Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

Որո՞նք են մեր ղեկավարները. Յակոբ Մարտիրոսեան

Աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ գոյութիւն ունին պետական իշխանութեան տարբեր ձևաւորումներ և կիրարկումներ: Ժամանակին, երկար ժամանակ առաջ, երբ տակաւին պետութիւններ գոյութիւն չունէին, մարդկութիւնը կ՚ապրէր այսօրուան առումով՝ «մթութեան մէջ» կամ «քարայրներու», կիսավայրենի և անասնական բնազդներով ցեղախումբերու բաժնուած. ունէին «ընտանիքի մեծեր», որոնք ցեղախումբերուն տարեցներն էին, որոնք կը ղեկավարէին իրենց ցեղախումբը, ընտանիքը կամ գիւղը: Այսօրուան նման այդ ցեղախումբերը կը պատերազմէին  իրարու դէմ, կը սպաննէին, կը գերէին և կը կողոպտէին զիրար, նոյն այն… այսօրուան պատճառներով: Բայց կարևորը, այդ ժողովուրդները ունէին ղեկավարներ, որոնք իրենց մեծ ընտանիքին, ժողովուրդին պաշտպանն էին, տէրը և հայրը, առանց այլախոհութեան, նոյնիսկ իրենց կեանքին գնով:

Դարեր եկան ու անցան այդ ժողովուրդներուն վրայ, ոմանք կանգուն մնացին  իրենց վաղեմի սովորութիւններուն վրայ, մեծցնելով իրենց ընտանիքներն ու ցեղախումբերը դառնալով երկիր և պետութիւն: Անոնց ղեկավարները դարձան  կայսրեր, թագաւորներ, իշխանններ կամ՝ բռնակալներ, որոնցմէ կենդանի նմուշներ ունինք այս դարուս մէջ աշխարհի զանազան տարածքներու վրայ: Այլ ազգեր և ցեղախումբեր նախընտրեցին տարբեր ղեկավարման միջոցներ ինչպէս՝ այսօրուան հռչակաւոր ժողովրդավարութիւնը, ընկերվարութիւնը, համայնավարութիւնը կամ՝ «կուսակցութիւններու իշխանութիւնը», որուն ղեկավարութիւնը կը գործէ ըստ օրուան պահանջքներուն: Իսկ ասոնք բոլորն ալ այսօր, կը ղեկավարուին աշխարհի մէջ թաքնուած 30 մեծագոյն ընտանիքներու և անոնց 6000 մանկլաւիկներուն կամ ստրուկներուն միջոցաւ, աշխարհի 6 միլիառ բնակչութիւնը ղեկավարելով իրենց պայմաններով (ինչպէս ըսած էր Հէնրի Քիսինճըր):

Զուիցերիոյ Ցիւրիխ քաղաքին մէջ եղած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ աշխարհի մէջ 147 առևտրական ընկերութիւններ կամ միութիւններ (corporations), որոնք ներքին կապերով կ՚աշխատին իրարու հետ, անո՛նք են աշխարհի ոյժի, քաղաքական և տնտեսական իրական ղեկավարները: Համաշխարհայնացումի ջատագովները նաև նոյն այդ ընտանիքներն ու այդ 147 ընկերութիւններն են, որոնց շահարկումներուն հեշտացման համար միակ միջոցը կը նկատեն այդ: Սակայն ինչպէս կը տեսնենք վերջին տարիներուն, Եւրոմիութեան շարքերուն մէջ խախտումներ և բաժանումներ կ՚արձանագրուին, Միացեալ Նահանգներու մէջ այդ ընկերութիւնները կը կրեն ընկրկումներ և միջազգային գետնի վրայ անոնք կը կորսնցնեն իրենց ծրագիրներու իրականացման աղբիւրները: 1972-ին, նախագահ Նիքսընի և Քիսինճըրի հիմնադրած «փեթրօ տոլար»-ի առևտրային փոխհատուցման նիւթական միջոցը, ուր Միացեալ Նահանգները կը վարձատրուէր ամերիկեան տոլարով փոխան այդ երկիրներուն ընծայած իր «պաշտպանողական ծառայութիւններուն», և իր գնած ապրանքներուն փոխարէն կը վճարէր անարժէք «պետական պահեստի» մուրհակներ: Այսօր սակայն, Միացեալ Նահանգներ կը դժուարանայ պահել աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ զետեղած իր 700 ռազմական խարիսխները, որքան ալ «պետական պահեստը» տրցակներով տոլարներ տպէ, մինչև լուսին հասնելու աստիճան:  Նկատի առնելով նաւթի գիներուն անկումը, Սէուտական Արաբիան և միւս նաւթատէր երկիրները, որոնք առևտուրի մէջ են Միացեալ Նահանգներու պետութեան  հետ, պիտի չկարենան գոհացնել անոր պահանջքը: Այսօր, երկրին քաղաքագէտները կ՚անդրադառնան թէ անհնար է այդ ռազմախարիսխներու պահպանումը, կամ՝ 400 միլիառ տոլարի մսխումը F35 ռազմական օդանաւի մը սիրոյն, որուն կառուցումը տակաւին չէ աւարտած: Իսկ ռազմախարիսխներու մասնակի կամ լիովին փակումով, երկիրը հաւանաբար ենթարկուի տնտեսական խիստ մեծ տագնապի, ուր ապրանքներու և ապրուստի սղաճը պիտի դառնայ անտանելի, որուն սկզբնական նշոյլները զգալի դարձած են արդէն:

Իսկ այս բոլորը… կարելի է կանխել, եթէ Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդը իր ձայնը միացնէ Եւրոպայի, Ասիոյ, Լատին Ամերիկայի, Ափրիկէի և Միջին Արևելքի ժողովուրդներուն, ընդդիմանալով «համաշխարհայնացումին», որուն միակ նպատակն է հարստացնել այդ 30 ընտանիքները, անոնց ստրուկներն ու դրամատուներու գահերուն բազմած արիւնարբու և անխիղճ արարածները:

***

Դարեր առաջ գոյութիւն ունեցած են համանման համաշխարհայնացման փորձեր զանազան ազգերու կողմէ, (Հռոմէական, Յունական, Պարսկական, Արաբական, Օսմանեան ևայլն), սակայն, բոլորն ալ ձախողութեան մատնուած են շրջան մը ետք, ժողովուրդներու ընդվզումով: Վերջին 100-ամեակին սլացք ստացած նոյն գաղափարախօսութիւնը արդէն 2 համաշխարհային պատերազմներու տեղի տուած է և այսօր կը սպառանայ երրորդին, որ շատ հաւանաբար կրնայ ահռելի կործանարար արդիւնք տալ աշխարհի տարածքին:

Ուրեմն, երբ այսօր Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդը երկու գլխաւոր հոսանքներու բաժնուած, մին՝ հանրապետական, միւսը դեմոկրատ, իսկ մնացեալ երկու կամ երեք աննշան կուսակցութիւններն ալ անոնց շուքին ներքև ծուարած, կը պայքարին հանրապետական կամ դեմոկրատ թեկնածու մը ընտրել որպէս երկրի նախագահ, ինչպիսի՞ փոփոխութիւն (change) կը կարծէք որ նորընտիր նախագահը կրնայ բերել երկրին, երբ բոլորը ենթակայ են այն 30 ընտանիքներուն հրահանգներուն:

Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ նախնական շրջանին եղած են  1 «ֆետերալիսթ», 4 «Ուիկ» կուսակցութեան պատկանող նախագահներ (որոնք այսօր գոյութիւն չունին), իսկ մնացեալները, բոլորը եղած են դեմոկրատ կամ հանրապետական, մինչև այսօր:

Մէկ խօսքով, այս երկու կուսակցութիւնները իւրացնելով երկրին նախագահութիւնը, փոխադարձ ժամանակամիջոցներով զիրար կ՚ընտրեն և համարեա շատ չնչին տարբերութեամբ: Ուրեմն՝ ի՞նչ է տարբերութիւնը եթէ յատկանշական որևէ փոփոխութիւն պիտի չըլլայ երկրին վարած քաղաքական, տնտեսական և այլ մարզերու գործընթացին մէջ: Այն ատեն ո՞վ կ՚ուզէ թող նախագահ ընտրուի: Երկիրը արդէն կը դիմակալէ 20 եռիլիոն պարտք և ոչ մէկուն տուած պատասխանը արդարացուցիչ է կամ գործնական այդ սխալը ուղղելու դրութեամբ:

Արդարեւ, ի՞նչ նշանակութիւն ունի տարի մը ամբողջ երկրին ժողովուրդը յոտնկայս զգաստ պահել դիտելով այս երկու «հտպիտներուն» խեղկատակութիւնը…

Ո՜հ, այդ պարզապէս ժողովուրդը զբաղ պահելու և զուարճալի պահեր ընծայելու համար է կը կարծեմ…:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ