Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Պատմաբան Հեսսեման Վատիկանի նոր բացայայտուած փաստաթուղթերուն հիման վրայ գիրք կը պատրաստէ

Գերմանացի պատմաբան, Հայոց ցեղասպանութեան թեմայով շարք մը աշխատութիւններու հեղինակ Մայքըլ Հեսսեմանը Վատիկանի բաց եւ գաղտնի պահոցներուն մէջ աշխատանքի արդիւնքով ի յայտ բերած է հայոց ցեղասպանութեան առնչուող 1100 էջ փաստաթուղթեր:  Լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ գերմանացի գիտնականը տեղեկացուցած է, որ այդ փաստաթուղթերուն հիման վրայ կը պատրաստուի գիրք մը գրել, իսկ փաստթուղթերուն պատճէնները  յանձնած է նաեւ Հայաստանի գիտութուններու ազգային ակադեմիոյ տնօրէնին: Հեսսեմանը տեղեկացուցած է նաեւ, որ գիրքը պիտի ըլլայ ոչ միայն գերմաներէն, այլեւ անգլերէն եւ այլ լեզուներով:  Գիտնականը պատրաստ է իր փորձով եւ գիտելիքներով կիսուիլ Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող թեմաներ ուսումնասիրող այլ գիտնականներու եւ հետազօտողներու  հետ եւս, կը հաղորդէ «Լուրեր» կայքը:

Անդրադառնալով փաստաթուղթերու  էութեան, Մայքլ Հեսսեմանը նշած, որ անոնք հիմնականօրէն Հռոմի պապերու վարած գրագրութիւններ են առաւելապէս Արեւելքի մէջ իրենց ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ Կափուչինեան եւ ֆրանչեսքան ուխտի ներկայացուցիչներուն հետ: Ըստ գիտնականին’ այս փաստը ցոյց կու տայ, որ Պապը շատ աւելի լայն տեղեկատուութեան շրջանակ ունէր, քան զուտ կաթոլիկ միսիոներները: Փաստաթուղթերը հիմնականօրէն իտալերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով են:

«Ուսումնասիրութիւնները հիմնականօրէն ցոյց կու տան, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ կատարուած է քրիստոնեայ տարրերու, առաջին հերթին, հայերու զանգուածային համակարգուած բնաջնջում: Անիկա լաւ ծրագրուած պետական ծրագիր էր: Երիտթուրքերը կը կարծէին, որ ուժեղ են միատարր պետութիւնները, իսկ ատոր հասնելու համար պէտք էր իրականացնել ազգային հիմքով զտում»,- կարծիք յայտնած է գիտնականը:

Անոր խօսքով, իր ուսումնասիրած փաստաթուղթերը ցոյց կու տան, որ կաթոլիկ եկեղեցին փորձած է ազդել Հայոց ցեղասպանութեան հարցով Գերմանիոյ դիրքորոշման վրայ: «Վատիկանը կը փորձէր Աւստրօ-հունգարիոյ միջոցով ազդել Գերմանիոյ վրայ եւ կանգնեցնել ցեղասպանութիւնը: Սակայն Գերմանիան կը ցանկար Թուրքիան պահել իր կողմը, նոյնիսկ եթէ պէտք ըլլար հայերու ճակատագրի գնով»,- նշած է գիտնականը: Հեսսեման կը կարծէ, որ նոյն այս քայլերուն համար մեղքի զգացումն էր, որ ստիպեց Գերմանիոյ խորհրդարանին այս տարուայ Յունիս 2-ին ընդունելու համապատասխան որոշումը եւ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Գերմանացի պատմաբանը նաեւ շեշտած է, որ իր ուսումնասիրած փաստաթղթերուն մէջ կան յստակ փաստագրումներ այն մասին, որ հայ զոհերուն թիւը կը հասնի 1.5 միլիոնի: «Ատոր մասին կը վկայէ նաեւ կափուչիններու ներկայացուցիչին նամակը, որ կը նշէ 1918-ի Նոյեմբերին, թէ 2.3 միլիոն հայերէն սպաննուած են 1.5 միլիոնը»,- ըսած է գիտնականը:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ