Կիրակի, Նոյեմբեր 17, 2024

Շաբաթաթերթ

Կարելի է ներել, բայց երբեք կարելի չէ մոռանալ․Սլովաքիոյ Ազգային խորհուրդրի նախագահը՝ Հայոց ցեղասպանութեան մասին

Խորհրդարանէն ներս այսօր կայացաւ ԱԺ նախագահ Գալուստ Սահակեանի եւ Սլովաքիայի Հանրապետութեան Ազգային խորհուրդի նախագահ Անտրէյ Տանքոյի հանդիպումը, որմէ ետք անոնք լրատուամիջոցներու համար հանդէս եկան համատեղ յայտարարութեամբ։

ՀՀ ԱԺ նախագահ Գալուստ Սահակեանը, ներկայացնելով հանդիպման բովանդակութիւնը, նշեց, որ Սլովաքիայի խորհրդարանի ղեկավարի հետ քննարկեր են Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակը, Ազրպէյճանի կողմէ ապրիլին սանձազերծած յարձակումը,  ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուեր է ՀՀ-ԵՄ նոր իրաւական փաստաթուղթի շուրջ ընթացող բանակցութիւններու ընթացքին։ 

Սլովաքիոյ Հանրապետութեան Ազգային խորհուրդի նախագահ Անտրէյ Տանքոն ընդգծեց, որ ուրախ է այն փաստի առթիւ, որ Սլովաքիայի խորհրդարանը ճանչցեր ու դատապարտեր է Հայոց ցեղասպանութիւնը:

«Մարդասիրութիւնը պարտաւոր է յիշել եւ յարգել պատմութիւնը», – ընդգծեց ան։

Ա.Տանքոյի խօսքով՝ մարդիկ պէտք է գիտնան եւ հասկնան հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, որպէսզի ընկալեն, թէ որքան տառապանքներ կրած է ան:

«Ես շատ կը սիրեմ օգտագործել նախադասութիւն մը, որ ձեզմէ սորվեր եմ՝ «Կարելի է ներել, բայց երբեք կարելի չէ մոռանալ»: Պատմութիւնը մոռնալ երբեք կարելի չէ», – ըսաւ ան։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ