«Աւանդական ձեւերու մասին չեմ մտածեր։ Միշտ կը խորհիմ, թէ ինչպէ՞ս կրնամ աւելի լաւը ընել եւ յաջողիլ առանց սահմանափակումներու»:
Վերջին ամիսներուն աւելի յաճախ երեւցաւ Մայք Սարեան անունը հայ մամուլին մէջ եւ հայկական շրջանակներէ ներս։ Ան 250 հազար տոլարի իշխանական նուիրատուութիւն մը կատարած էր «Ս. Սահակ – Ս. Մեսրոպ» դպրոցին, ուր իր դուստրը կը յաճախէ եւ այդ անունով ալ կոչուեցաւ դպրոցին մանկամսուրը եւ մանկապարտէզը՝ Քրիսթին Սարեան Մանկապարտէզ։
Սակայն, ո՞վ է Մայք Մարտիրոս Սարեանը։
ԱՐՄԱՏՆԵՐԸ
Ծնած եմ, Պէյրութ, Լիբանան։
Վերջերս, երբ Կարօ Փայլան Լոս Անճելըս կը գտնուէր, իրեն ըսի, թէ իր գործընկերը՝ Տէմիրթաշը, որ Թուրքիոյ մէջ քրտամէտ HDP կուսակցութեան հիմնադիրն է, ծնած է Բալու։ Իմ մեծ-հայրս ալ ծնած է Բալու։ Ուրեմն, իմ մեծ-հայրս կու գայ Արեւմտեան Հայաստանէն, ուր հարիւրաւոր տարիներ Սաեանները հոն ապրած են։ Մեր արմատները հոն են։ 1906-ին, ինք, իր եղբայրը եւ քոյրը՝ երեքով կ՚երթան Ատանա։ Նպատակը հոնկէ Ամերիկա անցնիլն էր։ Մեծ-հօրս չեն արտօներ երթալ, ըսելով թէ ան աչքի բարդութիւն մը ունի։ Մինչ այդ, ապրելով Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, ան մէկ բառ թրքերէն չէր գիտեր։ Կը խօսէր հայերէն եւ քրտերէն։ Ատանայի մէջ կ՚ամուսնանայ մեծ-մօրս հետ, որ թրքախօս ընտանիքէ գալով, ան ալ հայերէն չէր խօսեր։ Մեծ-մայրս կը սորվի հայերէն եւ միասին կ՚ապրին Ատանայի մէջ։ Մեծ-հայրս շինարար էր եւ կառուցած է շատ տուներ Ատանայի մէջ։ 1915-ի Ցեղասպանութեան շրջանին կնոջը գերդաստանին հետ, շուրջ 100 հոգի կ՚աքսորուին Տէր Զօր, ուր չորս տարի հրաշքով ողջ կը մնան եւ կը վերադառնան Ատանա՝ իրենց սեփական տունը։
Հայրս կը ծնի 1921-ին։ Մեծ-հօրս անունը Մարտիրոս էր, իսկ իր հօրը անունը՝ Յակոբ։ Աւանդութիւնը խախտելով, անունը Երջանիկ դրած են, որպէս վերապրումի արտայայտութիւն։ Երբ ես ծնած եմ՝ վերադառնալով աւանդութեան զիս կոչած են Մարտիրոս Մայքըլ։ Սարեանները 1922-ին անգամ մը եւս կ՚արտաքսուին Ատանայէն եւ ծանր փորձութիւններէ անցնելէ ետք, առաջին հայերէն կ՚ըլլան, որ կը հաստատուին Լիբանանի մէջ։ Սկիզբը՝ վրաններու տակ, ապա՝ Պուրճ Համմուտ, ուր եւ ես կը ծնիմ։
Շրջանաւարտ եմ ՀԲԸՄ-ի Նազարեան եւ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարաններէն։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով ընտանեօք 1978-ին կը հաստատուինք Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճելըս քաղաքը, սկսելով նոր կեանք, նոր սկիզբ։
ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Լիբանան եղած շրջանիս կը փափաքէի բժիշկ դառնալ, ուսանիլ AUB-ի մէջ կամ Երեւան, Հայաստան։ Հոս աւարտեցի Քալիֆորնիոյ Համալսարանի առեւտրական ճիւղը, մտածելով, որ շուտով աշխատանքի կ՚անցնիմ եւ ծնողներուս օգտակար կը դառնամ։ Եւ հաշուակալական գործ գտայ Հոլիվուտի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, նոյն ատեն շարունակելով ուսումս առեւտրական նիւթերու մէջ, վկայուելով MBA-ով եւ ապա նաեւ ստանալով՝ հանրային առողջապահութեան դոկտորա (Public Health)։ Այսպէս, քայլ առ քայլ, ֆինանսական պաշտօնեայի պաշտօնէն բարձրացայ եւ դարձայ հիւանդանոցի պատասխանատու։ Ապա, առաջարկ ստացայ դառնալու հիւանդանոցի մը տնօրէնը՝ CEO։ Հոս է որ բժիշկներու եւ բուժքոյրերու կը բացատրէի խնայողութեան մասին, գիտելիքներս կը փոխանցէի բժշկական աշխարհի մարդոց։ Եւ միասնաբար հասանք յաջողութիւններու։ Արդէն 1990-ականներու վերջաւորութեան անուն մը ունէի որպէս իմ մարզիս մէջ յաջողակ անձ։
Տարբեր հիւանդանոցներու մէջ աշխատելէ ետք եղայ հիւանդանոցային համակարգի մը նախագահը, որմէ ետք գլխաւորեցի 500 մահճակալնոց եւ 400 միլիոն տոլար պիւտճէով հիւանդանոցներու ցանց մը։
Յաջորդ քայլը արդէն ընդհանուր տնօրէնի պատասխանատու պաշտօնն էր։ Ունէինք 25 բժիշկ, կարճ ժամանակի մէջ նոր յաջողութիւններ արձանագրեցի։
Երազ մըն էր, որ իրականացաւ։
Գործող հաստատութիւն մը գնեցի 29 տարեկանիս եւ դարձայ այդ հիւանդանոցին CEO-ն։ Պէտք էր հիւանդանոց վարել. բան մը, որ բարդ խնդիր է։ Վեց ամսուայ մէջ նոր բաժանմունքներ բացինք, կեանքի բերինք այդ հաստատութիւնը, որ տարեկան 4-5 միլիոն տոլար բաց ունէր, սկսաւ 3-4 միլիոն տոլար շահոյթ ապահովել։ Հոն աշխատեցայ ինը տարի, ապա՝ վաճառեցի։
Կեանքիս յաջորդ չորս տարիները ապրեցայ Փենսիլվենիոյ մէջ, ուր ղեկավարեցի հիւանդանոցներու մեծ ցանց մը։ Հոն ծանօթացայ երկու յաջողակ հայերու. մէկը Ճան Վարդանն էր, լիբանանահայ, այնճարցի, մեծ գործարար, որ ափսոս քաղցկեղի պատճառով մեր իսկ հիւանդանոցին մէջ մահացաւ, իսկ միւսը՝ Կէրի Նալպանտեան՝ դրամատան մը տնօրէնը։
Վերադարձ՝ Քալիֆորնիա, ուր ժամանակն էր ընտանեկան ծրագիրներու եւ ունեցանք մեր դուստրը՝ Քրիսթինը։
Այս անգամ դարձայ բաժնետէրը հաստատութեան մը եւ վարեցի եօթը հիւանդանոցներ եօթը տարիներուն ընթացքին։
Դժբախտաբար, ընտանեկան երջանկութիւնը երկար չտեւեց եւ կորսնցուցի կինս՝ Սիւզընը, յետ կարճատեւ հիւանդութեան։
Ներկայիս կը վարեմ 44 հիւանդանոցներ 14 նահանգներու մէջ, ուր 4-5 տարի առաջ սկսած էինք 12 հիւանդանոցներով։
Աշխատանքէս դուրս, հիւանդանոցներու միութեան անդամ եմ Սաքրամենթոյի մէջ. միակ հայը 11 հոգինոց հոգաբարձութեան մէջ։ Քալիֆորնիոյ մէջ շուրջ 500 հիւանդանոցներ կը վարենք։ Այսինքն, կը զբաղիմ նաեւ նահանգին առողջապահական հարցերով։
Ի դէպ, Մայք Սարեան անդամ է տարբեր համալսարաններու խորհրդատու մարմիններու, հոգաբարձութիւններու եւ իր գործերուն կողքին կը կատարէ մարդասիրական մեծ աշխատանք։
ՀԱՅԸ
2013-ին էր, երբ առիթով մը Հայաստանէն ժամանած բժիշկներու հետ կը խօսէի, յուզուեցայ։ Որոշեցի օգնել Հայաստանին, ժողովուրդին։ Այս անցնող երեք տարուան մէջ բաւական օգնած ենք նաեւ մեր հայ համայնքին։
Մտահոգ եմ Հայաստանի կացութեամբ։ Տնտեսութիւնը պէտք է բարելաւուի, որպէսզի Հայաստանը չպարպուի։ Հայ Դատն ու բոլոր միւս ջանքերը ապարդիւն են, եթէ հողին վրայ մարդ չկայ։ Արտագաղթին պատճառը կայուն աշխատանք չունենալն է. կ՚երթան, որ ապահով եւ հանգիստ ապրին։ Հազիւ երկու միլիոն հոգի կայ այսօր Հայաստանի մէջ։ Նոր վարչապետը նոր յոյսեր կը ներշնչէ , սակայն պէտք է ճիշդ ծրագրել, որպէսզի մեր ժողովուրդը վերադառնայ Հայաստան։
Սուրիահայեր, որ Հայաստան կը հաստատուին, անոնց վիճակն ալ դժուար է։
Նոր սերունդ պիտի գայ եւ պիտի փոխէ մտայնութիւնը, թէ ինչպէ՞ս բարելաւել երկիրը, դուրսէն մարդիկ հրաւիրել Հայաստան, որպէսզի ներդրումներ կատարեն, անոնց ներկայացնելով թափանցիկ եւ յստակ օրէնքներ։ Օրինակ, ես ունիմ մեծ ծրագիր մը, որպէսզի ամերիկեան չափանիշերուն համաձայն Հայաստանի մէջ սարքենք արդիական հիւանդանոց մը, ուսումնասիրութեան կեդրոնով, եւ թող դուրսէն, դրացի երկիրներէն Հայաստան գան հիւանդներ, մեր բժիշկները դուրս ելլելու փոխարէն։ Անցեալի եւ ներկայի յաջող փորձառութիւններ կան, օրինակ՝ Ամերիկեան Համալսարանը, Թումոն եւայլն։
Անձնապէս հանդիպած եմ նախագահ Օպամային հետ եւ արծարծած Հայկական Հարցը։ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցէն ամիսներ առաջ էր, երբ դրամահաւաք կը կատարէր ինք։ Այնպէս որ, քաղաքական հարցերով նոյնպէս, որպէս հայ, կարողութեանս համաձայն օգտակար կ՚ուզեմ ըլլալ քոնկրէսմէններու կամ կառավարութեան միջոցով։
ԲԱՐԵՐԱՐԸ
Վերջին մի քանի տարուան մէջ զբաղեցայ հայկական հարցերով, Հայաստանով եւ Ղարաբաղով։ Վերջերս Ղարաբաղ ղրկեցինք մօտ 800,000 տոլարի գործիքներ եւ բուժօգնութիւն. ձրի, ճանապարհածախսն ալ մենք հոգացինք։ Վերջին երեք տարիներուն մեր կողմէ օգնութիւնը կը հասնի հինգ միլիոն տոլարի։
Հայաստան եւ Արցախ կարիքը ունին հիւանդանոցային ամէնէն սովորական գործիքներու։ Մեր ղրկած օգնութիւնը բաժնուած է 14 հիւանդանոցներու։
Ժամանակն է, որ անձամբ Հայաստան մեկնիմ եւ հոն տեղւոյն վրայ ուսումնասիրեմ եւ ըստ այնմ առնեմ յաջորդ քայլերս։ Այսօր Հայաստանի հիւանդանոցներուն պէտք է տալ ուղղութիւն՝ ինչպէ՞ս վարել հիւանդանոց, բարձրացնել մակարդակը, ապահովել ամենատարրական գործիքներէն մինչեւ բարդ սարքերով։
Եւ այս բոլորը կ՚ըլլան հաւատքով՝ «Մեծ Երազի ճամբուն վրայ»։
Ինչպէս հայրենասէր ու մարդասէր մեր հայրենակիցը յիշեց հայոց պատմութեան իր ուսուցիչին՝ Գերսամ Ահարոնեանին խօսքերը, մենք ալ կը միանանք իրեն, թէ հաւա՛տքը սեփական ուժին նկատմամբ որքան կարեւոր է յաջողութիւններու հասնելու համար։
Բարին կը ցանկանք Մայք Սարեանին, որպէսզի յաջողութեամբ շարունակէ անձնական թէ բարեսիրական իր բոլոր աշխատանքները։
Զրուցեց՝ ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ
Լոս Անճելըս, Հոկտեմբեր 2016