Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

Լիբանան ընտրեց իր 13-րդ նախագահը՝ Զօր. Միշէլ Աուն

Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ ընտրուեցաւ Զօր. Միշէլ Աուն: Քիչ առաջ աւարտած քուէարկութեան արդիւնքով ան ստացաւ 83 քուէ եւ իր ունեցած քուէներով (ըստ  սահմանադրութեան  երկրորդ  նիստին ցանկացած թեկնածու պէտք է ստանայ խորհրդարանի անդամներուն կէսէն առաւել քուէնները) ընտրուեցաւ հանրապետութեան նախագահ: Աուն առաջին  նիստին  ստացած էր 84 քուէ (պէտք է ստանար  86 քուէ): Առաջին նիստին Աունի յօգուտ եղած քուէներէն բացի կային 36 «սպիտակ» քուէներ, ինչպէս նաեւ «Մայրիներու յեղափոխութիւնը ի նպաստ Լիբանանի» վերատարուած 4 քուէներ եւ երկու քուէներ, որ կը կրէին երեսփոխան Ճիլպէրթ Զուէյնի եւ երգչուհի Միրեամ Քլինքի անունները (6 քուէներ  չեղեալ համարուեցան): Նիստին իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին  128-էն 127  երեսփոխաններ:       

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ