Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2023

Շաբաթաթերթ

Array

«Ալ Նուսրա» եւ Տահէշ վճռած են ճակատիլ Լիբանանեան Արսէլ աւանին մէջ

Սուրիոյ պատերազմին մասնակից երկու ահաբեկչական խմբաւորումներ վճռած են իրենց միջեւ առկայ հաշիւները «մաքրել» Լիբանանի մէջ: Այս մասին տեղեկութիւն կը փոխանցէ «Ալ Ժատիտ» կայանը, որ նոյնպէս կը հաղորդէ, որ այս ճակատումներուն առաջին նախանշանը «Ալ Նուսրա»ի կողմէ Արսէլի մէջ Տահէշի մէկ ղեկավարին սպաննութեան դէպքն է: Կը նշուի նաեւ, որ Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորման սպաննուած պատասխանատուն կը կոչուի՝ Ապու Պաքըր Ալ Րաքքաուի: Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ հետ սահմանակից Արսէլ աւանը եւ յատկապէս անոր լեռնային հատուածները անցնող տարիներուն «ապաստանավայր» դարձան այդ ահաբեկչական խմբաւորումներուն ու լիբանանեան բանակը տարբեր առիթներով ծանր հրետանի օգտագործելով կը հարուածէ անոնց թաքստոց- դիրքերը:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ