Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2024

Շաբաթաթերթ

Սելինա Տողան ԱՄՆ-Ի մէջ պարգեւատրուեցաւ Հայ Կա­նանց Մի­ջազ­գա­յին Ըն­կե­րակ­ցու­թեան կողմէ

Թուրքիոյ խորգրդարանի ե­րես­փո­խան Սե­լի­նա Տո­ղան Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ պար­գե­ւատ­րուե­ցաւ Հայ կա­նանց մի­ջազ­գա­յին ըն­կե­րակ­ցու­թեան (AIWA) կող­մէ։ Սե­լի­նա Տո­ղան, որ Պոս­թո­նի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ AIWA-ի ե­ռօ­րեայ հա­մա­ժո­ղո­վին, մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ ա­սու­լի­սի մը՝ «Քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ հան­րա­յին կեան­քէն ներս կա­նանց ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը» նիւ­թին շուրջ։ Պոս­թո­նի մէջ ի­րեն յանձ­նուե­ցաւ հան­րա­յին բնա­գա­ւա­ռէ ներս ղե­կա­վա­րու­թեան մրցա­նա­կը։ Այս մասին կը յայտնէ «Ժամանակ»-ը:

AIWA-ի հա­մա­գու­մա­րի ծիրէն ներս Պոս­թո­նի մէջ հա­մախմ­բուած էին աշ­խար­հի բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րէ հայ կա­նայք, ո­րոնք բաժ­նե­ցին ի­րենց փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րը՝ տար­բե­րու­թիւն մը ստեղ­ծե­լու հա­սա­րա­կաց յայ­տա­րա­րին վրայ։ Սե­լի­նա Տո­ղան իր մրցա­նա­կը ստա­ցաւ ձե­ռամբ Սիլ­վա Խա­չի­կեա­նի, որ կը գլխա­ւո­րէ AIWA-ի հիմ­նադ­րու­թեան 25-ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բը։ Բա­ցի Սե­լի­նա Տո­ղա­նէն մրցա­նակ­ներ յանձ­նուե­ցան նաեւ Քեթ­րին Սա­րա­ֆեա­նին, Քե­րը­լայն Ռա­ֆա­յէ­լեա­նին, Հու­րի Կէ­պէ­շեա­նին եւ Քե­րը­լայն Մու­կա­րին։

Պոս­թո­նի մէջ Սե­լի­նա Տո­ղան հրա­ւէր ուղ­ղեց, որ­պէս­զի AIWA-ի յա­ջորդ հա­մա­ժո­ղո­վը կազ­մա­կեր­պուի Թուր­քիոյ մէջ։ Ան շեշ­տեց նաեւ, որ հայ­կա­կան Սփիւռ­քը պէտք է մօ­տէն հե­տե­ւի թրքա­հա­յու­թեան։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ