Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Իսրայէլ «Մաւի Մարմարա»ի հարցով 20 միլիոն տոլար պիտի վճարէ Թուրքիոյ

Իսրայէլ համաձայներ է Թուրքիոյ 20 միլիոն տոլար փոխհատուցում վճարել: Այս մասին կը հաղորդէ թուրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը, նշելով, որ այդ գումարը որպէս փոխհատուցում պիտի յատկացուի Կազայի հատուածի ափերուն հակամարտութեան ժամանակ 2010-ին զոհուած 9 մարդու հարազատներուն:

Իսրայէլցի նաւաստիները այն ժամանակ ուժով կանգնեցուցած էին, թուրքական՝ պաղեստինցիներուն մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող «Մաւի Մարմարա» նաւը: Դիմակայութեան հետեւանքով  թուրքական նաւի 9 ուղեւոր զոհուեր էին, 30-ը` վիրաւորուեր: Տուժած էին նաեւ 10 իսրայէլցի զինուորներ:

Բացի այդ կը նշուի, որ Թէլ-Աւիւը թոյլատրած է թուրքական մարդասիրական կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը Կազայի տարածքին: Համաձայնագիրը արժանացած է նաեւ թուրքիոյ խորհրդարանի հաւանութեան:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ