«Արաս» հրատարակչատունը ներկայիս գրասէր հասարակութեան տրամադրութեան տակ դրած է եզակի գործ մը, որ կը դասուի հայկական գրականութեան ամենայատկանշական երկերու շարքին։ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի աջակցութեամբ լոյս տեսած է Շահան Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի» վէպին թրքերէն թարգմանութիւնը։ Սա իր ստեղծագործուած ժամանակա-շըրջանին արդէն սփիւռքեան դարձած գրականութեան կոթողային գործերէն մին է եւ այս առումով «Արաս»ի կողմէ ցարդ լոյս ընծայուած գիրքերու շարքին վստահաբար կրնայ առանձնանալ։ Մարալ Աքթոքմաքեանի եւ Արթուն Կէպէնլիօղլուի կողմէ թրքերէնի թարգմանուած գործը խմբագրած է Ռոպէր Քոփթաշ։ Կողքի ձեւաւորումը կատարուած է Արէտ Կըճըրի կողմէ։ Կողքին վրայ օգտագոր-ծըւած է պատմական լուսանկար մը, Փարիզի մէջ նկարահանուած է 10 Յուլիս 1926 թուականին։ Լուսանկարը կը ցոլացնէ դրուագ մը՝ Փարիզի «Ֆլորիտա» ճաշարանի երդիքին տակ կազմակերպուած Ակնայ հայոց հայրենակցական միութեան երեկոյթէն։
Սփիւռքահայ գրականութեան այս շատ կարեւոր գործին կցուած է նաեւ մատենագիտութեան բաժին մը։
Հարկ է նշել, որ Շահան Շահնուրի (1903-1974) այս գործը նախ 1929 թուականին որպէս թերթօն հրատարակուած է Փարիզի այդ շրջանի «Յառաջ» օրաթերթին մէջ եւ որպէս գիրք նոյն տարին ալ տեղի ունեցած է առաջին տպագրութիւնը։
Նիւթի աղբիւր՝ «Ժամանակ»