Կիրակի, Դեկտեմբեր 1, 2024

Շաբաթաթերթ

«Հիւրրիյէթ» թերթի լրագրող Եաշին գրած է Հայաստան մասին իր տպաւորութիւնները

«Հիւրրիյէթ» թերթի կայքէջին մէջ թուրք լրագրող Մէհմէտ Եաշին, կը գրէ որ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի կողմէ «Թուրքիա-Հայաստան լրագրողներու երկխօսութեան» ծիրէն ներս Հայաստան գացեր է: Ան այս մասին կ’արձանագրէ իր տպաւորութիւնները: 

«Հրանդ Տինք հիմնարկ»ը 2009-էն ի վեր ամէն տարի «Թուրքիա-Հայաստան լրագրողներու երխօսութեան ծրագիր»ներ կը կազմակերպէ: Այս տարի եւս, մամլոյ աշխարհէն մշակութային նիւթերու եւ ճաշի մասնագէտներու համար յայտագիր պատրաստուած էր, որոնց միջեւ եղած էր Եաշին, որ կը գրէ՝

«Եօթ օր տեւողութեամբ ես այս երկրին մէջ պտըտելու առիթ ունեցայ: Պէտք է խոստովանիմ, որ վերջին շրջաններուն զիս ամէնէն աւելի տպաւորող ճամբորդութիւնը այս եղաւ:

Դէպի Երեւան պտոյտը մինչեւ այսօր մտքիս ծայրէն իսկ չէի անցուցած եւ այդ պատաճառաւ է որ երբ հրաւէրը ստացայ, յուզում մը պատեց սիրտս: Հայաստանը անգամ մը տեսած էի Կարսի Անիի աւերակներէն: Թուրքիոյ սահմանին այնքան մօտ էր որ «եթէ քար մը նետեմ միւս կողմ կը հասնի» խորհած էի: Հայաստանը ահաւասիկ այնքան մօտ ու այնքան հեռու էր:

Կէսօուան ժամուն էր երբ ծանօթացայ Երեւանի հետ: Արեւօտ օր մըն էր եւ ես Երեւանը երբեք այսպէս չէի երեւակայած: «Աղքատ քաղաք մը» կրնայ ըլլալ կը մտածէի: Պանդոկս կը գտնուէր Երեւանի սրտին վրայ եւ եկուորին կը հրմացնէր հարուստ տեսարաններ:

Հրապարակներ, արձաններ, փարիզեան տեսքով սրճարաններ, արդիական ճաշարաններ, հարուստ խանութներ, շքեղ պանդոկներ, կապելներ, հարստութեան ցուցանիշ՝ ճիփ ինքնաշարժեր եւ ամէն  վաճառանիշի կառքեր: Երիտասարդուհիները շատ գեղեցիկ էին: Իսկ տղամարդիկը ճիշդ ու ճիշդ մեզի կը նմանէին: Հարցնողներու դիմաց պահ մը վարանում ունեցայ թուրք ըլլալս ըսելու մասին, բայց տեսայ որ ո՛չ ոք զայրոէթ արտայայտեց ինծի դէմ: Ընդհակառակը ամէն մարդ ժպտադէմ եւ քաղաքավար մերձեցում ցոյց կու տար ինծի:

Կեդրոնը կար հանրապետութիւն հրապարակը: Հրապարակին շրջակայքը զարդարուած էր Հայ Ճարտարապետութեան ամէնէն գեղեցիկ նմոյշներով: Կեդրոնի մեծ աւազանին շուրջ գիշերները խրախճանք կը սարքուէր, որովհետեւ աւազանի ցայտաղբիւրէն պոռթկացող ջուրը երաժշտութեան կշռոյթի հետ պար կը սարքէր:

Երեւան քաղաքն ալ որ ճիշդ ու ճիշդ Իսթանպուլի եւ Հռոմի նման եօթը բլուր ունի, հրապարակներու եւ արձաններու քաղաք է միաժամանակ: Այս հրապարակներէն ամէնէն կարեւորը Քասքատն է: Հրապարակի ծայրէն բարձրացող շէնքերու արուեստանոցները հետաքրքրական ստեղծագործութիւններ կը ցուցադրեն:

Երեւանի ամէնէն աչքառու եւ կախարդական տեսարանը մեծ ու պզտիկ Աղրը (Մասիս-Արարտ) լեռները կը պարզէին: Քիլոմեթրերու հեռաւորութեամբ գտնուող այս լեռը կը տեսնէին այնպէս որ կարծես թէ քիչ անդին է:  Հայերը պարզապէս կը պաշտեն այս լեռները: Արդէն քաղաքի զինանշանը՝ առիւծի կուրծքին մխուած սուրով, Արարատ լեռը կը ցուցադրէ: Այս լեռը առաջն անգամ կը տեսնեմ անքան մօտէն եւ այսքան գեղեցիկ եւ փառահեղ տեսքով: Երկու հսկայ լեռներ, որոնք մայրամուտին կախարդական տեսք կը ստանան: Կարմրագոյն ամպեր ճերմակ գագաթին հետ թեւանցուկ, մանիշակագոյնի կը ներկուին: Իսկ լերան փէշերուն վրայ նարնջագոյն ցոլացումներ պար կը բռնեն: Աղրը լեռը այսքան գեղեցիկ, այսքան մօտէն եւ այսքան յստակ տեսայ:

Երեւանի մէջ շատ հաճելի երեք օրեր անցընելէ ետք առագաստ բացի դէպի ծառախիտ վայրեր: Մայրաքաղաքէն քանի հեռացայ, Հայաստան աւելի գեղեցկացաւ եւ իր աղքատի դիմագիծը աւելի տեսանելի դարձուց: Ճամբու ընթացքը պարբերաբար ընդհատուեցաւ ոչխարներու հօտով: Առաջին կայքս եղաւ Արենին: Այստեղ հետեւեցայ գինիի փառատօնի արարողութեան: Տեղւոյն բնակիչները իրենց տան արտադրութիւնները կը ցուցադրէին: Գինի, վոտքա, պանիր, պահածոյ…: Ճամբաս շարունակեցի համտեսելով գինիներն ու վոտքաները: Տան մէջ պատրաստուած գինիները չհաւնեցայ: Բայց թութէ պատրաստուած վոտքան համով էր: Յաջորդ առաւօտ երկար ճամբորդութենէ ետք Հալիձորի մէջ նստայ աշխարհի ամէնէն երկար ճոպանուղին: 5735 մեթր երկարութեամբ այս ճոպանուղին գագաթներ նուաճելով կը հասնի մինչեւ Տաթեւի վանք: Վարը, վայրագ տեսարան մը մարդուս սիրտը կը թփրտացնէ: Փոքրիկ գիւղեր, առուներ, խորունկ գետիններ, սրածայր լեռներ, անտառներու մէջ նեղ ճամբաներ, դէպի երկինք սուզուող թռչուններ…: Բոլոր ասոնք երկար ճամբորդութիւն մը գեղեցկացնող տեսարաններ էին:

Պտըտեցայ Տաթեւի պատմական վանքին մէջ: Արարողութիւն կար այնտեղ: Անկիւն մը նստայ անձայն-անշշուկ: Պատուհաններէն սուզուող ճառագայթները սրբութեան լոյսին նմանցուցի:

Վերադարձի ճամբուն վրայ ոչխարները դարձեալ ընդհատեցին մեր գնացքը: Խորհելով  որ քունս կու գայ, չհամրեցի թէ անոնք քանի հատ էին: Յաջորդ օր գացի Հայաստանի կանանչ քաղաքը՝ Դիլիջան: Չորս կողմս ծառերով շրջապատուած էր: կաղամախիները հիմակուընէ դեղնած, կաղնիներու տերեւները կարմրագոյն տեսք ստացած էին: Մտածեցի որ ամիս մը ետք այս անտառները գոյնի խրախճանք պիտի սարքէին:

Դիլիջան վերադարձիս երկրի ամենամեծ լիճին՝ Սեւանի մօտ գացինք: Սեւանը «Սեւ-Վան» կը նշանակէ եղեր: Վանայ ծովուն նմանողութեան համար մկրտուեր է այս անուամբ:

Մեր վերջին օրը գացի Տը Քլիւպ անուն ճաշարնը, ու ճաշակեցի Անահիտ Սարգսեանի ձեռամբ պատրաստուած համեղ ճաշը: Միաժամանակ ունկնդրեցի ճաշարանի տնօրէն երգիչ նախկին իսթանպուլահայ Պօղոս Եղիազարեանի արիաները:

Պտոյտիս վերջակէտ դրի Փուշքին պողոտայի վրայ Մալխաս Ճազ քլապի մէջ սփռուած հրաշալի երաժշտութեան ունկնդրութեամբ:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ