Ըստ «Ալ Մայատին» կայանին, Արաբ-Քրտական միացեալ ուժերու ջոկատներ պիտի ստեղծուին: Կայանը նաեւ յայտնած է, թէ իր ունեցած տեղեկութիւններով այդ ուժերը նպատակ ունին կռուիլ եւ ժողովրդային դիմադրութիւն ցոյց տալ Սուրիա թափանցած թրքական ուժերուն դէմ: Կը նշուի նաեւ, որ Կիրակի յետմիջօրէին Սուրիոյ «Ալ Մարէհ» աւանին մէջ քրտական ինքնապաշտպանական ջոկատներուն եւ թրքական բանակի ուժերուն միջեւ ծանր մարտեր գրանցուած են, որուն հետեւանքով թրքական բանակը տասնեակ զոհեր ունեցած է: