Պոլսահայ երգչուհի Սիպիլ Հայաստանի «Տը Պիյութիֆայտ Փրոժէքթ» խումբին հետ Հոլանտայի Հանկէլօ քաղաքի լաւագոյն համերգասրահներէն մէկուն՝ «Ռապօթէաթըր»ի մէջ,1 հոկտեմբերին համերգ մը ունեցած է: Համերգը կազմակերպուած է Հոլանտայի Ալմէլոյի Հայ Առաքելական եկեղեցուոյ Մշակութային կոմիտէի նախաձեռնութեամբ:
Սրահը ամբողջութեամբ լեցուն եղած է: Հոլանտայի հայ համայնքէն, նաեւ Գերմանիայէն, Պելճիքայէն ու Ֆրանսայէն հայեր եկած էին համերգի համար: Ֆրանսայէն յատուկ համերգին համար ժամանած էր նաեւ Առաջնորդ Վահան Սրբազանը:
Համերգի ընթացքին Սիպիլ եւ «Տը Պիյութիֆայտ փրոժէքթ» խումբի անդամները երգած են միասին եւ անջատաբար: Համերգին երեք երգով որպէս հիւր մասնացած է նաեւ տեղւոյն ծանօթ երգիչ Արիստակէս Եսայեան: