Թուրքիոյ Անգարայի նահանգի Սինջանի շրջանի փոքրիկ աւաններէն մէկուն` Սթանոզի մէջ, գանձագողերու կողմէ հայկական հին գերեզմանատուն մը պղծուած է: Այս մասին կը յայտնէ Թուրքիոյ Ժողովուրներու ժողովրդավարական կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր խորհրդի հայազգի անդամ Մուրադ Մըհչըն ֆէյսպուքի իր պաշտօնական էջին վրայ, կը յայտնէ Tert.am-ը:
Առնուած լուսանկարներուն մէջ պարզ կ’երեւի, թէ ինչպէս գանձագողերը փորած են գերեզմաններն ու հանած ոսկորները:
Յայտնի է, որ գերեզմանատան տարածքը կը պատկանի «Սուրբ Փրկիչ եւ Քառսուն մանուկ» հիմնադրամին:
Մըհչըն նշած է, որ բացի քանի մը սրտացաւ քաղաքացիներէ` ոչ ոք կը հետաքրքրուի գերեզմանատան վիճակով, եւ անիկա ամբողջովին մատնուած է անուշադրութեան:
Կան նաեւ փաստեր, որոնց համաձայն որոշ գերեզմանաքարեր հեռացուած են տարածքէն շրջկեդրոնի ղեկավարութեան անմիջական միջամտութեամբ:
Մուրադ Մըհչըն յայտնած է, որ իրենք արդէն դիմած են Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան Սինջանի տարածքային շտապին, սակայն կ՛ակնկալեն, որ Պոլսոյ հայկական պատրիարքարանը նոյնպէս միջամտէ եւ աջակցի, որպէսզի գերեզմանատան շուրջ պատ կառուցուի: