Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

Պոլսոյ մէջ կանգուն մնացած ամենահին հիւրատունը Գաւաֆեան գերդաստանին կը պատկանի

Թրքական «Biristanbulhayali.com» կայքը անդրադարձած է Պոլսոյ մէջ կանգուն մնացած ամենահին հիւրատան մասին, որ պատկանած է Գաւաֆեան գերդաստանին:

Սիւնակագիրը չի խօսիր Գաւաֆեան ազգանուան հայկական ըլլալուն մասին, այլ նիւթին մէջ ներկայացուած է հիւրատան կառուցման վերաբերեալ տարբեր վարկածներ, որոնցմէ մէկուն մէջ միայն հեղինակը խոստովանած է, որ «շատ հնարաւոր է` հիւրատունը կառուցած ըլլայ հայ ճարտարապետ մը»:

Ներկայիս Պոլսոյ ամենաշքեղ թաղամասերէն Պեպեքի մէջ գտնուող հնագոյն հիւրատունը արդէն 264 տարեկան է: Անիկա ժամանակակից Պոլսոյ մէջ պահպանուած ամենահին տունն է:

1954 թուականին տան մասին թուրք ճարտարապետ Սետաթ Հաքքը Էլտեմը իր անդրադարձին մէջ ըսած է, որ Գաւաֆեաններու հիւրատունը «թրքական տան ճարտարապետութեան պահպանուած եւ չաղաւաղուած օրինակ» է:

Որոշ պատմաբաններ անիկա կը համարեն հին յունական տուն, որ յետագային անցած է հայ ընտանիքին ձեռքը ու վերանուանուած իբրեւ «Գաւաֆեաններու հիւրատուն», իսկ ոմանք ալ կը խոստովանին, որ հիւրատունը կառուցուած է ծագումով Երզնկայէն հայ վարպետի մը կողմէ:

Տան վերջին բնակիչները եղած են Սամուէլ եւ Պէաթրիս Գաւաֆեանները, որոնք մինչեւ 1998 թուական իրենց իսկ տան մէջ իբրեւ վարձակալ ապրած են, որովհետեւ 1980 թուականին թրքական պետութիւնը սեփականաշնորհեց հայ ընտանիքին ունեցուածքը:


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ