ սիրովն ու հաւատքը գործնապէս ապրող հայ զինուորին կեանքով:
Արցախ իմ առաջին ուխտի այցելութեամբ, բազում յոյզերով լեցուն է հոգիս: Պարբերաբար թուղթին պիտի յանձնեմ յուշեր, որոնք իմ հոգու պատկերին ու ներաշխարհին երազն են այսուհետեւ: Հայ հոգեւորականին համար այսօրինակ փորձառութիւն մը զգաստութեան հրաւիրող հոգեւոր ուժականութիւն մը ունի իր մէջ, որպէսզի լիարժէք կերպով մեր մէջ կրողն ըլլանք Աստուծոյ սիրոյն եւ մեր կեանքը նուիրենք մեր ժողովուրդին: Հայ հոգեւորականին կեանքը կ’արժեւորուի, երբ իւրաքանչիւրս գէթ մէկ զինուորի պատարագեալ կեանքի համահունչ ծառայութիւն մատուցենք:
Այսօր, աւելիով կը զգամ, թէ մեր մեծերը, որոնց շարքին են Խրիմեաններ, Սուրէնեանցներ, Յովսէփեանցներ. Վազգէն Ա. Կաթողիկոս, ինչպիսի խոր հաւատքով ու տեսիլքով ապրեցան Աստուածատուր իրենց կեանքը: Մինչ այսօր կը խօսին անոնք մեզի, պատմութեան ձայնն ու պատգամն են անոնք այսօր եւ յաւիտեան: Այնքան ժամանակ անհաղորդ կը մնանք իրենց հոգիէն բխած պատգամներուն, ապա այնքան ատեն կը մնանք հոգիով աղքատ ու բոպիկ:
Ժամանակի հրամայականն է, որ ամէն հայ իր տան սեմին արձանագրէ սա խօսքը, որովհետեւ արտաշխարհի մէջ հայ օջախն ալ սահմանագիծն է ուրիշ իմաստով. «Իմ հոգին ունի զոյգ յենարան. Աստուած եւ Հայրենիք»:
ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
10 Սեպտեմբեր 2016
Լոս Անճելըս վերադարձի ճանապարհին