Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2024

Շաբաթաթերթ

Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած է Թէքէեանի ուղեւորի նօթերը պարունակող «Կեսարիա» խորագրեալ հատորը

Պոլսոյ «Ժամանակ»-ի 100-ամեակի մատենաշարը լոյս ընծայած է նոր հրատարակութիւն մը։ Այսպէս, նախապէս հրապարակուած Միսաք Գօչունեանի, Երուխանի ու Ռուբէն Զարդարեանի գիրքերուն կու գայ միանալ Վահան Թէքէեանի (1878-1945) «Կեսարիա. երթուդարձի եւ բնակութեան օրագիր մը» հատորը (175 էջ)։ Ծանօթագրութիւններով ու յատուկ անուններու ցանկով օժտեալ հատորին մաս կազմած են նաեւ Թէքէեանի այսպէս կոչուած կեսարական գործերը՝ պատանեկան շրջանին գրի առած «Կաղանդը Կեսարիոյ մէջ»-ը եւ «Ս. Կարապետ Կեսարիոյ» ու «Գիշերուան աղօթքը» քերթուածները։ Հատորը կազմած ու խմբագրած են սփիւռքահայ անուանի գրագէտ Գրիգոր Պըլտեան ու բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեան։ «Հրաշագործ Սուրբ Կարապետ» խորագրեալ յառաջաբանին հեղինակը նոյնպէս Գրիգոր Պըլտեանն է։ Կողքը պատրաստած է արուեստագէտ Արէտ Կըճըր։

Վահան Թէքէեան «օրագիր» կամ «ուղեւորական նօթեր» կոչած է դէպի Կեսարիա իր այս ուղեգրութիւնը, որ տեւած է հինգ ամիս՝ 1913 Սեպտեմբեր 2-էն մինչեւ 1914 Յունուար 30։ Թէքէեան իր հայրենի բնակավայրը մեկնած էր որպէս տեղւոյն Ս. Կարապետ վանքին տնօրէնը։ Իր պաշտօնն ու կեցութիւնը կ՚աւարտի անսպասելի կերպով, երբ բանաստեղծը Ազգային ժողովի ներկայացուցիչ կը նշանակուի Երուսաղէմի վանքին, ուր կը մեկնի միջոց մը Պոլիս մնալէն վերջ, Մարտ-Ապրիլ 1914-ին։

Թէքէեան իր ուղեգրութիւնը կամ օրագիրը «Ժողովուրդի ձայնը – Ժամանակ»ին մէջ հրատարակած է եօթը տարի ետք՝ 1921 Մայիս 28-Յուլիս 12-ին։ Հեղինակը յատկանշական ձօն մը կցած է իր այս հրապարակումին «Ի յիշատակ» աշակերտներուն, ուսուցիչներուն եւ խնամակալներուն, որոնք «մեծ աղէտին անհետացան», մերթ տողատակերուն անձամբ ծանօթագրելով նաեւ այն անունները, որոնք նահատակուած էին այդ սեւ թուականին։

Զարմանալիօրէն, Թէքէեանի այս կարեւոր արտադրանքը ցարդ մնացած է մամուլի էջերուն թաղուած, հետեւաբար՝ մոռցուած եւ առանձին ոչ մէկ հրատարակութեան արժանացած։

Թէքէեան 1933-ին, երբ վաղուց արդէն Պոլիսը լքած էր, կարծէք կը մտադրէ զայն հատորով մը տպել։ Այդ է, որ կը խոստանայ «Սէր» գիրքին մէջ, երբ տպագրելի գործերու ցանկին մէջ զայն կը յիշատակէ «Կեսարիա (ուղեւորական նօթեր)» խորագիրով։ Յայտնի է, որ չէ մոռցած ուղեգրութիւնը։

Ուղեգրութեան մոռացման շրջանը կը սկսի 1945-ին, բանաստեղծի մահուընէ ետք։ 1950-ին, «ամբողջական երկերու» անաւարտ շարքին լոյս տեսած վեց հատորներուն մաս չի կազմեր նորէն. հաւանաբար ամփոփուէր տասներորդ հատորին մէջ, սակայն այս անգամ ալ խմբագիրին՝ Արշամ Տատրեանին մահը (1956) կը խափանէ ծրագիրը։

Գրութիւնը շատ անգամ չի յիշուիր Թէքէեանի գործերուն «կանոնական ցանկին» վրայ, ուր կը պատահի որ սպրդին երբեմն վէպ ու պատմուածքներ, երգիծական ոտանաւորներ, նոյնիսկ յօդուածներ։ Արշակ Ալպօյաճեան այն քիչերէն է, որ կը նշէ անոր գոյութիւնը. իր «Պատմութիւն Հայ Կեսարիոյ» հսկայածաւալ հատորին մէջ, երբ կը խօսի Թէքէեանի կենսագրութեան մասին, կու տայ նաեւ անոր բնաբանը։

Ուրեմն, բանաստեղծին այս միակ ուղեւորական օրագիրը ցարդ կը մնար անծանօթ, նաեւ՝ անմատչելի։ «Ժամանակ»-ի 100-ամեակի մատենաշարը լաւագոյն վայրն էր ուր կարելի էր տպուած տեսնել Թէքէեանի այս գործը, որ վստահաբար ոչ միայն պիտի գայ ամբողջացնելու մեծ գրագէտին կենսագրութիւնն ու երկերը, նաեւ նոր դիտանկիւն մը պիտի աւելցնէ ներկայ սերունդներուն հայրենիքի, եղեռնի, ժամանակի մանկավարժական մօտեցումներուն վերաբերեալ ունեցած պատկերացումներուն մէջ։

Վահան ԹԷքէեան ծնած է Պոլիս, 1878-ին, բնիկ կեսարացի ծնողքէ։ Ուսումը ստացած է Պէրպէրեան ու Կեդրոնական վարժարաններուն մէջ։ Համիտեան բռնատիրութեան տարիներուն կ՚անցնի Եւրոպա ու Եգիպտոս։ Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք կը վերադառնայ Պոլիս, ուր աւելի ամբողջական ձեւով կը նուիրուի հրապարակա-
գրութեան, աշխատակցելով նաեւ «Ժամանակ» օրաթերթին։ 1915-ին արտասահման է։ Հրադադարին զինքը դարձեալ կը գտնենք Պոլիս, ուր վերստին լծուած էր հրապարակագրական, կուսակցական ու մանկավարժական աշխատանքի։ Միջոց մը որպէս խմբագիր կը պաշտօնավարէ «Ժողովուրդի ձայնը – Ժամանակ»-ին մէջ։ Քեմալականներու Պոլիս մուտքէն ետք կը լքէ ծննդավայրը ու կ՚անցնի արտասահման՝ Պուլկարիա, Յունաստան, Կիպրոս, հուսկ հաստատուելու համար Եգիպտոս, ուր եւ կը կնքէ իր մահկանացուն, 1945-ին։

Հրատարակած է «Հոգեր» (Փարիզ, 1901), «Հրաշալի յարութիւն» (Պոլիս, 1914), «Կէս գիշերէն մինչեւ արշալոյս» (Փարիզ, 1918), «Սէր» (Փարիզ, 1933), «Հայերգութիւն» (Գահիրէ, 1943), «Տաղարան» (Գահիրէ, 1944) ժողովածոները։ Յետմահու եւս իրմէ տպագրուած են արձակ ու չափածոյ գործեր, թէեւ կիսաւարտ՝ պատրաստուած է ամբողջական երկերու քանի մը հատորներ, հատընտիրներ։ Վահան Թէքէեան հայ գրականութեան լայն ժողովրդականութիւն վայելող հեղինակներէն մէկն է։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ