Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաստանի համալսարաններ կը յաճախեն 550 սփիւռքահայ եւ 420 օտար ուսանողներ

Հայաստանի համալսարաններուն մէջ 1 Հոկտեմբերէն ուսումնառութիւն սկսած է 550 սփիւռքահայ եւ 420 օտար ուսանող: Այս մասին յայտնած է ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան արտաքին կապերու եւ սփիւռքի վարչութեան պետ Արթուր Ղազարեան՝ նշելով, որ ՀՀ միջին մասնագիտական հաստատութիւններ դիմած է 70 սփիւռքահայ:

Վրաստանէն Հայաստանի համալսարաններ դիմած է 23 ուսանող, Ռուսիայէն` 170, Իրանէն` 190, Հնդկաստանէն` 220 եւ Սուրիայէն` 90: Կան ուսանողներ նաեւ Պրազիլէն, Իրաքէն, Չինաստանէն, Գերմանիայէն, Յունաստանէն, Իսրայէլէն, ԱՄՆ-էն, Տաճիկստանէն, Թուրքﬔնստանէն, Ուրուկուայէն, Շուէտէն, Ռուանիայէն, Ուքրանիայէն, Թուրքիայէն:

Թուրքիայէն ժամանած 4 դիմորդները հայեր են` ՀՀ քաղաքացիներու զաւակներ: Վարչութեան պետին հաւաստիացումով` նախորդ երկու տարուան համեմատութեամբ՝ դիմորդներուն քանակը էապէս չէ աճած կամ նուազած: «Մենք հակուած ենք աւելի ակտիւ քայլեր ձեռնարկել քարոզչական աշխատանքների ուղղութեամբ` համագործակցելով միջնորդ կազմակերպութիւնների հետ, ինչն էլ կը նպաստի Հայաստանի բուհերի նկատմամբ հետաքրքրութեան բարձրացմանը»,-ընդգծած է Արթուր Ղազարեան:

ԱՊՀ երկիրներէն Հայաստանի մէջ իրենց կրթութիւնը շարունակողներէն շատերը յաճախ կը հաստատուին Հայաստան, այստեղ շարունակելով իրենց գործունէութիւնը:


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ