ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան աջակցութեամբ, Ստեփանակերտի Վերածնունդ հրապարակին մէջ կայացած է «Գութան» ազգագրական երգի-պարի փառատօն, որ հիմնադրած է «Մրրօ» հայ ազգային երգարուեստի կեդրոնը, ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ (արթիսթ) Արսէն Գրիգորեանի գլխաւորութեամբ՝ նպատակ ունենալով մոռացութենէ փրկել եւ նոր կեանք տալ հայկական ազգային մշակոյթին, աւանդական երգ ու պարին եւ մեր հոգեւոր արժէքներուն:
Ինչպէս կը յայտնեն ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութենէն, փառատօնի մեկնարկը տրուած է ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեանի ողջոյնի խօսքով:
Հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման զարգացման եւ Արցախի մշակութային կեանքին մէջ նշանակալի աւանդին համար «Գութան» աւանդական երգի-պարի փառատօնի հիմնադիր Արսէն Գրիգորեանը պարգեւատրուած է ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան պատուոգիրով, Արցախի մէջ փառատօնի ծրագիրը ֆինանսաւորելու համար «Գագիկ Ծառուկեան» բարեգործական հիմնադրամը՝ շնորհակալագիրով: Շնորհակալագրեր հանձնուած են նաեւ բոլոր մասանակից համոյթներուն:
Ելոյթ ունեցած են «Ակունք», «Կարին», «Սասնայ Ծռեր», «Վերադարձ», «Մենք ենք մեր սարերը», «Տարոնցիներ», «Մասունք», «Տաւրոս», «Նուբար» երգի-պարի համոյթները՝ ներկայացնելով Հայաստանի ու Արցախի տարբեր շրջաններու երգն ու պարը, թատերականացուած ծիսական դրուագներ, ցուցադրուած են հայ երգի ու պարի երախտաւորներու գործունէութեան նուիրուած կարճ ֆիլմեր:
«Գութան» ազգագրական երգի-պարի փառատօնը կ’իրականացուի 2014-էն ի վեր: Արցախի մէջ փառատօնը առաջին անգամ կը հիւրընկալուի: