Կիրակի, Դեկտեմբեր 1, 2024

Շաբաթաթերթ

Ե՞րբ պիտի մասնակցի սփիւռքը Հայաստանի սպասուած բարեփոխումներուն. Սագօ Արեան

Հայաստանի մէջ կը շարունակուին նոր վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կատարած յայտարարութիւններուն մասին քննարկումնները: Բացայայտ է նաեւ, որ ներիշխանական շրջանակներուն մէջ ալ անընդունելի կը սեպուին վարչապետին բերնէն ելած խօսքերը:

Կարապետեան կը խօսի, ոչ միայն անյապաղ սրբագրութիւններ կատարելու մասին, այլ առանց անուններ տալու «փոքր եւ ամօթալի» գողութիւններ կը համարէ երկրի կարգ մը գերատեսչութիւններուն մէջ առկայ բացթողումները: Այս բոլորին լոյսին տակ բաւական ազդեցիկ քայլով մը առնուազն երկու նախարարներ չեղեալ կը համարեն իրենց նախատեսուած ճամբորդութիւնները եւ կը յարմարին նոր իրավիճակին հետ:

Յստակ է նաեւ, որ կառավարութեան բոլոր շերտերուն եւ բարձրագոյն օղակներուն մօտ բաւական սպասողական իրադրութիւն կը տիրէր մինչեւ կառավարութեան կազմին վերջնական պատկեր ստանալը:

Այս բոլորին մէջ ամէնէն ուշագրաւ կէտը դաշնակցական նախարարներու հետ կապուած եղելութիւնն է: Այսպէս երկրի ելեւմուտքի նախարար Արծուիկ Մինասեան, որուն մասին վարչապետ Կարապետեան անսպասելի եւ քիչ մը յանդիմանական ոճով խօսք մը հնչեցուցած էր կառավարական առաջին նիստերէն մէկուն ատեն դադրելով իր պաշտօնէն կը դառնար բնապահպանութեան նախարար: Մինչ միւս երկու նախարարները պահեցին իրենց պաշտօնները, Հայաստանի համար կարեւորագոյն «փոսթ»երէն մին համարուող ելեւմուտքի նախարարութիւնը «կ’առնուէր» Դաշնակցութենէն:

Եղածը, անշուշտ ՀՀԿ-ՀՅԴ յարաբերութիւններուն մէջ ցնցում յառաջացնելու ներուժը ունէր, բայց ՀՅԴ արագօրէն կը կողմնորոշուէր ու Աղուան Վարդանեանի բերնով կը յայտարարէր, թէ «եթէ գործ ունինք ընելիք, գործ պէտք է ընենք, հետեւաբար`այդ համաձայնագիրէն հրաժարելու տրամաբանութիւն չկայ»:

Հայաստանի վարչապետին Դաշնակցութեան ուղղուած «պատգամ»ը անմեղ պատգամ մը չէր: Աւելին, նախքան խորհրդարանական ընտրութիւններու ընդհանուր տեսադաշտին պարզուիլը, նոյնինքն ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան «կը շօշափէր» Դաշնակցութեան բազկերակը եւ կ’ուզէր հասկնալ, թէ 3 նախարար ունեցող Դաշնակցութեան քաղաքական կամքը, ինչքանով կրնայ դիմանալ հաւանական «ճնշումներուն»:

Ամէն պարագայի, այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ ու հակառակ ցարդ պահպանուած զգուշաւոր լռութեան շատ հաւանական է նաեւ, որ Կարէն Կարապետեանի յառաջիկայ օրերուն ձեռնարկելիք քայլերը, որոշ անհանգստութիւն պիտի պատճառեն իշխող Հանրապետական կուսակցութեան շարքերէն ներս. բան մը, որուն կ’անդրադառնար ՀՀԿ խօսնակ Էտուարտ Շարմազանով, ըսելով, որ կուսակցութենէն ներս դժգոհներ չկան ու Հայաստանի մէջ պատահածները, ոչ թէ «սեպտեմբերեան յեղափոխութիւն» է, այլ՝ բարենորոգչական հանգրուանի մը սկիզբը: ՀՀԿ պատասխանատուն բաւական հատու ոճով մը դիտել տուած է, որ այս կառավարութեան, ինչպէս նաեւ անցեալ բոլոր կառավարութիւններուն քաղաքական պատասխանատուութիւնը իրենց՝ «Հանրապետականներուն» ուսին է:

Այլ գետնի վրայ եւ փորձելով Հայաստանի մէջ եղած քաղաքական զարգացումները փոխառընչել սփիւռքի մէջ կատարուող քայլերուն հետ պէտք է նշմարել, որ դերասան Արսինէ Խանճեանի յանձն առած նախաձեռնութիւնը նոր որակ մը կրնայ բերել Հայաստան- սփիւռք բաւական խճճուած ու անորոշ ընթացք մը ունեցող կապերուն: Պայմանաւ, որ այդ նախաձեռնութիւնը յենուի եւ իր ամբողջ իրական ներուժը դնէ Հայաստանի մէջ իրական, անկեղծ եւ բարերար բարեփոխումներու ընթացք մը տալու համար:

Հայաստանը դրախտ չէ: Հայաստանը ունի բազում խնդիրներ ու շատ կեղծ պիտի հնչեն բոլոր այն պահանջները, որոնք մեր երկրին հիմնական պէտքերուն մասին խօսելէն բացի կը խօսի «դրախտային», ժողովրդավարական, մարդկային ազատութիւններու «օրրան» եղող երկիր մը կերտելու անիրական պահանջներու մասին: Պահանջներու նշաձողն է կարեւորը այս պարագային: Ու ամէն բանէ անկախ հիմնականը տրամաբանական քայլերու եւ վարկածներու առաջ քաշուիլն է:

Լաւ է երազելը: Լաւ է հաւատք ունենալ, որ օր մը Հայաստանն ալ առանց կաշառքի ընտրութիւններ իրականացնելու առողջ վիճակը պիտի ունենայ ու լաւ է մանաւանդ յիշեցնել, որ նոյն կրօնով, նոյն լեզուով եւ նոյն ցեղային պատկանելիութեամբ ապրող Հայաստանի հաւաքականութիւնն ալ պիտի ապրի արդարին, վսեմին, գեղեցիկին ու բարձրին համար: Բայց այսօր այդպէս չէ: Աւելին, շատ բնական ու սպասելի է, որ այդպէս չէ:

Ուրեմն սփիւռքի մէջ Հայաստանի մէջ սոսկ ազատութիւններու, մարդկային իրաւանց հարցերու, խղճի եւ սեռային ազատ կողմնորոշման մասին խօսիլը նոյնքան անհեթեթ կրնայ դառնալ, որքան 25 տարուան մէջ ժողովրդավարական կանոններու չմօտենալու մեր երկրին փորձութիւնը:

Երկիր մը կառուցելու համար դրախտային դեղատոմսերը, լուտանքը եւ մուրը բաւարար գործօններ չեն: Մեր երկիրը պէտք ունի իրական եւ հասանելի շաղախի, որմով պիտի սկսինք միասին կառուցել Հայաստանի ամէնէն լքուած շէները եւ լոյս բերել մեր ամէնէն աւելի մութ աւաններուն:

Տարբեր առիթներով խօսուած է սփիւռքի որոշ գործիչներու կամ ընտրանիի մը Հայաստանի կառավարման համակարգին մէջ տեղ տալու գաղափարին մասին: Սակայն այդ գաղափարը մնացած է միայն փակ պահարաններու եւ փակ ծրարներու մէջ:

Ինչէ՞ն կը վախնայ սփիւռքը, այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ ըսելու, որ ինք ալ որպէս այս երկրի ու այս ազգի հաւատարիմ «տէր ու ծառայ» կ’ուզէ մասնակից դառնալ տարուող գործընթացներուն: Մասնակից ըլլալ, ոչ միայն դրամով ու արժեթուղթերով կամ նոր բնակարաններու բանալիներով, այլ իրողապէս եւ նոյնիսկ կառավարական «փորթֆէյլ»ներ վերցնելով:

Արդեօք ժամանակը չէ՞ այդ փոփոխութեան: Արդեօք ժամանակը չէ՞ հասած, որ սփիւռքահայ, ոչ անպայման կուսակցական պատասխանատուներ օգտակար դեր ստանձնեն Հայաստանի մէջ:

Ինչ որ տուաւ սփիւռքը՝ Հայաստանին անգնահատելի է: Այս մասին գիտեն բոլորը, աւելին ՝ այս մասին գիտէ ամէնէն համեստ ու պարզ հայաստանցին: Բացի անկէ, սփիւռքի գործունեայ, անկեղծ եւ դրական «տինամիքա» ստեղծող տարբեր մակարդակի անձնաւորութիւններ ու գործիչներ աշխատանք տարին միայն այն հիմնարկներուն մէջ, որոնք ինքնին սփիւռքածին էին, կամ ալ մէկ շառաւիղը միջազգային ընտանիքին պատկանող կառոյցներու:

Բայց գործնականին մէջ ու յատկապէս վերջին տարիներուն տեսանելի չեղաւ, գուցէ մէկ սփիւռքահայ գործիչ, որ որպէս պաշտօնեայ բարձրանար ՀՀ կառոյցներու սանդուխներէն վեր:

Ամէն պարագայի, այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ յստակ է, որ Հայաստան երկիրը մտած է բարեփոխումներու նոր ժամանակ մը, որուն յաջողութեան համար պարտաւոր են աշխատիլ հայութեան տարբեր հեռու եւ մօտիկ գտնուող մարմինները:

Թէ ինչքանով կը յաջողի Հայաստանի նոր վարչապետը, իրեն վստահուած այս խիստ կարեւոր անյետաձգելի առաքելութեան մէջ, տակաւին յստակ չէ, սակայն շատ վառ գոյներով սկսած է երեւելի դառնալ, որ Հայաստանի հանրութեան կարեւորագոյն հատուածը դրական շարժ կը տեսնէ եղածներուն մէջ ու աւելին կը սպասէ, որ բարեփոխութիւնները դուրս գան տօնական ճառերու բովանդակութենէն ու դառնան կեանք եւ իրականութիւն:

 

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ