Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2024

Շաբաթաթերթ

«Հայկազեան հայագիտական հանդէս»ի Նոր համարի շնորհահանդէսը

Հինգշաբթի 6 Հոկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան Հայկազեան Համալսարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի 36¬րդ հատորին շնորհահանդէսը, լիբանանահայ մտաւորական խաւի ներկայացուցիչներու եւ կրթական գործիչներու ներկայութեամբ:

Բացման խօսքը կատարեց Հանդէսի պատասխանատու քարտուղար Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ սահիկներով ներկայացուց Կիւմրիի մէջ տեղի ունեցած ՙՇիրակ՚ հայագիտական համագումարն ու անոր ծիրին մէջ կատարուած սոյն հատորի շնորհահանդէսը:

Օրուան բանախօսն էր Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Պր. Սամուէլ Մկրտչեան, որ իր գոհունակութիւնը յայտնեց նմանատիպ հրատարակութեան մը ի տես, կարեւորելով «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի Հանդէս՚ին բովանդակութեան մի քանի յատկանիշները, ինչպէս նիւթերու համընդգրկունութիւնը, հայագիտութեան հանդէպ համապարփակ մօտեցումը եւ այլն: Պր. դեսպանը հայագիտութիւնը նկատեց հայ ժողովուրդի ստեղծած մնայուն արժէքներէն մին. ան շեշտեց որ հայագիտութիւնը պէտք է կարենայ դիմագրաւել արդի պայմաններու բերումով յառաջացող զանազան նոր մարտահրաւէրներն ու այժմէական խնդիրները: Պր. Մկրտչեան կարեւորեց հայահոծ համայնքներ ունեցող երկիրներու համալսարաններուն մէջ հայագիտական ամպիոններու ստեղծումը, նշելով որ հայագիտութիւնը միայն հայութեամբ ու Հայաստանով չի սահմանափակուիր, այլեւ կÿընդգրկէ նաեւ շրջակայ երկիրներու քաղաքական ու քաղաքակրթական պատմութիւնը: Երրորդ խնդիրը որուն վրայ կեդրոնացաւ բանախօսը, հայագիր հայագիտական երկերու թարգմանութեան անհրաժեշտութիւնն էր, առանց որուն, ստեղծուած երկերն ու կատարուած ուսումնասիրութիւնները անհասանելի կը մնան օտարներուն, իսկ հայագիտութեան ազդեցութեան շրջանակը` խիստ կը նեղնայ: Հուսկ, Պր. դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց ՙՀ.Հ. Հանդէս՚ի խմբագիրներուն, անոնց մաղթելով յարատեւութիւն:

Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի վաստակաւոր խմբագիր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեան, ողջունեց ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնեց աշխատակիցներուն, որոնց շնորհիւ նաեւ սոյն Հանդէսը կը հրատարակուի առանց թափի ջլատումի եւ որակի նուազումի: Հայ ժողովուրդին մշակութաստեղծ յատկութիւնը ինչպէս եւ սոյն հատորին հրատարակութիւնը, ըստ վարդապետին, արգասիքն են այն իրականութեան, որ»«մարդէակին կեանքը կը կանգնի հաւատքի եւ համոզումներու վրայ: Մարդիկ կը ստեղծեն այն, ինչին կը հաւատան. իսկ բանի մը հաւատալու լաւագոյն ձեւը` զայն ապրիլն է», նկատեց հայր Անդրանիկ, յիշեցնելով որ հայագիտութիւնը նաեւ պէտք է ըլլայ կեանքի մաս:

Հայկազեան Համալսարանի նախագահ վերապատուելի Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան յայտնեց թէ սոյն շնորհահանդէսները իրեն գերագոյն երանութիւն կը պարգեւեն, որովհետեւ Հանդէսը Համալսարանին պատուաբեր մէկ ձեռքբերումն է: Անդրադառնալով աւելի լայն ոլորտի, վերապատուելին ցաւով յիշեց թէ ազգային կեանքի ամէն նահանջ բացասաբարկ’ազդէ հայագիտութեան վրայ եւ Հալէպի մէջ թէ այլուր մղուած ճակատագրական զանազան պայքարները նաեւ իրենց բացասական հետեւանքը կ’ունենան հայագիտական մտքի արգասաւորութեան վրայ: Բարեբախտաբար սակայն, նշեց Համալսարանի նախագահը, հայագիտութեան մարզին մէջ նկատուող գործակցութիւններն ու ամրապնդուող կապերը դրական լիցք կը հաղորդեն գիտութեան այդ ճիւղին, որուն վկայութիւնն են երիտասարդ հայագէտներու եւ հայագիտութեան ուսանողներու առկայութիւնը, որոնցմէ հոյլ մը կÿուսանի նաեւ Հայկազեանի մէջ: Ան կոչ ուղղեց հայագիտութեան կենսունակութիւնը երաշխաւորող բոլոր գաղութներուն, համայնքներուն եւ հաստատութիւններուն, որ յանձնառու մօտեցումով ջանք չխնայեն ապահովելու հայագիտական բարձր որակ, միաժամանակ գնահատեն հայագիտական ամէն աշխատանք:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան իր կարգին, շնորհաւորեց «Հ.Հ.Հանդէս»ի հրատարակութիւնը, կարեւորելով Հայկազեան Համալսարանին անփոխարինելի դերը լիբանանահայութեան կեանքին մէջ:

Շնորհահանդէսի աւարտին, բակին մէջ, խմբագրական կազմի անդամներն ու բանախօսները հատեցին օրուան կարկանդակը:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ