Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

Վերջ տալ անվերջանալի պատերազմին. Անտրու Ժ. Պասեւիչ

Յօդուածագիրը՝ Andrew J. Bacevich կրօնքով կաթողիկէ է, համոզումով՝ պահպանողական։ 1969-ին շրջանաւարտ եղած է Պսակաւոր Գիտութեանց տիտղոսով Princeton-ի West Point-էն։ Ծառայած է ամերիկեան բանակին մէջ (1969-92), մասնակցելով Վիեթնամի ու Ծոցի պատերազմներուն։ Որպէս պատուակալ Փրոֆ. կը դասաւանդէ Պոսթընի Fredericks Pardee School of Global Studies բաժանմունքին մէջ։ Հեղինակն է «American War for the Greater Middle East: A Military History» հատորին։

 

Ծանօթ խմբ.

 

Պաղ Պատերազմի տարիներուն, Մ. Նահանգներ նախընտրեցին չպատերազմիլ, այլ՝ պաշտպանուիլ, վախցնելով ետ կեցնել (deter), սահմանափակել, նախընտրելով «պաղ» խաղաղութիւնը հիւլէական համախորտակումէ։

Վերոյիշեալ ռազմավարութիւնը անառարկելի կամ գործադրելի դարձնելու համար, Ամերիկա կարեւոր զօրաբաժիններ տեղեկայեց (stationed) Արեւմտեան Եւրոպայի եւ հիւսիս-արեւելեան Ասիոյ մէջ։ Այս ձեւով, խոցելի նկատուած շրջաններու մէջ կայունութիւն ստեղծելով, բարգաւաճում յառաջացաւ։

Այսուհանդերձ, 1990-ական թուականներուն, ուժի գործածութեան յիշեալ մտածողութիւնը արմատապէս փոխուեցաւ։ Պատերազմէն խուսափելու քաղաքականութիւնը բաւարար չնկատուեցաւ այլեւս։ Միջազգային կարգավիճակը դիտուեցաւ «Ամերիկայի յաղթանակը կոմունիզմի վրայ» տարազէն, ու մանաւանդ իրաքեան արշաւէն ետք, առիթն էր «ապագայի ապահովութիւնը ձեւաւորել Մ. Նահանգներուն նպաստաւոր պայմաններով»։ Այս մտածողութեամբ, Ամերիկայի նման գերհզօր պետութիւն մը իր զինուորական ուժով պիտի իրագործէր պատմութեան նպատակը։ Նման ակնկալութիւն մը փառաւորեալ (exalted) գնահատումն էր ամերիկեան զինուորական ուժին։

Նախկին մտածողութիւնը երկչոտ էր, չըսելու համար բոլորովին վատոգի։ Ատենին բութ գործիք նկատուած զինուորական ուժը այսուհետեւ պիտի ծառայէր իբրեւ բազմանպատակ գչիր (chisel)։ Ազնիւ ու մեղմ թուացող նման առաջադրութիւն մը երբեք այնքան չարութիւն չէ բերած։ Ապագան ձեւաւորելու համար, զինուորական գործօն քաղաքականութեան մը ջատագովումը օրուան հրամայականը դարձած է։ Փոխանակ որդեգրելու սկզբունքային ռազմավարութիւն մը, յաջորդական վարչակազմեր ընդառաջած են պատեհապաշտութեան, մշակելով ցուցակը այն հարցերուն, զորս Մ. Նահանգները պիտի լծուէր անոնց հաշուեյարդարին։ Աւելի յաճախ, յիշեալ խնդրայարոյց խնդիրներուն լուծումը սպառնալիքն էր, կամ՝ ուժի օգտագործումը։

Chisel-ի (գչիր) գործածութիւնը նախատիպ (pattern) դարձաւ անհեթեթ միջամտութեանց։ 2001, Սեպտեմբեր 11-ին Նիւ Եորքի առեւտրական կեդրոնի զոյգ աշտարակներուն ահաբեկումէն ետք, վստահութիւնը ամերիկեան բանակի զօրութեան հանդէպ հասաւ իր գագաթնակէտին։ Իր «ազատութեան տեսաբանութեամբ» որ կը հայթայթէր գաղափարախօսական պատրանքը, նախագահ Ճորճ Պուշ որդեգրեց կանխարգելիչ պատերազմը առաջին առիթով թիրախ ունենալով «չարեաց առանցքը» (axil of evil). այնուհետեւ բոլորովին անյենակ (unhinged) դարձած էր ամերիկեան զինուորական քաղաքականութիւնը։

Անկէ իվեր, ամերիկեան զօրքերը, քիչ թէ շատ, մնայուն կերպով առնչուած են անվերջանալի հակամարտութիւններու։ Պաղ Պատերազմի ժամանակ, խաղաղութիւնը հեռանկար մըն էր։ Հերրի Թրումէնէն մինչեւ Ռոնալտ Ռիկըն խաղաղութիւնը նկատուած էր անդրագոյն նպատակ։ Մինչդեռ մեր օրերուն, «խաղաղութիւն» հասկացողութիւնը չքացած է քաղաքական խօսակցութիւններէ։ Պատերազմի մթնոլորտը դարձած է բնական երեւոյթ մը։

Ամերիկայի յաջորդ նախագահը պիտի ժառանգէ ազգային ապահովութեան մարտահրաւէրներ՝ ռուսական գրգռութիւններէ, հիւսիս-քորէական վատթար վարմունքը, չինական ուժի ցուցադրութենէ, եւ իսլամական աշխարհի մէջ անկարգութիւններէ։ Ամերիկացի քաղաքացին պիտի ակնկալէ որ Ուաշինկթըն հակազդէ անոնց։ Կարեւորը ա՛յն է, թէ յիշեալ մարտահրաւէրներուն հակազդող պատասխանատուները ատա՞կ են շինիչ առաջադրութիւններ ներկայացնելու ամերիկեան բանակին։

Մ. Նահանգներու քաղաքականութիւնը խոհեմութեամբ եւ ուղղամիտ դատողութեամբ վարելու համար, կենսական է որ նոր իշխանութիւնները ուրուագծեն ազգային ապահովութեան վարդապետութիւն (doctrine) մը առաջին 100 օրերու ընթացքին։ Գլխաւոր թեման այդ տեսաբանութեան ըլլալու է դատողութիւնը (pragmatism), որ իբրեւ ուղեցոյց ծառայէ ապագայ մարտավարութեանց։ Վերջիվերջոյ, Աֆղանիստանի, Իրաքի եւ այլ տեղերու մէջ, ամերիկեան զօրքերը մեծ զոհողութիւններ կատարած են, մինչ Փենթակոնը ապշեցուցիչ գումարներ ծախուած է։ Փոխարէնը, սակայն, անկարգութիւնը զսպուա՞ծ է, ժողովրդավարութիւնը գետին գտած է, մարդկային իրաւունքները բարելաւուա՞ծ են, ահաբեկութեան առաջքը առնուա՞ծ է. շատ քիչ արժանի նուաճում ունի ցոյց տալիք Մ. Նահանգները։

 

Վարդապետութեան Արժէքը

Օտար միջամտութեանց զգուշացումի մասին, Ճորճ Ուաշինկթընի հրաժեշտի ճառէն ասդին, տեսաբանութիւնները կարեւոր դեր խաղցած են ամերիկեան իշխանավարութեան մէջ։ Կարգ մը պարագաներու, անոնք կը հայթայթեն արեւելումը ապագայ գործողութիւններու, մատնանշելով դիտաւորութիւնները ու նախապատուութիւնները։ Յատկանշական օրինակներ են 1947-ի Թրումընի տնտեսական վարդապետութիւնը՝ համայնավար վտանգին ենթակայ երկիրներուն համար. Ճիմի Քարթըրի 1980-ի վարդապետութիւնը, որ Պարսից Ծոցը կը հռչակէր ամերիկեան ազգային ապահովութեան գօտի։

Ռազմավարական վարդապետութիւնները նպատակադրուած են սանձել նաեւ վնասաբեր ձգտումներ։ 1909-ին, նախագահ Ռիչըրտ Նիքսըն ազդարարեց Ասիոյ իր դաշնակիցներուն նուազեցնել Ամերիկայէն ակնկալուած օժանդակութիւնները։ Այլ խօսքով, այնուհետեւ Ուաշինկթըն պիտի օգնէր անոնց՝ հայթայթելով զինամթերք ու խորհուրդ, բայց ոչ՝ զինուոր։ Իսկ 1984-ին, Ռանըլտ Ռիկընի պաշտպանութեան նախարար Ուայնպըրկըր, խիստ նախապայմաններ դրաւ արտաքին միջամտութեանց համար։ Այսպէս, Ամերիկան միջամուխ պիտի չըլլար անհարկի ու պարտուողական պատերազմներու մէջ։

Ներկայիս, Ամերիկա պէտք ունի ազգային ապահովութեան նոր վարդապետութեան մը, որ զերծ է ապուշ արարքէ։ Լրացուցիչ կերպով, հաստատուելու են ստուգանիշեր ուժի գործածութեան համար, յստակացնելով Մ. Նահանգներուն եւ իր դաշնակիցներուն յստակ պատասխանատուութիւնները։

Բնականաբար, յիշեալ արժեչափերը ակնկալելի չէ որ կիրարկելի ըլլան ամէն ատեն եւ ամէն տեղ։ Այսուհանդերձ, այդ ուղեցոյցներու բացակայութեան, ամերիկեան զինուժը սխալ կիրարկումներ կատարած է վերջին տարիներուն։

Ամերիկեան ազգային կազմակերպեալ վարդապետութիւն մը ունենալու է հետեւեալ հիմնական նախատեսութիւնները.-

ա) Ուժ գործածել իբրեւ վերջին միջոցառում։ բ) Ունենալ ամերիկացի ժողովուրդին ամբողջական կենսուժն ու զօրավիգը պատերազմի պարագային։ գ) Նոյն սկզբունքներով գործակցիլ դաշնակիցներու հետ, որոնք կը պայքարին իրենց ապահովութեան համար։

 

Պատերազմը որպէս վերջին ապաւէն

1983-ին, նախագահ Ռիկըն յստակօրէն բացայայտեց Ամերիկայի պահպանողական քաղաքականութիւնը. «Մ. Նահանգներ պատերազմ չի նախաձեռներ. մենք երբեք նախայարձակ պիտի չըլլանք»։ Ճորճ Պուշ որդեգրեց կանխարգելիչ պատերազմի շրջուած նոր սկզբունքը, պատերազմի բնութեան փոփոխութեան կամ Ամերիկայի զինուորական գերակայութեան տուեալներուն վրայ հիմնուած։ Այս վերջին ենթադրութիւնները սակայն կատարելապէս սխալ դուրս եկան Աֆղանիստանի եւ Իրաքի մէջ։ Մասնագիտացուած բոլոր յառաջդիմութիւններով հանդերձ, պատերազմը կը մնայ նոյնը. պատեհութեան կրկէս մը, զոր չափազանց դժուար է կռահել կամ հակակշռել. ինչպէս միշտ, անակնկալը կը վխտայ։

Իբրեւ աշխարհի զօրաւորագոյն երկիրը, Մ. Նահանգները պատերազմը նախընտրելու է, երբ բոլորովին սպառուած են բոլոր ա՛յլ կարելիութիւնները. միայն ա՛յն ատեն երբ վտանգուած են իրապէս կենսական իր շահերը։ Այլ խօսքով, գործադրել զսպում քան թէ՝ անզգոյշ կամ անխորհուրդ միջամտութիւն, որ սուղ արժած է Ամերիկայի, քաոսի վերածելով Իրաքը ու Լիպիան։

 

Աֆղանիստանի եւ Իրաքի երկարատեւ պատերազմներու ընթացքին, 2001, Սեպտեմբեր 11-ի ահաբեկումին հետեւող շրջանին, ամերիկացիներուն մեծամասնութիւնը հետեւեցաւ Ճորճ Պուշի «ապրեցէք կեանքը այն ձեւով որ կ՚ուզէք վայելել» լոզունգին։ Նման կարգախօսով մտածողութիւն մը կը ցուցաբերէր անպատասխանատուութիւն, ականահարելով բանակին արդիւնաւէտ գործունէութիւնը։

Ամերիկեան յաջորդ իշխանութիւնները պիտի ժառանգէին քաղաքացի-զինուոր վիրաւոր փոխյարաբերութիւն մը, եւ որ կը շարունակուի Վիեթնամի պատերազմէն իվեր։ Ջնջելով պարտադիր զինուորագրութեան աւանդութիւնը, ամերիկացի ժողովուրդը հրաժարեցաւ պատերազմելու գաղափարէն, բանակին – «stanting army» – ձգելով այդ մտահոգութիւնը. կացութիւն մը, որմէ զգուշացուցած էին այս երկրին հիմնադիր առաջնորդները։

Սակայն, երկարաձգուող պատերազմներու պարագային, պակասութիւններ (shortcomings) բացայայտուեցան։ Աֆղանիստանի եւ Իրաքի պատերազմները ճահճային (quagmire) բնոյթ ստանալով երկարաձգուեցան, ու կարիքը տեսնուեցաւ չնախատեսուած յաւելեալ թիւով զինուորներու օգնութեան։ Ուաշինկթընի պատերազմի ախորժակը յագեցնելու աստիճան, հայրենիքին համար բաւարար կռուողներու թիւը կը պակսէր։ Այս անհրաժեշտ պակասը գոցելու համար, զինուորական ծառայութեան տակ գտնուող ամերիկացի զինուորներուն կէս առ հարիւրին ծառայութիւնները կը նորոգուէին։ Պետութիւնը այն ատեն կը դիմէր օտար կառավարութեանց զինուորական օգնութեանց։ Անիկա նաեւ յանձնառուներու (contractors) կը վստահէր պարտականութիւններ, զոր զինուորները կը կատարէին նախապէս։ Արդիւնքը յաջողութեան ընդունելի եւ արդար չափանիշերով չէր իրագործուեր, որովհետեւ ժողովրդավարութիւնը կ՚ենթադրէ զոհողութիւն, որուն բացակայութեան ամերիկեան քաղաքացին այնուհետեւ դարձած կ՚ըլլայ պարզ հանդիսատես մը բանակի գործողութեանց։

Երբ ամերիկեան զօրքերը կ՚ուղարկուին կռիւի օտար երկիրներու մէջ, տուրքերը աւելնալու են համապատասխանօրէն։ Ազգային ապահովութեան ընտրեալ (elite) անդամներուն համար ապաշնորհ վարժութիւն է Ամերիկայի ապագայ սերունդները կուտակուած պարտքերու ենթարկել։ Եթէ յաջորդ նախագահը որոշէ նկատի ունենալ, որ սուրիական տագնապին արդիւնքը, կամ՝ Ուքրանիոյ հողային ամբողջականութեան պահպանումը կը պահանջեն ամերիկեան զինուորական լայնածիր գործողութիւն, այն ատեն ամերիկացի քաղաքացիները լծուելու են հայթայթելու համապատասխան ծախսերը։ Առաջին այս քայլին կը հետեւի երկրորդը. ամերիկացիները պատասխանատուութիւնը վերցնելու են կռուելու, երբ բանակին կարողութիւնները անբաւարար են դիմագրաւելու մարտահրաւէրները։ Այս կապակցութեամբ, զինուորագրութիւնը ըլլալու է արդար եւ համապարփակ. բացառութիւն չկայ ունեւորներու զաւակներուն համար։ Ուաշինկթընի պատերազմը ժողովուրդին պատերազմը ըլլալու է։ Այս բոլորը իրագործելու համար, յաջորդ իշխանութիւնները վերանայելու են խանգարուած (broken) զինուորական սիսթեմը։

 

Արձակել դաշնակիցները

Ուրիշները պաշտպանելու ամերիկեան պատասխանատուութիւնը պէտք է երթայ բարեկամներու, որոնք անկարող են ինքնապաշտպանութեան։ Սակայն, ինչո՞ւ Ամերիկայի հարկատու քաղաքացին ու զինուորը պիտի վերցնեն այդ բեռը, երբ խնդրոյ առարկայ երկիրները կրնային իրե՛նք հոգալ այդ պատասխանատուութիւնը։ Այս պարագային, հարցը ռազմավարական նպատակ կը հետապնդէ։ Ինչ որ ալ ըլլայ, ուշ կամ կանուխ, նոյնանման մտածողութիւն ունեցող ազգերը ինքնաբաւ դառնալու են։ Այս վերջին պարագային մէջ կը գտնուին յատկապէս Եւրոպայի երկիրները։

Եւրոպայի կը սպառնան երկու վտանգներ. ա) Հարաւէն եկող գաղթականներու ալիքը, բ) Արեւելքէն եկող ռուսական դժկամակութիւնը։ Մ. Նահանգներ իրաւապէս ետ կեցած է պատասխանատուութիւն ստանձնելէ գաղթականական տագնապի հարցով։ Նոյն հետեւողութեամբ, ետ կենալու է նաեւ պատասխանատու զգալու ռուսական հարցով։

Այսօրուան Ռուսական Դաշնութիւնը Խորհրդային Միութիւն չէ։ Անոր յաճախորդ երկիրները կը վերջանան Պաշար Ասատի Սուրիայով։ Անոր հիւլէական զինամթերքը հիմնականօրէն ժամանակավրէպ դարձած է։ Ընդհանուր բնակչութիւնը մէկ երրորդէն նուազ է բաղդատած Եւրոպական Միութեան երկիրներուն։ Իսկ անոր արտածումները կը կազմեն միայն մէկ իններորդը։

Եւրոպան կարող է պաշտպանել իր արեւելեան ճակատը։ Մ. Նահանգներ մշտելու է Եւրոպական Միութիւնը աստիճանաբար լման պատասխանատուութիւն ստանձնելու, առանց անմիջականօրէն ջնջելու ամերիկեան ապահովութեան յանձնառութիւնը։ Սկսելու է Եւրոպայի Դաշնակցային Ապահովութեան՝ ՆԱԹՕ-ի ամերիկացի ընդհանուր հրամանատարին փոխարինումով եւրոպացի սպայով մը։ Ապա ճշդելու է ժամանակացոյց մը, փակելու համար ամերիկեան զինուորակայանները Ֆրանքֆուրթի եւ Շթութկարթի մէջ։ Նաեւ, որոշեալ թուականի մը, դադրեցնելու է ամերիկեան անդամակցութիւնը ՆԱԹՕ-ին, Եւրոպայէն քաշելով ամերիկեան զօրքերը։ Վերոյիշեալ յանձնառութեանց իրականացման համար 2025 թուականը յարմարագոյնն է, Բ. Համաշխարհային Պատերազմի աւարտին 80-րդ տարեդարձը ըլլալով։ Այս բոլորը իրականացնելու համար, յաջորդ իշխանութեանց կողմէ Եւրոպայի փոխանցուելիք պատգամը յստակ ըլլալու է առաջին օրէն. պատրաստեցէք ձեր պաշտպանութիւնը. մենք տուն պիտի երթանք։

Վերոյիշեալ նախատեսութեանց հիման վրայ, վերատեսութեան ենթարկելու է Փենթակոնի համաշխարհային դրութիւնը կամ կեցուածքը։ Ամերիկեան զինուորականութիւնը գործօն ներկայութիւն մըն է 150 երկիրներու մէջ։ Մեկնելով նիւթական մտահոգութիւններէ, քննարկելու է թէ բանակը ո՞ւր կ՚երթայ եւ ի՞նչ կ՚ընէ այդ վայրերուն մէջ։ Եթէ այդ ներկայութիւնը կայունութիւն կը բերէ, ինչպէս կ՚ըսուի Արեւելեան Ասիոյ պարագային, հաստատելու է այդ իրողութիւնը. հակառակ պարագային, վերափոխութեան ենթարկելու, կամ ի հարկին՝ ջնջելու է։ Վերոյիշեալ նախաձեռնութիւններով կարելի է շուրջ 40 պիլիըն տոլար խնայել, Մ. Նահանգները տակաւին պահելով այս մոլորակի զօրաւորագոյն զինուորական ուժը։ Ինչո՞ւ ձեռնամուխ չըլլալ պատրաստութեանը յառաջացեալ, ճշգրիտ ու կործանարար երկարակեաց զէնքերու, որոնք աւելի ձեռնտու են ինքնապաշտպանութեան ու ռազմավարութեան համար։

 

Ժամանակն է փոփոխութեան

«Ամերիկա ամէն բանէ առաջ» լոզունգը կրնար վերակենդանանալ իբրեւ ամերիկեան քաղաքականութեան կեդրոնական միտք։ Տանըլտ Թրամփ այս նշանաբանը յիշատակելով կը ցուցաբերէ որդեգրելիք իր քաղաքական ելակէտը, անկախ այն հարցէն, թէ մարդիկ ինչպէ՞ս կը մեկնաբանեն այդ զգացումը, կամ արար աշխարհ կ՚ողջունէ կամ կ՚՚արգահատէ անոր վերածնունդը։

Ո՞վ որ ալ յաղթական դառնայ նախագահական ընտրութեանց, նոր վարչամեքենան հարկաւոր է քննական գնահատումը (critical appraisal) կատարել երկրին զինուորական յուսախաբութեանց։ Տարազելով ազգային ապահովութեան նոր վարդապետութիւն մը. ատիկա առաջին քայլը պիտի հանդիսանայ։ Սակայն անոր գործադրութիւնը կը կարօտի ժամանակի (տարիներու)։

Մինչ այդ, կողմնակիցները հաստատուած ներկայ գոյավիճակին (status quo) մոլեգնօրէն պիտի ընդդիմանան կացութեան փոփոխութեան։ Ուրիշներ զսպուածութիւնը պիտի վերագրեն տկարութեան։ Իսկ զինուժի գործարարները պիտի թելադրեն կրկնապատկել ջանքերը, ապահովելու համար զինուորական մնայուն տիրակալութիւն։

Բոլորն ալ պիտի վիճարկեն թէ ապահովութիւնը կը կայանայ ձգտելով աւելիին, խոտորած (warped) վիճակի մէջ պահելով ամերիկեան քաղաքականութիւնը Պաղ Պատերազմի վախճանէն իվեր։

Այսուհանդերձ, հաւանականօրէն, ներկայ գոյավիճակին պահպանումով պիտի վատթարանայ կացութիւնը, սուղ գին վճարել տալով թէ՛ ամերիկացիներուն եւ թէ ուրիշներուն։

 

(Յապաւումներով)

Ազատ թարգմ.՝ Սարգիս Յ. Մինասեան

«Foreign Affairs» երկամսեայ, հատոր 95, թիւ 5, Սեպտ.-Հոկտ. 2016 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ