Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

Երիտթուրքերն ու Թալէաթը ծափահարած են Կոմիտասին

Թրքական «Եէշիլկազեթէ» թերթը մանրամասն անդրադարձ կատարած է Կոմիտաս Վարդապետի կեանքին եւ ստեղծագործական ուղիին: Յօդուածի մէջ մանրամասնօրէն եւ հիացմունքով ներկայացուած է հայ հանճարի կեանքն ու մեծագոյն վաստակը:

Թուրք սիւնակագիր Էրճումենթ Կիւրչայը թէեւ չէ օգտագործած ցեղասպանութիւն բառը ու բաւարարուած է միայն աքսորի մասին խօսելով, սակայն իր յօդուածին մէջ հետաքրքիր պատմութիւն մը ներկայացուցած է, թէ ինչպէս երիտթուրքերը ընդունած են Կոմիտասին իր վերջին ելոյթէն ետք:

Կոմիտասի վերջին համերգի ժամանակ, որ տեղի ունեցած է 1915-ի ապրիլին եւ որուն մասնակցած է նաեւ Թալէաթ փաշան, Թուրքիոյ գիտութեան եւ կրթութեան նախարար Համտուլլ Սուպհի Թանրըօվերը այսպէս գոված է Կոմիտասին. 

«Անատոլիայի զաւակ այս հայ քահանան երկար աշխատանքներու արդիւնքով թեւեր տուած է հայկական երաժշտութեան: Ան, հրաժարելով իր հանգստէն, իր ամբողջ ժամանակը վատնած է հատ-հատ գիւղերը շրջելով տարբեր ստեղծագործութիւններ հաւաքելու վրայ: Ան ներկայացուցած է հայ ժողովուրդի ժառանգութիւնը: Մեր հոգեւորականներն ալ նոյնը պէտք է ընեն: Պէտք է սրտանց աշխատին թուրք ժողովուրդի զարգացման եւ գանձերու բացայայտման ուղղութեամբ: Իրականութիւնն այն է, որ հայկական մշակոյթը, մեր մշակոյթի համեմատ, աւելի կը զարգանայ: Անատոլիայի որ կողմը կ’ուզէք գացէք, հայերու ստեղծագործականութիւնն ու խելքը կը տեսնէք: Իրենց ստեղծագործութիւններով եւ արտադրանքով ձեզ կ’ըսեն «Ես այստեղ եմ»: Կու գնաք պալատ եւ կը տեսնեք, որ ճարտարապետը հայ է: Կը տեսնեք Վանի հայ ոսկերիչներու՝ աշխարհով մէկ յայտնի մատանիները: Գիտութեան բնագաւառէն ներս բոլոր գիրքերը հայերու կողմէ գրուած են: Անոնք այն մարդիկ են, որոնց հետ մենք դարերով ապրեր ենք»:

Նախարարի այս խօսքէն ետք երիտթուրքերը երկար ժամանակ յոտնկայս ծափահարած են Կոմիտասին՝ այդ շարքին նաեւ Թալէաթ փաշան։ 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ