Ատանայի Ազգագրական թանգարանը հիմնուած է 1924-ին, Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր՝ Մուսթաֆա Քէմալ Աթաթիւրքի կողմէ: Այդ օրերուն թանգարանի ճակատին գրուած էր՝ «Ատանայի Թանգարան»: 1983-էն սկսեալ այս թանգարանը շարունակեց գործել որպէս «Ատանայի Ազգագրական Թանգարան» անունով: Իսկ 2013-ին թանգարանը փակուեցաւ վերանորոգութեան պատճառաբանութեամբ: 2015-ին Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան նախարարութեան կողմէ թանգարանին վրայ կախուեցաւ «Ատանայի Քուրուքէօփրիւ Եկեղեցւոյ Յուշարձան թանգարան եւ Աւանդական Ատանայի Տուն» վերտառութիւնը:
Այս վերտառութիւնը նկատելի դարձաւ Մէ-Հէ-Փէ փոխ-նախագահ Ատանայի երեսփոխան Փրոֆ. Տօքթ. Մէվլիւտ Գարագայայի կողմէ, որ զայրոյթ արտայայտեց այս վերտառութեան մէջ տեղ գտած «եկեղեցի» բառին համար եւ այս նիւթը խորհրդարան փոխադրեց: Գարագայա իր նամակին մէջ հարց տուաւ. «Ո՞վ է որ շահ կ’ակնկալէ պատմական այս շէնքը եկեղեցիի փոխակերպել ուզելով»:
Հանրայի կարծիքն ալ փոթորկեցաւ, երբ լսելի դարձաւ որ անուան փոփոխութիւնը կատարուած է 5 Յունուար 2016-ին, որ Ատանացիներու կողմէ կ’ընդունուի որպէս «Ազատութեան օր»: Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը այս փոթորկումներէն ետք 23 Օգոստոս 2016 թուական եւ 153892 թիւ հրամանագրով թանգարնին անունը սապէս սրբագրեց.« Ատանայի Քուրուքէօփրիւ Յուշարձան թանգարան եւ Աւանդական Ատանայի Տուն»: Գարագայա այս զարգացումէ ետք ըսաւ. «Ուշ է թէեւ, բայց սխալ մը սրբագրուած եղաւ: Ատանացիներու անունով Զբօսաշրջութեան նախարար Նապի Ավճըի շնորհակալութիւն կը յայտնեմ: Սխալը սրբագրել, սխալը ընդունիլ առաքինութիւն մըն է: Մաղթենք որ միեւնոյն սխալը չգործուի»: