Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Մոսուլն ալ, Քէրքուկն ալ անցեալին մերն էին. Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Պուրսա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքի ընթացքին յայտարարած է, թէ պատմականօրէն Իրաքի Մոսուլ քաղաքը իրենց եղած է, կը գրէ թրքական «Պիրկիւն» պարբերականը:  

Էրտողան խօսքը ուղղելով Իրաքի իշխանութիւններուն ըսած է.-«Մոսուլն ալ, Քէրքուկն ալ անցեալին մերն էին: Ինչո՞ւ կը վրդովիք, ես պատմութեան դաս կու տամ ձեզ, հասկցէ՛ք: Մենք տեղացի ենք, մենք հայրենասէր ենք»,- ակնարկած է Էրտողան: Աւելի ուշ ան աւելցուցած է. «Բայց մենք Իրաքի հողերու վրայ աչք չունինք»: 

Էրտողանը նաեւ յայտարարած է, որ Սուրիոյ մէջ «Եփրատի վահան» գործողութեան ծիրէն ներս թրքական զինեալ ուժերը պէտք է յառաջանան մինչեւ ալ-Պապ եւ Ռաքքա, այնտեղ ալ պայքարելու համար «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ: Էրտողանը նշած է, որ Ռաքքայի մէջ իրենք մտադիր են համագործակցել ԱՄՆ-ի գլխաւորած դաշնային ուժերուն հետ: 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ