Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

Ռաֆֆի Գէնտիրճեան. «Հալէպահայութեան գոյատեւման խնդիրը մահու կենաց հարց է»

«Նոր Օր» կը ներկայացնէ SARF-ի՝ Սուրիահայութեան օժանդակութեան հիմնադրամի նախագահ Պրն. Ռաֆֆի Գենտիրճեանի ելոյթը՝ Հոկտեմբեր 10-ին Պըրպէնքի Առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցած սուրիահայութեան զօրակցութեան հաւաքին ընթացքին։

Շարունակենք օժանդակել սուրիահայութեան կարիքներուն, ուր որ ալ ըլլան անոնք՝ Սուրիոյ մէջ, հայրենիքի, կամ՝ այս ափերուն։

 

28 Դեկտեմբեր 2014, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Պուրճ Համուտի, Լիբանանահայ Օգնութեան Կեդրոնէն ներս ժամադրուած էի հանդիպելու 4 սուրիահայ գաղթական ընտանիքներու հետ, որպէս՝ SARF-ի փոխատենապետ:

Առաջին երկու հանդիպումները եկան ցոյց տալու, թէ ինչպիսի կա­ցու­թիւն կը տիրէ Սուրիոյ մէջ, եւ տակաւին աւելին սպասելու եւ լսելու յաջորդ երկու ընտանիքներէն:

Ահա պահը հասաւ հանդիպելու 3-րդ ընտանիքին հետ, որոնցմէ մնացած էր մայր մը եւ իր 5 տարեկան աղջնակը՝ Ալինան: Տարօրինակ զգացում մը պատեց զիս, մարմնով այնտեղ, բայց մտքով տեղափոխուեցայ Միացեալ Նահանգներ մտաբերելով իմ աղջիկս՝ Ալի­ն­ան:

5 տարեկան հալէպահայ Ալինային աչքերուն մէջ տեսայ վախը, սարսափն ու անորոշութիւնը: Անոր աչքերուն մէջ տեսայ, թէ ինչպէս այդպիսիներ իրենց մանկութիւնն են կորսնցուցած: Ի վերջոյ, Ալինային աչ­քե­րուն մէջ տեսայ բոլոր երեխաները, որոնք այսօր Սուրիոյ մէջ կ’ապ­րին անմարդկային աղէտն ու տառապանքը, որ այլեւս դարձած է ան­հաս­կնալի ու անըմբռնելի:

Վերադարձիս, արդէն իմ մէջս փոխուած էր ըմբռնումը Սուրիոյ քաղաքական այս տագնապին, ու մանաւանդ՝ անոր թողած ազդեցութիւնը հայ գաղութին վրայ, նկատի առած անոնց տառապանքն ու վիշտը:

Այս բոլորը, սակայն, պատճառ չդարձան յուսալքութեան, եւ կամ աշխատանքները չշարունակուին, ընդհակառակը՝ SARF-ի ճամբով աշ­խա­­տանքներուն առաւել թափ տրուեցան, որպէսզի հանգանակային արշաւներն ու ծրագիրները իրականանան եւ առաւել չափով նպաստեն սուր­իահայ մեր գաղութի բոլոր զաւակներուն, յատկապէս հալէ­պա­հա­յու­թեան, որոնք տակաւին կապուած կը մնան իրենց պապենական աւանդին:

Դժբախտաբար, Սուրիոյ բոլոր գաղութները անխտիր կրեցին մարդ­կային ու նիւթական ծանր կորուստներ, ինչպէս մեծ թիւով գաղթականներ, որոնք տեղափոխուեցան աշխարհի տարբեր անկիւններ, ի մասնաւորի Լիբանան եւ Հայաստան, միշտ վերադառնալու յոյսով ու հեռանկարով: Այստեղ կ’ուզեմ մօտաւոր թիւեր փոխանցել ձեզի, թէ ինչպիսի իրավիճակ կը տիրէ Սուրիոյ մէջ եւ Սուրիայէն դուրս ապրող մեր Սուրիահայերուն: Այսօր սիրելիներ,

Քեսապի մէջ հայութեան թիւը կը հաշուէ մօտաւորապէս 1035 հոգի:

Քամիշլի. պատերազմէն առաջ կար 1000 ընտանիք, իսկ այսօր կը հաշուէ 300 ընտանիք:

Հասաքէ. պատերազմէն առաջ կար 150 ընտանիք, իսկ այսօր՝ 60 ընտանիք, մեծաւ մասամբ տարեցներ:

Ռաս ուլ-Այն, Ամուտա եւ Տերպասի բոլորովին հայերէ դատարկ, ուր դպրոցներ, եկեղեցիներ կիսափլատակ եւ Իսլամական Պետութեան բռնա­տի­րութեան տակ (ISIS):

Լաթաքիա եւ Դամասկոս միասին կը հաշուեն մօտաւոր 10,000 հայեր:

Տէր Զօրի Նահատակաց մատուռը բոլորովին փլատակ:

Լիբանանի մէջ՝ մօտաւորապէս 15,000 սուրիահայեր:

Հայաստանի մէջ դարձեալ մօտաւորապէս 15,000 սուրիահայեր:

Քանատա շուրջ 2500, որոնք վերջերս հաստատուած են:

Աւստրալիա. քանի մը հարիւր ընտանիք:

Եւրոպական այլ երկիրներու մէջ՝ թիւը հազիւ 3000-ի շուրջ:

Իսկ Հալէպը՝ Սուրիահայութեան սիրտը, այսօր կը հաշուէ մօտաւորապէս 7000 հոգի:

Այս բոլորը մօտաւոր թիւեր են եւ վերջին տուեալներու համաձայն, որուն համար SARF-ը յատուկ աշխատանք ծրագրած է տանիլ յառա­ջի­կա­յին, որպէսզի այս տուեալները ստոյգ ըլլան, որովհետեւ յաճախ այս թիւերը փոփոխական են տեղաշարժերու պատճառով:

Սիրելիներ, այս բոլոր աշխատանքներուն ետին մենք բոլորս ենք կանգնած, ձեռք-ձեռքի տուած, որպէս մէկ սիրտ, մէկ հոգի եւ մէկ բռունցք, իւրաքանչիւրիս ամբողջական մասնակցութեամբ, որուն դիմաց մեր երախ­­տագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը կը յայտնենք ձեր բոլորին: Ձեր այս անվերապահ մասնակցութիւնը եկաւ անգամ մը եւս ցոյց տալու, թէ Միացեալ Նահանգներու հայ գաղութը պատրաստ է, ինչպէս անցեալին, նաեւ այսօր իր զօրակցութիւնը բերելու, իր եղբայրական սէրն ու հո­գա­ծու­թիւնը հանդէպ սուրիահայ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն:

Յարգելի ներկաներ, SARF-ի ստեղծման դրդապատճառն ու ամբողջ նպատակը մարդասիրական աջակցութիւն եւ զօրակցութիւն ցուցաբերելն է մեր սուրիահայ գաղութին: Այսօրուան այս հաւաքը նպատակ չունի քա­ղա­քական վերլուծումներ կատարելու, բայց նկատի առած վերջին շա­բաթ­նե­րու ծանրացող իրավիճակն ու կացութիւնը Հալէպի մէջ, կարծէք վճռա­կան ու արագ քայլեր առնելու մարտահրաւէրին դիմաց կը դնէ մեզ բոլորս, եւ մեզ կը պարտաւորեցնէ, որ այսօր մենք եւս մեր մօտեցման եղանակը փոխենք քայլ պահելու համար օրուան տագնապներուն եւ ըստ այնմ ճիշդ ու տեղին լուծումներ տալու: Եթէ արդէն տեղեակ չէք, հալէպահայութեան գոյատեւման խնդիրը մահու կենաց հարց է:

 Աղօթենք, որ այս ահաւոր վիճակը ցաւի ու տառապանքի, շուտով իր աւարտը գտնէ, եւ մեր հարազատները կարենան իրենց նախկին խաղաղ կեանքին վերադառնալ:

Մինչ այդ, այնքան ատեն, որ Սուրիոյ տարածքին հայ գաղութը կը շնչէ ու գոյատեւման պայքար կը մղէ, չենք կրնար անտարբեր մնալ, այլ, մեզմէ կը պահանջուի մեր կարելիէն աւելին ընել եւ օգնութեան ձեռք երկարել, որովհետեւ անոնք կը սպասեն մեզի:

Սիրելիներ, վերադառնանք հալէպահայ 5 տարեկան Ալինային, այս անգամ ոչ առանձին, այլ ձեզի հետ միասին: Վերադառնանք Ալինային եւ իր նման բոլոր ընկեր-ընկերուհիներուն, եւ մեր ամբողջական մաս­նակ­ցու­թեամբ սրբենք անոնց աչքերէն ամէն արցունք: Վերադարձնենք անոնցմէ խլուած ուրախութիւնը, ժպիտն ու անմեղութիւնը: Ներշնչենք անոնց մէջ գոյատեւելու եւ ապրելու յոյսն ու հաւատքը:

Սիրելիներ, եկէ՛ք, միասնաբար կեանքեր փրկենք:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ