Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

Բաց նամակ Մանուկեան-Տեմիրճեան Վարժարանին. Յակոբ Մարտիրոսեան

Սոյն նամակը ուղղուած ըլլայ ի մասնաւորի՝ ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, ծնողներուն, բոլոր աշխատակիցներուն և մանաւանդ՝ աշակերտութեան:

Վերջին 7 տարիներուն կը հետեւիմ վարժարանին կրթական մարզի իրագործումներուն և անոր յանձն առած ազգային ուսումնական և մշակութային ենթագիտակցական անվեհեր աշխատանքի հաւատարիմ վճռակամութեան:

Ի խորոց սրտի, հայեցողութեամբ, խնդրանքս այն ըլլայ, որպէսզի այս երկտողը չնկատուի որպէս թերգնահատանք կամ գնահատանք ո՛չ անցեալի և ո՛չ ևս ներկայ այս և այլ վարժարաններու հոգաբարձութեանց, տնօրէնութեանց կամ աշխատակազմերուն, որովհետեւ պարագաներն ու պայմանները փոփոխական են ըստ արագընթաց արհեստագիտական այս աշխարհին, որոնց ընկալումը կարծէք պարտադիր պահանջք դարձած է այսօր, նոյնիսկ՝ տարեց սերունդին համար:

Դիպուածաբար կ՚ունկնդրէի «Եու Էս Արմէնիա» հեռուստատեսիլի հեռասփռման «Համահայկական» առաւօտեան ծրագիրը, որ սփռուեցաւ Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 28-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, եթէ չեմ սխալիր: Ծրագիրը կը ներկայացնէր ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան Վարժարանի հիմնադրութեան 40-ամեակին առիթով, Նոյեմբեր 19-ի առաւօտեան ժամը 10-էն 1։00 տեղի ունենալիք “Open House”-ը: Մենք՝ սփիւռքահայերս, անոնք որոնք գաղթած են Միջին Արևելքէն, ծանօթ չէինք այսպիսի միջոցառումներու, որոնք ծնունդ առած են այս ափերուն վրայ: Սակայն, մեր զաւակներուն ուսանողական ժամանակաշրջաններուն վարժուեցանք տեղական պայմաններուն և անոնց նշանակութիւններուն: “Open House”-ը հետաքրքրական և պայմանական է նոր այցելուներու, ծնողներու և աշակերտներու համար, որպէսզի ներկայ գտնուին նման միջոցառումներու, մօտէն ծանօթանալու համար դպրոցին, ինչպէս նաեւ իրենց զաւակներուն ուսումնական աշխատանքի արդիւնքին, անոնց արձանագրած յաղթանակներուն, սխրագործումներուն կամ՝ հետեւողական տնտնողականութեան և անտարբերութեան, կազմելու համար իրենց ուրոյն գաղափարը զաւկին և վարժարանին կարողութիւններուն մասին: Նպատակը սրբազան է և դիւրազգաց կարգ մը ծնողներու համար, սակայն հետապնդուած նպատակը ծանօթացում, լուծում և բուժում է, համայնքին մէջ տիրած ցցուն դժուարութիւնները դիմակալելու միտումով:

Վարժարանին ներկայացուցիչներուն ելոյթը խիստ տպաւորիչ էր և անկեղծ, ուղիղ նպատակասլաց, որուն փաստը կը նկատեմ այս տարի, թոռանս հայերէն լեզուի ցնցիչ զարթնումին ի տես: Հայերէն լեզուի առոգանութեան զարգացումը անոր մէջ և մանաւանդ՝ հայերէն լեզուին հանդէպ արծարծուած սէրը կարծէք նոր թափ տուած են իր հայկականութեան: Վերջ ի վերջոյ, գոնէ… հետս հայերէն կը խօսի այլևս:

Յաճախ կը հետեւիմ հայրենիքէն սփռուած կայաններու ուսումնական, կրթական կամ գիտական ծրագիրներու, որոնց յար և նմանը ունէինք, նուազ տարողութեամբ անշուշտ, Միջին Արևելքի մեր ապրած երկիրներուն մէջ: Այնտեղ՝ մանուկները կը սորվէին և տակաւին կը սորվին երեք լեզուներ… միատեղ, եթէ ոչ աւելին, իրենց մատղաշ տարիքէն սկսեալ: Ծնողները բնաւ չէին գանգատեր դասերու «շատութեան» կամ «դժուարութեան» մասին: Կը հաւատայինք, թէ մանուկը պէտք էր մատղաշ տարիքէն տիրապետէր լեզուներու, «այնքան լեզու որ գիտես, այնքան մարդ ես» առածին իրականութեան համար:  Մենք և մեր յաջորդ սերունդները այդ ոգիով կրթական սնուցում ստացանք և հասակ առինք: Ինչո՞ւ պիտի չկարենան մեր զաւակները, այս օտար ափերուն վրայ նոյնը ընել այսօր. չէ՞ որ արդէն օտար ափերու վրայ էինք արդէն և մատնանշուած որպէս գերազանց ազգ ուսումնական, արհեստագիտական և գիտական ասպարէզներու մէջ:

Մեզի համար առաջնահերթութիւն էր դասը, ուսումը… որովհետեւ՝ պէտք էր «տեղ հասնէինք», դառնայինք բժիշկ, առևտրական, իրաւաբան, գիտուն, մտաւորական և արհեստաւոր: Կը խաղայինք, կը զբօսնէինք կամ կը հաճոյանայինք մեզի յատկացուած պահերուն: Չեմ գիտեր, բարեբախտաբար թէ դժբախտաբար, այն օրերուն չունէինք այսօրուան մանուկներուն ունեցած արհեստագիտական զեխ «խաղալիքներն ու գիտութիւնները», բայց մտովի արթուն էինք և գիտութեամբ՝ բոլորովին անկախ այդ գործիքներէն, իսկ ժամանակը՝ մեր ստեղծագործութիւնն էր առանց բթամտութեան:

Մեր նոր սերունդի ներկայացուցիչներ, կրնա՞մ ըսել… «շատ սիրելիներ, պահ մը կրնա՞նք հեռացնել ձեր զաւակները այդ նորագոյն արհեստագիտական սարքերէն, ձեր և անոնց սորվելիք դասերը ամբողջացնելու համար»: Չնեղանաք ինձմէ, գիտէ՞ք որ առածը կ՝ըսէ, «Ուր որ կամք կայ, այնտեղ կարելին կայ»:

Սրտանց կը շնորհաւորեմ և յաջողութիւն կը մաղթեմ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանին և ինչու չէ, այլ վարժարաններու ևս, որոնք կը հետեւին ուսումնական նոյնանման ծրագիրներու:

 

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ