Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Ազրպէյճան նռնականետ եւ ականանետ կիրառած է հայ դիրքերու ուղղութեամբ

2 Նոյեմբերին` ժամը 11:20-ի մօտերը, Թալիշի ուղղութեամբ, բացի հրաձգային զինատեսակներէ, ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է  ենթափողային նռնականետ (ԵՆ-25  /4 արկ/), իսկ 3 նոյեմբերի լոյս գիշերը ժամը 02:15-ի մօտերը`  ականանետ (2 արկ): Այս մասին կը տեղեկացնէ ԼՂՀ  ՊՆ  մամլոյ ծառայութիւնը։

Ընդհանուր առմամբ անցեալ գիշեր արցախեան սահմանին հակառակորդի կողմէ հրադադարը խախտուած է շուրջ 30 անգամ, որու ընթացքին, տարբեր զինատեսակներէ, հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 370 կրակոց: Հակառակորդի նախայարձակ գործողութիւններու արդիւնքով ՊԲ-ն կորուստներ չէ ունեցած:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ