«Սիրտս նման է էն փլած տներ, կոտրեր գերաններ, խախտեր են սներ…»
Ո՞ւր ես Կոմիտաս վարդապետ, ո՞ւր ես Հայր Սուրբ, չգա՞ս երգես Հալէպի փլատակներուն մէջ: Կամ, Ղեւոնդ Երէց, չգա՞ս ման գաս նորաթաղ նահատակներու հողակոյտերուն միջեւ ու մրմնջես «Լռեց, ամպերը եկան ծածկեցին երկինք ու լուսին…»։
Այս քանիերորդ անգամն է, որ ծովի մակընթացութեան նման խաղաղութեան յոյսերը ափեէն դուրս կ՚ելլեն, եւ քիչ անց ետ կը քաշուին տեղատուութեան նման, ափերուն վրայ խաբկանք ու յուսախաբութիւն ձգելով: Վե՞րջը… Հինգ տարիէ ի վեր կրկնուող այս ձախող ողբերգակատակերգութեան աւարտը պիտի չտեսնե՞նք, վարագոյրը պիտի չիջնէ՞ այս համայնակործան տրամային վրայ. դեռ քանի՞ արար կայ մինչեւ աւարտ. սաթայելածնունդ խոհարարներուն եփածներուն ինչ ըլլալը ե՞րբ պիտի գիտցուի. իսկ որ ամենակարեւորն է, ինչո՞ւ Հալէպի գլխուն վրայ պիտի դառնայ վերջին արարը. վերջի՞ն… նորէ՞ն անտեղի յոյս ու հաւատք:
Ու դեռ կը շարունակուին դուրսէն թափուող խրատները, մեղադրանքները, ափսոսանքները…« Ձեզի չըսի՞նք ելէք, ո՞ւր են մեր ղեկավարները… համայնքապետներ, կուսակցապետներ…Ինչո՞ւ մեզի մտիկ չըրիք, մենք չըսի՞նք, որ այսպէս ու այնպէս…»:
Գիտէ՞ք, այս բոլոր խօսքերը սկսան դդումի համ տալ, նոյնիսկ վիրաւորել մնացողներուն ինքնասիրութիւնն ու արժանապատուութիւնը: Կարծէք խելացին իրենք են, մտահոգը` իրենք, քաղաքական խաղերէն հասկցողները` իրենք, հեռուն տեսնողները` իրենք… իսկ դեռ Հալէպ մնացողները անխելք են, անհեռատես հաւատացեալներ, իրենց անմիտ վարքով մահուան դէմ գացողներ…:
Ալ կը բաւէ՛, ժողովո՛ւրդ, քիչ մը հասկացողութիւն ցուցաբերեցէք, յարգեցէ՛ք մնացողներուն որոշումները: Հինգ տարիները բաւական չէի՞ն մարդոց յուշելու, թէ ինչի՛ն հետ ինչպէ՛ս պիտի վարուին: Վստահ եղէք, շատ լաւ գիտեն եւ ձեր սրտցաւ խորհուրդներուն պէտք չունին. իւրաքանչիւրը իր պարագաներուն համեմատ կը շարժի, միայն երկու բան` կամ չեն կրնար, կամ չեն ուզեր. երրորդ տարբերակ չկայ եւ այս պարագային անտեղի կերպով յանցաւոր փնտռելու չէ:
Ղեկավարութիւնը քննադատողներ մէյ մը թող այդ ղեկավարի փշոտ աթոռին իրենք նստին ու նայիմ, թէ ի՛նչ պիտի կարենան ընել. հարիւրամեայ գաղութի մը ճակատագրին հետ խաղալ չըլլար: Կը բաւէ որքան անհամ ու անհիմն բաներ գրեցիք հոս ու հոն, քիչ մը զուսպ եւ զգօն ըլլանք ու ցաւող վէրքին վրայ աղ չցանենք: Ոչ ոք հերոսանալու մասին կը մտածէ, ոչ ոք կենդանի նահատակի լուսապսակ կ՚ակնկալէ իր գլխուն:
Մէկ բան միայն, երբ օգնութեան կանչ լսենք, խօսք չթափենք մարդոց գլխուն, պատրաստ ըլլանք կանչին արձագանգելու գործնականօրէն, անհատապէս, հաւաքական, պետական… Մնացեալը ոչ միայն անօգուտ է, այլեւ վնասակար:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ