Ընդհանուր ազգաց պատմութեան ընթացքին տարբեր հաւաքականութիւններ քով-քովի եկած են, երբ որ անոր կարիքը զգացուած է։ Նոյնը եղած է պարագան հայ ժողովուրդին, որ անցնող աւելի քան երեք հազարամեայ գրաւոր իր պատմութեան ընթացքին ապրած է մահուկենաց բազմաթիւ պահեր, որոնք եկած, անցած ու անշքացած են, շնորհիւ հմուտ ղեկավարութեան, քաջարի թագաւորներու եւ անոնց խորհրդատուներուն։ Քրիստոնէութեան ընդունումն ու Գիրերու գիւտը՝ հայը հայ պահող զէնքեր հանդիսացան եւ անոնց շնորհիւ հայը տարբերուելու համար կայսերապաշտ ախորժակներով զինուած դրացիներէն, պահեց իր ինքնուրոյնութիւնը լեզուո՛վ ու կրօնո՛վ։
Միասնականութենէն ծնած յաղթանակը մենք ապրեցանք եւ կ՚ապրինք մինչ օրս։ Վկայ՝ Սարդարապատը, Արցախը, Ապրիլեան ոգեկոչումները, նորօրեայ Հայաստանի Հանրապետութեան ծնունդը եւ հայ ժողովուրդին այսօրուան կարիքները. օրինակ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի աշխատանքները՝ անցնող քսան տարիներուն եւ ներկայիս՝ Սուրիոյ հայութեան օժանդակելու ծրագիրները՝ SARF-ի միջոցով, որպէս հաւաքական աշխատանքի արդիւնք։
Արդարեւ, հայը կրնա՛յ միասնականանալ. երկու պետութիւն, երկու կաթողիկոս, երկու ուղղագրութիւն եւ տարբեր արեւելումներ ունենալը, բնա՛ւ եւ երբե՛ք չի խանգարեր, ընդհակառակը՝ ծաղկեփունջին առաւել երանգներ կը պարգեւէ, որպէսզի մեզմէ իւրաքանչիւրը իր պարտէզէն ծաղիկ մը աւելցնէ, կազմելու համար կատարելատիպ փունջ մը։
Այսօր, այդ փունջն է, որ կը պատրաստուի Լոս Անճելըսի հայատրոփ սիրտին վրայ՝ Կլենտէյլ քաղաքին մէջ, բարձրացնելով ՀԱՅ-ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆը, որ պիտի հանդիսանայ հայութիւնը աշխարհին բացող պատուհան մը։
Ազգային եւ համայնքային ակնոցով դիտուած, Թանգարանը ՄՆԱՅՈՒՆ գործակցութեան առիթ մը պիտի հանդիսանայ, որովհետեւ հոն գործող գաղութային մեր գլխաւոր կազմակերպութիւնները հսկայական այս ծրագիրին որպէս պատասխանատուներ, մնայունօրէն պիտի գործակցին իրենց ներկայացուցիչներուն միջոցով։ Միասին աշխատելու այս իւրայատուկ ներկայ հրամայականը կրնա՛յ եւ պէ՛տք է որ ապահովէ ամերիկահայ գալիք սերունդներուն գործակցութիւնը, որ մեր քաղաքական, հասարակական, մշակութային, երիտասարդական թէ հոգեւոր կեդրոններուն կողքին, բոլորին պատկանող դաշտ մը հանդիսանայ, առաւել եւս արդիւնաւորելով տարուող միացեալ աշխատանքները։
Գլխաւոր կազմակերպութիւնները թիւով ինն են, որոնք արդէն տարի մըն է, աւելի, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափի տարածքին գործակցելով իրարու հետ ոտքի հանեցին եւ իրականացուցին այս հսկայական ծրագիրը։ Անցնող Ապրիլ եւ Մայիս ամիսներուն, անոնք կազմակերպեցին ցուցահանդէս մը նուիրուած հայութեան ժառանգութեան, մշակոյթին եւ պատմութեան՝ Կլենտէյլի Պրէնտ գրադարանի եւ արուեստի կեդրոնին մէջ, որուն ներկայ գտնուեցան հազարաւոր ամերիկահայեր եւ ոչ-հայեր։
Այս շաբաթ, ազգային ինը կառոյցներուն ու կազմակերպութիւններուն կողմէ մեկնարկը կը տրուի Կլենտէյլի քաղաքամէջի Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի եւ Մշակութային Կեդրոնի համագաղութային ծրագիրի հիմնադրութեան եւ զարգացման աշխատանքներուն։
Կիրակի՝ 23 Հոկտեմբեր 2016-ին, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան ափի Էջմիածնական եւ Անթիլիասական թեմերու բոլոր եկեղեցիներէն, ինչպէս նաեւ Հայ Աւետարանական եւ Հայ Կաթողիկէ համայնքի եկեղեցիներէն ներս պիտի կատարուի յատուկ աղօթք՝ այս կարեւոր առաքելութեան յաջողութեան համար։ Բոլորիս փափաքն է, որ ներկայութեամբ մեր զօրակցութիւնը յայտնենք համազգային այս աննախադէպ հսկայ ծրագիրին։
Թանգարան ունենալու գաղափարը հարկ է որ վերածուի եւ վերաճի Շարժումի։ Հոն գործող ինը կազմակերպութիւնները՝ ազգային-քաղաքական երեք կուսակցութիւնները՝ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, Հայ Օգնութեան Միութիւնը եւ հոգեւոր մեր չորս կառոյցները՝ իրենց երիտասարդական, մարզական, սկաուտական, մշակութային, մարդասիրական եւ քարոզչական մարմիններով ու հրատարակութիւններով անհրաժեշտ է, որ իրենց շրջանակներուն ծանօթացնեն Թանգարանի ծրագիրին մանրամասնութիւնները, անոր նպատակն ու առաքելութիւնը։
Անհրաժեշտ է, որ կրթական հիմնարկներու եւ հայկական դպրոցներու մէջ նոյնպէս տարուի բացատրողական լայն աշխատանք, կարեւորելով Հայ-Ամերիկեան Թանգարանին ծրագիրն ու առաքելութիւնը մեր կեանքէն ներս։
Լոսանճելըսահայ համայնքը, որ ցոյց տուաւ իր ուժականութիւնը Ապրիլ 2015-ին եւ 2016-ին, այսօր իր բազմաթիւ կազմակերպութիւններով, կառոյցներով, մարմիններով կրնա՛յ եւ պէ՛տք է որ կարենայ յաջողութեամբ պսակել ու պահել-պահպանել նման Տուն մը, ազգային Տուն մը։
Կարեւոր է, որ տպագիր մամուլին կողքին, իր դուռները լայն բանան նաեւ համացանցային էջերը, տեսալսողական ալիքները, հեռատեսիլային կայանները իրենց հեռուստաժամերը նուիրեն Թանգարանի կառուցման կարեւորութեան, անհրաժեշտութեան, եւ հանդիպումներով, հարցազրոյցներով թէ այլապէս՝ նպաստեն Թանգարանի աշխատանքներու լուսաբանութեան։
Վերջապէս, այս երազը իրականութիւն պիտի դառնայ մեզմէ իւրաքանչիւրին նուիրաբերած լումայով։ Մեծ թէ փոքր գումարներով։ Կազմակերպութիւններու անուան տակ, թէ՝ անհատական, որոնք պիտի յիշատակուին պատմութեան մէջ որպէս հիմնադիր բարերարներ։
Մեզմէ ամէն մէկս, մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ պէտք է որ բանանք մեր գրպանները, սիրտն ու հոգին։ Նուիրում։ Ա՛յս է օրուան պահանջնքը։ Այո՛, Արցախն ու Հայաստանը ունին ծով կարիքներ, Սուրիահայութիւնը՝ նոյնպէս, սակայն առանց մոռնալու զանոնք, տանի՛նք մեր ձեռքերը մեր գրպանները եւ հաւատալո՛վ տանք, նուիրենք մեր եւ մեր զաւակներուն ապագային համար, մեր ժողովուրդին ներկային եւ ապագային համար։ Թանգարանն ու Արուեստի Կեդրոնը դառնալու են հայութեան խորհրդանիշ մը Ամերիկայի այս ափերուն, որ մշակութայինին կողքին, իր մէջ պիտի կրէ ոչ միայն Ցեղասպանութենէն վերապրած ժողովուրդի մը գոյակռիւը, այլ նաեւ՝ հոն պիտի տեսնենք համամարդկայինը, բարիին ձգտումը, արուեստի ճամբով կեանքի դժուարութիւնները յաղթահարելու մարտահրաւէրը։
Թանգարանը երկարող ձեռք մը պիտի հանդիսանայ ազգային փոքրամասնութիւններուն, ձեռք մը բոլորին հասնող, որպէսզի միասին՝ որպէս մարդ, որպէս ամերիկացի, շարունակենք կողք-կողքի ապրիլ եւ մեր նմանութիւններով ու տարբերութիւններով վերարժեւորել մեր կեանքը։
Բարի յաջողութի՛ւն այս գործին ձեռնարկող մարմինին, գլխաւորութեամբ՝ Պերճ Կարապետեանին, որոնց ջանադիր աշխատանքին արդիւնքն է իրականացումը կառուցելի այս ծրագիրին։
Սիրելի հայրենակիցներ,
Հայ-Ամերիկեան Թանգարանն ու Արուեստի Կեդրոնը պատրաստ են լսելու ձեր կարծիքը, ազատ զգացէք գրելու, հաղորդակցելու իրենց հետ, կայքով, Facebook-ով, իմէյլով կամ՝ այլապէս։
Թանգարանը պիտի կառուցուի Կլենտէյլի քաղաքամէջը, Քոլորատօ փողոցին վրայ։ Պիտի ունենայ ընդգետնեայ կառատուն, տարբեր սրահներ, ցուցասրահներ, ինչպէս նաեւ ժամանցային եւ ճաշարանային յարմարութիւններ։ Արդիական գեղեցիկ կառոյց մը, որ պատիւ պիտի բերէ իւրաքանչիւր հայորդիի եւ Կլենտէյլի քաղաքացիի։
Armenian American Museum and Cultural Center
Կայք՝ www.armenianamericanmuseum.org
Իմէյլ՝ info@armenianamericanmuseum.org.