Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայոց լեզուն «արկածային» խաչմերուկներու վրայ. Պարոյր Յ. Աղպաշեան

Սրբոց Թարգմանչաց Տօնին Առիթով` Դիտարկում

 

 Լիբանանահայ հմուտ մտաւորական, խմբագիր եւ լեզուաբան Պարոյր Աղպաշեան այս յօդուածով անգամ մը եւս մատը կը դնէ վէրքին վրայ։ Ո՞ւր կ՚երթայ Արեւմտահայերէնը, որո՞նք կը գործածեն մեր այս սքանչելի լեզուն այսօր եւ ինչպէ՞ս…։ Ցաւը ամէն տեղ է. Ամերիկաներ, Եւրոպա եւ Միջին Արեւելք։ Մեր կարծիքով՝ նոր ծրագիրներ, նոր դասագիրքեր եւ նորագոյն միջոցներ են պէտք Արեւմտահայերէն կոչուող «հիւանդին» կեանքը երկարացնելու համար։

«Նոր Օր»

 

Հայ ժողովուրդի կեանքը՝ իր անցեալով, ներկայով եւ ապագայով, իր օրհնաբեր լեզուն է, չքնաղ լեզուն է, դիւթիչ լեզուն է, աստուածային լեզուն է, առանց որուն ան չէր կրնար գոյատեւել, շնչաւորել ու կենդանանալ։

Ասոր հաւատալու կամ համոզուելու համար, կը բաւէ աչք մը նետել հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան վրայ, հասկնալու ու զգալու անոր անփոխարինելի ներուժը, անսակարկելի գրաւչութիւնը եւ անչափելի ներգործութիւնը անոր ազգային-նկարագրային կերտման վրայ։

Արդարեւ, պերճախօս իրականութիւն մը, զոր կարելի չէ անտեսել կամ ուրանալ, մանաւանդ ի տես հայ ժողովուրդի բանաւոր ու գրաւոր մշակութային անսպառ հարստութեան, գիրի ու գրականութեան անբիծ աւանդութեան։

Իսկ այդ բոլորը ինչի՞ արդիւնք էին, եթէ ոչ հայոց լեզուի հզօրութեան ու հմայչութեան, որ հայ ժողովուրդին կու տային այնպիսի լիցք ու մղում, որով ան կը դառնար անոր բացարձակ «տէրն ու տիրական»ը, զայն յաւերժացնելու եւ անմահացնելու հեռատեսութեամբ։

Հայոց լեզուն այն աշխարհն է, որ հայ ժողովուրդին տուաւ ապրելու եւ վերապրելու կարելիութիւն, գործելու ու վերագործելու վճռակամութիւն, կառուցելու ու վերակառուցելու հնարաւորութիւն, իմաստաւորելու ու վերիմաստաւորելու նպատակասլացութիւն եւ, ամէնէն կարեւորը, հայացնելու ու վերհայացնելու ուղղուածութիւն, որովհետեւ անիկա դարձած էր այն հիմնօղակը, որ կրնար հայ ժողովուրդին լինելութեան եւ յարատեւութեան ամբողջացման, կազմաւորման ու հիմնաւորման գծով, դառնալ մնայուն ու հետեւողական կռուան մը ու գրաւական մը։

Ինչո՞ւ այս արագ ակնարկը եւ ի՞նչ ապացուցելու համար։

Որքան ալ հպարտանանք հայոց լեզուի ճոխութեամբ եւ անկէ առաջացած նուաճումներու մակարդակային որակաւորութեամբ, այսօր, ան կը գտնուի խիստ վտանգաւոր ու մտահոգիչ զառիթափի մը վրայ, որ արդէն իսկ սկսած է իր տխուր եւ աւերիչ հետեւանքները ունենալ։

Այն խորհրդակցութիւններն ու խորհրդաժողովները, որոնք տեղի ունեցան եւ կʼունենան զանազան հորիզոնականներու վրայ եւ տարբեր քաղաքներու մէջ, պաշտպանելու կամ պահպանելու Արեւմտահայերէնը, ցարդ որեւէ դրական տեղաշարժ չարձանագրեցին, ոչ ալ լաւատեսութիւն ներշնչեցին, թէ՝ գնացքը յառաջընթացի մէջ է։

Պատճառը շատ պարզ էր, որուն մասին մանրամասնօրէն անդրադարձած էինք մեր «Չարչարուող» Արեւմտահայերէնը եւ զայն…. «չարչարողներ»ը, ուր լուսարձակի տակ առած էինք Արեւմտահայերէնի դէմ ծառացող տագնապները, զայն կորսնցնելու հաւանականութիւնները թուելով, տարտղնուած կամ բեւեռացած համագումարները անբաւարար նկատելով, ի դէմս անոր, մեղմ ըսած, տժգունած կամ դալկացած դառնալու… արագընթացութեան։

Անտարակոյս, փշոտ է այս թղթածրարը, որովհետեւ ան բազմաշերտ ու խայտաբղէտ բովանդակութիւն մը ունի եւ չի կրնար Արեւմտահայերէնը իր արմատականութեան եւ ինքնութեան վերադառնալ կամ վերականգնիլ, այնքան ատեն որ սփիւռքեան պայմաններուն մէջ ապրող կամ գոյատեւող հայութիւնը կը պարտաւորուի համակերպիլ իր շրջապատին մէջ։

Բնական է, երբ կը խօսինք հայոց լեզուի ու զայն պահել-պահպանելու անհրաժեշտութեան մասին, նկատի ունինք զոյգ հատուածներու լեզու՝ Արեւմտահայերէնին եւ Արեւելահայերէնին, որոնք երկուքն ալ, առաւել կամ նուազ չափով, կը դիմագրաւեն մարտահրաւէրներ, կը գտնուին սահանքներու մէջ։

Արեւելահայերէնը աւելի բախտաւոր վիճակի մը մէջ կը գտնուի, պարզապէս անոր համար, որ՝ սահմանադրականօրէն, ան պետական լեզու է եւ համալրուած՝ լեզուական գերատեսչութեամբ, որ կը հսկէ ու կը հետեւի անոր գործածութեան ու գործադրութեան։

Այդուհանդերձ, ինչպէս խորհրդային շրջանին, Արեւելահայերէնը, խօսակցական լեզուն, մերթ աղաւաղուած էր ռուսական անտեղի բառակոյտով, մերթ՝ ժարկոնային անիմաստ բառաթխուածքով, այսօր եւս ան կը տառապի նոյն օտարամուտ բառերով, բարբառային երանգներով եւ արտգաղութային խառնափնթոր լեզուամտածողութեամբ։

Որոշ է, որ այս մռայլ դրուածքը, խօսակցական Արեւելահայերէնին վրայ կը ձգէ խիստ անբաղձալի ազդեցութիւններ, զայն հեռացնելով կամ օտարացնելով իր իսկական էութենէն, գրականացած լեզուէն։

Ասիկա կը նշանակէ, թէ՝ Պետական լեզուն հայերէնն է, բայց, հաղորդակցական լեզուն… խառնարային է, որ չզսպուելու կամ անոր վրայ անհրաժեշտ ուշադրութիւն չդարձնելու պարագային, կրնայ դառնալ ողբերգական, նոյնիսկ ազդելով գրական լեզուին վրայ։

Ուրիշ ուշագրաւ երեւոյթ մըն է արտասահման գաղթող կամ բնակող արեւելահայերուն պարագան, որոնք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի, Քանատայի, Աւստրալիայի մէջ, տեղական լեզուներուն քիչ թէ շատ ծանօթանալով, տեղւոյն հայութեան հետ ալ շփուելով, երբեք չեն հրաժարիր իրենց խօսակցական Արեւելահայերէնէն (հոգ չէ թէ յաճախ անճոռնի, երբեմն ալ Արեւմտահայերէնին հետ խառնելով, ստեղծելով կատարեալ Արշակաւանեան լեզու մը)։

Եթէ հողի ձայնի տրամաբանութեամբ տեղի կʼունենայ այս երեւոյթը, հասկնալի է, բայց, տարօրինակը, այդ ընթացքով, իսկական Արեւելահայերէնէն ի՞նչ կը մնայ, իր տառատնկեալ գործածութեամբ ու բովանդակութեամբ։

Արեւմտահայերէնը, ի հեճուկս զայն փրկելու ճիգերուն ու կոչերուն, արդէն իսկ կը նկատուի «մեռած» կամ «մեռնելիք» լեզուներու շարքին, որովհետեւ՝ Սփիւռք կոչուած ձուլարանը, համաշխարհայնացումի թանձրութեամբ, հայոց լեզուի խօսակցութեան հնարքներն ու միջոցները արդէն սկսած էին մաշեցնելու զայն։

Զիրար չխաբենք. հայոց խօսակցական լեզուն Սփիւռքի մէջ կը նկատուի երկրորդական կամ երրորդական (չխօսինք գրական լեզուի մակընթացութեան ու մամլոյ լեզուին անփառունակութեան մասին)։

Լսենք խօսակցական այն հայերէնները, որոնք կը հնչուին կամ կʼարտաբերուին նոր սերունդին կողմէ, Ամերիկաներու, եւրոպական երկիրներու, Քանատայի ու նոյնիսկ Միջին Արեւելքի մէջ – խառնարային լեզու մը, տեղական գոյներով, դարձուածքներով եւ արտայայտութիւններով։

Պանծալի Արեւմտահայերէնը՝ իր կուռ լեզուով, շքեղ բառապաշարով եւ աննման շարահիւսուածքով, անկրկնելի գրական աշխարհ մը ստեղծած էր ու զայն պարգեւած յետագայ սերունդներուն։

Իսկ այսօր, ան կʼաղճատուի ու կը խաթարուի, կը խաչուի ու կʼեղծանուի, որովհետեւ զայն դարձուցած են նուազ պիտանի, նախընտրելով տեղայնական լեզուները, վերածած են խառնիճաղանճային գործիքի մը։

Նահանջ բառ գործածելը շա՜տ քիչ է, երբ ամէն օր ու վայրկեան կը տեսնենք ու կʼապրինք հայոց լեզուի խաչակրութիւնը, հիւծումը, որուն համար պայմաններն ու աշխարհաքաղաքական ազդեցութիւնները միայն «մեղաւոր» նկատելը այնքան ալ արդարանալի եւ արդարացի չեն, երբ հայոց լեզուն խոցոտող ու խողխողող կողմերը՝ ՄԵՐ իրականութեան մէջ, իրենց խորթացնող եւ ապակողմնորոշող վերաբերմունքով եւ նաեւ, ինչու ոչ, իրենց արհամարհական մօտեցումներով, կը կրծեն ու կը թունաւորեն զայն։

***

Սփիւռքահայ կրթական համակարգին մէջ, հայոց լեզուի պահպանման ու կենսաւորման գործընթացի գծով, այլեւս կարելի չէ կիրարկելի պահել կամ հետեւիլ այն ուսումնառութեան կամ դասաւանդութեան ծրագիրներուն, որոնցմով հայոց լեզուն կրնայ ծառայել անոր գործածութեան երաշխաւորման ու հաղորդակցման արդիւնաւորութեան լծակներուն։

Եթէ նոյնիսկ դասագրքային պաշարները, իրենց այժմէական մեթոտաբանութիւններով ու նորաբանութիւններով, մանկավարժական արժեւորումներով եւ ուղղուածութիւններով, չեն կրցած հասնիլ բաղձալի եւ շօշափելի արդիւնքներու, ՅՍՏԱԿ է, այլեւս պէտք է որոնել նոր դաշտեր կամ հորիզոններ, որոնք խօսակցական լեզուին կրնան տալ ոչ միայն աշխուժութիւն ու կենսունակութիւն, այլեւ՝ հեզասահութիւն ու դիւրամատչելիութիւն։

Աւելի քան իրատեսելի է, որ Արեւմտահայերէն լեզուն, իր պահպանելիութեամբ ու գործածելիութեամբ, դարձուածքային ու հանգրուանային խաչմերուկի վրայ կը գտնուի, որուն «փրկութիւնը» չի կրնար դրսեւորուիլ կամ կերպարանաւորուիլ, այսպէս ըսած, հնամենի ու հնաւանդ ելեւէջներով ու վերիվայրումներով, իսկ շրջանցելու համար զանոնք, անհրաժեշտ է, նախ՝ ձերբազատուիլ այդ բարդոյթէն, ապա՝ մշակել աւելի գործնական մայրուղի մը, որ կրնայ ամրօրէն ընդհանրացնել եւ արմատաւորել անոր արժանաւորութիւնը։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ