Կիրակի, Հոկտեմբեր 6, 2024

Շաբաթաթերթ

Մեր չընելիքն ու ընելիքը…

«Սիրտս նման է էն փլած տներ, կոտ­րեր գե­րան­ներ, խախ­տեր են սներ…»

Ո՞ւր ես Կո­մի­տաս վար­դա­պետ, ո՞ւր ես Հայր Սուրբ, չգա՞ս եր­գես Հա­լէ­պի փլատակներուն մէջ: Կամ, Ղե­ւոնդ Երէց, չգա՞ս ման գաս նո­րա­թաղ նա­հա­տակ­նե­րու հո­ղա­կոյ­տե­րուն մի­ջեւ ու մրմն­ջես «Լռեց, ամ­պերը եկան ծած­կե­ցին եր­կինք ու լուսին…»։

Այս քանի­ե­րորդ ան­գամն է, որ ծո­վի մա­կըն­թա­ցու­թեան նման խա­ղա­ղու­թեան յոյ­սե­րը ափեէն դուրս կ՚ել­լեն, եւ քիչ անց ետ կը քաշ­ուին տե­ղա­տուութ­եան նման, ափե­րուն վրայ խաբ­կանք ու յու­սա­խա­բու­թիւն ձգե­լով: Վե՞րջը… Հինգ տարիէ ի վեր կրկ­նուող այս ձա­խող ող­բեր­գա­կա­տա­կեր­գու­թեան աւար­տը պի­տի չտես­նե՞նք, վա­րա­գոյ­րը պիտի չիջ­նէ՞ այս հա­մայ­նա­կոր­ծան տրա­մա­յին վրայ. դեռ քա­նի՞ արար կայ մին­չեւ աւարտ. սա­թա­յե­լած­նունդ խո­հա­րար­նե­րուն եփած­նե­րուն ինչ ըլ­լա­լը  ե՞րբ պի­տի գիտց­ուի. իսկ որ ամե­նա­կա­րե­ւորն է, ին­չո՞ւ Հա­լէ­պի գլ­խուն վրայ պի­տի դառ­նայ վերջին արա­րը. վեր­ջի՞ն… նո­րէ՞ն ան­տե­ղի յոյս ու հա­ւատք:

Ու դեռ կը շա­րու­նակ­ուին դուր­սէն թա­փուող խրատ­նե­րը, մե­ղադ­րանք­նե­րը, ափսոսանք­նե­րը…« Ձե­զի չըսի՞նք ելէք, ո՞ւր են մեր ղե­կա­վար­նե­րը… համայնքապետներ, կու­սակ­ցա­պետ­ներ…Ին­չո՞ւ մե­զի մտիկ չը­րիք, մենք չըսի՞նք, որ այս­պէս ու այն­պէս…»:

Գի­տէ՞ք, այս բո­լոր խօս­քե­րը սկ­սան դդու­մի համ տալ, նոյ­նիսկ վի­րա­ւո­րել մնացողներուն ինք­նա­սի­րու­թիւնն ու ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւնը: Կար­ծէք խե­լա­ցին իրենք են, մտա­հո­գը` իրենք, քա­ղա­քա­կան խա­ղե­րէն հասկ­ցող­նե­րը` իրենք, հե­ռուն տեսնողները` իրենք… իսկ դեռ Հա­լէպ մնա­ցող­նե­րը ան­խելք են, ան­հե­ռա­տես հաւատաց­եալ­ներ, իրենց ան­միտ վար­քով մահ­ուան  դէմ գա­ցող­ներ…:

Ալ կը բա­ւէ՛, ժո­ղո­վո՛ւրդ, քիչ մը հաս­կա­ցո­ղու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­ցէք, յար­գե­ցէ՛ք մնացողնե­րուն որո­շում­նե­րը: Հինգ տա­րի­նե­րը բա­ւա­կան չէի՞ն մար­դոց յու­շե­լու, թէ ինչի՛ն հետ ինչ­պէ՛ս պի­տի վար­ուին: Վս­տահ եղէք, շատ լաւ գի­տեն եւ ձեր սրտ­ցաւ խոր­հուրդ­նե­րուն պէտք չու­նին. իւ­րա­քան­չիւ­րը իր պա­րա­գա­նե­րուն հա­մե­մատ կը շարժի, միայն եր­կու բան` կամ չեն կր­նար, կամ չեն ու­զեր. եր­րորդ տար­բե­րակ չկայ եւ այս պա­րա­գա­յին ան­տե­ղի կեր­պով յան­ցա­ւոր փնտ­ռե­լու չէ:

Ղե­կա­վա­րու­թիւնը քն­նա­դա­տող­ներ մէյ մը թող այդ ղե­կա­վա­րի փշոտ աթո­ռին իրենք նս­տին ու նա­յիմ, թէ ի՛նչ պի­տի կա­րե­նան ընել. հա­րիւ­րամ­եայ գա­ղու­թի մը ճակատագրին հետ խա­ղալ չըլ­լար: Կը բա­ւէ որ­քան ան­համ ու ան­հիմն բա­ներ գրե­ցիք հոս ու հոն, քիչ մը զուսպ եւ զգօն ըլ­լանք ու ցա­ւող վէր­քին վրայ աղ չցա­նենք: Ոչ ոք հերո­սա­նա­լու մա­սին կը մտա­ծէ, ոչ ոք կեն­դա­նի նա­հա­տա­կի լու­սապ­սակ կ՚ակն­կա­լէ իր գլ­խուն:

Մէկ բան միայն, երբ օգ­նու­թեան կանչ լսենք, խօսք չթա­փենք մար­դոց գլ­խուն, պատրաստ ըլ­լանք կան­չին ար­ձա­գան­գե­լու գործ­նա­կա­նօ­րէն, ան­հա­տա­պէս, հաւաքական, պե­տա­կան… Մնաց­եա­լը ոչ միայն անօ­գուտ է, այ­լեւ վնա­սա­կար:

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ