Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

«Մութ ու լոյս». Հիապատում գրական գանձ մը

Երախտագիտական անպարագրելի զգացումներով, հոգենորոգ եռանդով ու ազգային պարծանքի ապրումներով ըմբոշխնեցի նուիրեալ հոգեւոր մշակ, ներհուն մտաւորական, տեսլավառ դաստիարակ, տոկուն հայրենասէր, վաստակաշատ ճարտարապետ՝ Միքայէլ Եուսուֆեանի տաղանդաշատ գրչին, փայլուն միտքին ու անընկճելի հոգիին արգասիքը:

  «Մութ ու Լոյս» բանաստեղծութիւն-արձակ հիասքանչ հատորը կը խորասուզէ ընթերցողը,  թափանցելով հեղինակի սիրտէն ներս: Իւրաքանչիւր հատոր կ’արժեւորուի անոր երկասիրողին վայելած հեղինակութիւնովը: Միքայէլ Եուսուֆեան վաւերական դէմք է մեր գրական անդաստանին մէջ: Անոր գրչին պատկանող հատորները գեղեցկօրէն կը ցոլացնեն օրինակելի կեանք մը: Կեանք մը, որ կը բուրէ հաւատք, յոյս ու սէր. կեանք մը, որ հոգեւոր-բարոյական-ազգային-հայրենասիրական սկզբունքները սակարկութեան նժարին վրայ փոխադրելը կ’արգիլէ. կեանք մը, որ կը բուրէ պարկեշտութիւն, ծառայասիրութիւն, համեստութիւն, ճշմարտախօսութիւն, անկեղծութիւն, արդարասիրութիւն ու տակաւին շատ աւելին:

Հեղինակին լեզուն հաղորդական ու մակարդակը բիւրեղեայ է: Մաշտոցեան վայելք է ընթերցել իր եթերացայտ գրչին պատկանող իւրաքանչիւր նախադասութիւնը:

Հատորն ունի ճոխ բովանդակութիւն: Առաջին բաժինը՝ «Սիրտէ սիրտ» կը ներկայացնէ հեղինակին անհուն սէրը հանդէպ իր Փրկչին՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի ինչպէս նաեւ դժուարութիւններու, յուսախաբութիւններու եւ մարտահրաւէրներու մէջ՝ Փրկչին միայն կառչելու անհրաժեշտութիւնը: Հեղինակին սէրը հանդէպ իր կողակիցին բոցախմբեցեալ է: «Արփիկիս» նուիրուած բանաստեղծութիւնը կը բացայայտէ գաղտնիքը երջանիկ բոյնի մը, որ Քրիստոսակորիզ եւ Յիսուսաբոյր է:

 Երկրորդ բաժինը՝ «Ուրախ եւ տխուր ապրումներ« կը պարունակէ տիպարներ Աստուածաշունչէն, եւ որոնք գարունը ապրելէ ետք՝ ձմրան ձախորդ օրերուն հանդիպած են, սակայն Աստուծոյ վստահելով յաղթահարած են կեանքի խոչընդոտները: Այս բաժնին մէջ Ապրիլ 24-ի յատուկ ուսանելի հոյակապ պատգամի կողքին կը հանդիպինք Լիբանանի մէջ բանտային կեանքը նկարագրող բացառիկ «գլուխ գործոցի» մը, որուն քսան ցնցիչ էջերը զիս անակնկալի մատնեցին:

Հեղինակին կատարած ուխտագնացութիւնը դէպի Արեւմտեան Հայաստան ու Կիլիկիա կու գան անվերջ յոյս ներշնչելու Տիրոջ աղերսելով, որ «քարերը դադրի՛ն այլեւս որբ մնալէ…»:

 Երրորդ բաժնով, հեղինակը մեզի կը ներկայացնէ «Ամպամած երկինքը», ուր կը շեշտուի ոսկեղէն կանոնի կարեւորութիւնը. «Ինչ որ կ’ուզէք մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այդպէս ըրէք (Մատթ. 7:12): Նաեւ, երկու ուրիշ կանոններ յիշուած են այս էջերուն վրայ. «Պողպատի կանոնը», որ կ’ըսէ թէ իրաւունքը զօրաւորին է ու «Արծաթի  Կանոնը», որ բացասական երեւոյթ է, «Մի՛ ըների» կանոնն է: Սոյն բաժնին մէջ, հեղինակը «Մայրամուտով» յուզիչ պահեր կը ներկայացնէ ընթերցողին, նկարագրելով լոյսի ու սիրոյ հեղեղները ժառանգելու երջանկութիւնը եւ Յիսուսի հետ քալելու ու երկինքի պարտէզները վայելելու ուրախութիւնը: Այս բաժինը ճոխ է վստահութիւն ներշնչող բազմաթիւ օրինակներով, որոնք ազդեցիկ պատգամներով ամենակարող Աստուծոյ էութիւնը կը նկարագրեն:

Չորրորդ բաժինը լի է «լոյսի ճառագայթներով»: Հեղինակը կը ներկայացնէ Յիսուսի ծնունդէն 600 տարի առաջ կատարուած Եսայի մարգարէին հրաշալի աւետիսը: Այս բաժնին մէջ նաեւ կը հանդիպինք հոգիի մաքրութեան անհրաժեշտութիւնը շեշտող պատգամին եւ «Տօնական օրերու» եւ «հաւատացեալին նկարագիրը» ներկայացնող ազդեցիկ պատգամներու: Հեղինակը յատուկ կարեւորութիւն կ’ընծայէ «Յաւիտենական երիտասարդին», շեշտելով, թէ ծերութիւնը ֆիզիքական վիճակէ աւելի՝ հոգեկան եւ մտային վիճակ մըն է: Այս իրականութիւնը հեղինակին յարիր է, որովհետեւ 84 գարուններ բոլորած «մնայուն երիտասարդը» իր առողջ հոգիով եւ արթուն միտքով հսկայ գործունէութիւն կը ծաւալէ հոգեւոր եւ ազգային մակարդակներով:

Հինգերորդ ու վերջին բաժնով, հեղինակը կը ներկայացնէ «Երկինքի բնակիչները», հերոսներ, որոնք Քրիստոսի համար ապրեցան  մեզի օրինակ հանդիսանալով, ինչպէս՝ Պօղոս Առաքեալ: Այս բաժնին մէջ նաեւ ներկայացուած են նոր օրերու հերոսներ, որոնց երկնագնացութիւնը խորհրդածութեան արժանացուցած են զանոնք:

«Ութսունամեակի» էջերը կը նկարագրեն հեղինակին ծնունդը, իր ամուսնութիւնը եւ հայր դառնալու երջանկութիւնը, ինչպէս նաեւ իր կեանքին հետապնդած նպատակը: Հեղինակին կեանքը հարուստ է հաւատքով, յոյսով ու սիրով: Անոր գուրգուրանքը հանդէպ իր ընտանիքին, անփոփոխ սրբութիւններու, հոգեւոր սկզբունքներու, ազգային արժէքներու ու մարդկային ըմբռնումներու եզակի է: Կեանք մը, որ իր բուրմունքով օրինակելի դասեր կը սորվեցնէ ընթերցողին:

Հատորը իր աւարտին կը հասնի «Յարգանք մայրերուն» եւ «Հայրերուն ու մայրերուն» հոյակապ պատգամներով: Հեղինակին յարգանքը հանդէպ իր թանկագին հօր ու մօր վարակիչ է: Մօտէն ճանչցած ըլլալով իր աննման մայրը՝ Ազնիւ քոյր, կրնամ անվարան վկայել անոր ունեցած անբաղդատելի հոգեւոր կեանքին ներգործիչ ազդեցութիւնը իր զաւակին վրայ:

Միքայէլ Եուսուֆեանի բանաստեղծութիւն-արձակ պատգամներու համախմբումով, սոյն հատորը կը վերածեն եզակի շտեմարանի մը, որուն իւրաքանչիւր նիւթը ոսկեայ շղթայով մը շաղկապուած հոգեւոր-ազգային սնունդ կը պարգեւեն ընթերցողին:

Հատորը լոյս տեսած է 2016-ին: Գծագրութիւնները՝ Միքայէլ Եուսուֆեանի, գեղարուեստական ձեւաւորումը իր տաղանդաւոր զաւակին՝ Արամ Եուսուֆեանի եւ համակարգչային գրաշարութիւնը՝ Ազնիւ Էյլէնճեանի:

 Ու փառքը՝ միմիայն Աստուծոյ:

 ԾԱՆՕԹ. Սոյն գիրքէն անվճար օրինակ մը ունենալու համար՝ դիմել Մաշտոց Քոլէճ՝ (818) 548-9345: 

 

ԿԱՐՊԻՍ ՏԷՐ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ