Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր «Մերիտիան» ցուցահանդէսային կեդրոնին մէջ ներկայ գտնուած է Հոկտեմբեր 27-30 տեղի ունեցող « ՋՈՒՆՎԵՔՍ Երեւան շոու-2016» ոսկերչական միջազգային ցուցահանդէսի բացումին: Ցուցահանդէսային կեդրոնը տեղակայուած է ոսկերչական ազատ տնտեսական գօտիի տարածքին, ուրկէ օգտուող տնտեսվարողները կ՛օգտուին հարկային եւ մաքսային արտօնութիւններէ: Հանրապետութեան նախագահը շրջած է «Հայ ոսկերիչներու համաշխարհային միութեան» (AJA) կողմէ արդէն վեցերորդ տարին կազմակերպուող ցուցահանդէսը, որուն կը մասնակցին աշխարհի տարբեր երկիրներէ յայտնի ոսկերչական ընկերութիւններ, անհատ ոսկերիչներ, փորձագէտներ:
Հանրապետութեան նախագահը շրջած է ցուցահանդէսի տաղաւարներով, դիտած հայրենական եւ արտերկրեայ ընկերութիւններու ներկայացուցած ոսկերչական իրերը, ոսկերչական արտադրութեան սարքաւորումները, ծանօթացած այդ ընկերութիւններու գործունէութեան ու յետագայ ծրագիրներուն: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ նախագահի մամուլի ծառայութիւնը: