Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­ն յուշապնակ յանձնեց Թուրքիոյ մարմ­նա­մար­զի նա­խա­րարին

12 նոյեմբերին Պոլսոյ մէջ նշուած Թաք­սիմ մար­զա­կում­բի հիմ­նադ­րու­թեան 75-ամեայ յո­բե­լեա­նին առթիւ Թաք­սի­մի վար­չու­թեան կող­մէ պատ­րաստուած յու­շապ­նա­կը Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­ն յանձ­նե­ց Աորպէս պատուոյ հիւր ներկայ գտնուող Մարմ­նա­մար­զի նա­խա­րար Ա­քիֆ Չա­ղա­թայ Քը­լըճիին։

Հանդիսութեան ներկայ եղած էին նաեւ Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան եւ Պոլսոյ ե­րես­փո­խան Մար­գար Է­սաեան: Յո­բե­լե­նա­կան ճաշ­կե­րոյ­թին բացի Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեանէն, Մար­գար Եսայեանէն, Կա­րօ Հա­մամ­ճեանէն, Ա­րամ Քու­րանէն եւ Շահ­նուր Գա­զան­ճըյէն խօսք առած է նաեւ թուրք նախարար Ա­քիֆ Չա­ղա­թայ Քը­լըճ, որ իր խօսքին մէջ կանգ ա­ռած է Թուր­քիոյ հա­սա­րա­կու­թեան հա­մա­կե­ցու­թեան մշա­կոյ­թին վրայ։ Ան մատ­նան­շած է, թէ ինք գի­տէ, որ 15 Յու­լի­սին հայ հա­մայն­քէն հայ­րե­նա­կից­ներ ալ փո­ղոց դուրս եկած էին տէր կանգ­նե­լու հա­մար մեր երկ­րի ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան։ 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ