«Անատոլիան ականատեսն է Ապրիլ 24-ին հայերու հետ կատարուածին շատ նման զարգացումներու: Այս անգամ ոչ թէ հայ քաղաքական գործիչներն ու մտաւորականները իրենց տուներուն մէջ յարձակման կ՛ենթարկուին ու կը ձերբակալուին, այլ քիւրտերը: Քիւրտ քաղաքական առաջնորդներուն դէմ նման գործողութիւնները անխուսափելի էին, յատկապէս երբ պետութեան ծննդոցին մէջ ներծծուած մասնատման վախին կը գումարուի Էրտողանի զայրոյթը», – կը գրէ թրքական «haberdar.com» թերթի սիւնակագիր Էրկիւն Պապահանը:
«ErmeniHaber»-ի համաձայն, հեղինակը կը նշէ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը միաւորուած է քիւրտերու դէմ: Ի դէպ, կառավարութիւն ըսելով տուեալ պարագային պէտք է հասկնալ ոչ միայն Էրտողանը եւ անոր «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը (ԱԶԿ-AKP), այլեւ ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական» (ԺՀԿ-CHP), «Ազգայնական շարժում» (ԱՇԿ-MHP) եւ «Հայրենիք» կուսակցութիւնները, որոնք յանուն քիւրտերէն ազատուելու պատրաստ են թէկուզ ժամանակաւորապէս միաւորուիլ ԱԶԿ-ի հետ:
«Պատմութեան այս փուլին քիւրտերուն վիճակը սուննի իսլաններու դէմ միայնակ մնացած հայերու վիճակէն տարբեր չէ:
«Թուրքիոյ մէջ ամէն օր սաստկացող ֆաշիզմին Եւրոմիութեան եւ Ամերիկայի արձագանգը շատ թոյլ է: Հակառակ ողջ մարդասիրական պաթոսին` Արեւմուտքը կը գերադասէ իր սեփական շահը եւ կը նախընտրէ Թուրքիոյ մէջ կատարուող դէպքերուն նայիլ հանդիսատեսի դիրքէն»:
Պապահան նկատել կու տայ, որ հակառակ պարագային Էրտողան կրնայ իրագործել իր սպառնալիքը եւ միլիոնաւոր սուրիացիները ուղարկել Եւրոպա` տակնուվրայ ընելով ամբողջ աշխարհը:
Հեղինակին խօսքերով` երբ Անատոլիոյ հնագոյն ազգը իր հողերէն արմատախիլ կ՛ըլլար, Օսմանեան պետութեան դաշնակիցը Գերմանիան էր: իսկ այսօր Ռուսիան է:
«Թերեւս հիմա դէպի սուրիական անապատներ ձգուող քարաւաններ, ժայռերուն նետուելով սպաննուող նորածիններ չկան, բայց մերօրեայ պայմաններուն մէջ շատ անիմաստ եւ անըմբռնելի ողբերգութիւն տեղի կ՛ունենայ»:
Պապահան կը մատնանշէ, որ այսօր փորձ կը կատարուի քիւրտերը զրկել իրենց ինքնութենէն, սուննիացնել:
«Հայերուն այս հողերէն արմատախիլ ըրած պետութիւնը վստահ է, որ իր այս նպատակին ալ հաստատ կը հասնի: Ան համոզուած է` անցեալին ըրած եմ, նորէն կ՛ընեմ»:
«Այսօր Անատոլիան կրկին ողբերգութեան շեմին է: Ան կամ կրկին անգամ ականատեսը կ՛ըլլայ 1915-ի նման արիւնոտ իրադարձութիւններու, կամ միութիւնը ու միասնականութիւնը կորսնցնելով կը մասնատուի», – կ՛եզրափակէ հեղինակը: