Ապրիլեան մարտերու ժամանակ հերոսաբար զոհուած Ռոպերթ Ապաճեան, որուն շրջապատը զինք «Մոնումենթցի Կեաժ» կոչած էր, այսօր 20 տարեկան պիտի դառնար։ «Հայկական Ուիքիփետիա»ն կը յուշէ, որ ան Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի կրտսեր սերժանտ էր, զոհուած է Մարտակերտի ուղղութեամբ տեղակայուած դիրքը պաշտպանած ժամանակ։
Արցախի նախագահին հրամանագիրով յետմահու պագեւատրուած է Արցախի հերոս բարձրագոյն կոչումով եւ «Ոսկէ արծիւ» շքանշանով։
«Մետիամաքս» անոր հերոսական արարքին մասին գրած է. «Արցախի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած հենակէտին քովէն թշնամիի զինուժին մեծաթիւ զօրքը երկու անգամ փորձեց ներթափանցել ու գրաւել այն դիրքը, ուր կը գտնուէէր Ռոպերթ Ապաճեան: Նոյն դիրքի անձնակազմէն էին նաեւ գունդի հրամանատար, կապիտան Արմենակ Ուրֆանեան, գնդացրորդներ Քեարամ Սլոյեան եւ Անդրանիկ Զոհրապեան:
Երկու ժամ շարունակ անոնք յամառ մարտ վարեցին թշնամիի գերակայող ոյժին հետ` մինչեւ վերջին շունչն ու փամփուշտը կռուեցան յանուն կտոր մը հողի` մնալով յաւերժ հերոսներ, որոնք իրենց կեանքի գինով թշնամիին դէմ փակեցին Մարտակերտի դուռն ու անոր թոյլ չտուին մօտենալ Սէյսուլանին:
Հակառակորդն սկսաւ հրետակոծել անոնց դիրքը, յետոյ այն գրոհելու եկան թանկերն ու շուրջ երեք հարիւր հոգիէ բաղկացած խումբերը: Գունդի հրամանատարն ու իր վեց մարտիկներն անցան շրջանաձեւ պաշտպանութեան: Եօթ հոգիէ բաղկացած անձնակազմը յաջողեցաւ երկու անգամ ետ շպրտել ու թոյլ չտալ թշնամիի մեծաթիւ զօրքին մօտենալ դիրքին: Այդ ընթացքին անոնք հասցուցին խոցել թշնամիի մէկ թանկ:
Հանդիպելով նման դիմադրութեան` հակառակորդը ետ քաշեց իր ոյժերը ու կրկին սկսաւ հրետակոծութեան ենթարկել դիրքը: Արկերէն մէկուն պայթումէն զոհուեցան կապիտան Արմենակ Ուրֆանեանն ու գնդացրորդ Քեարամ Սլոյեանը: Մինչ այդ կապիտանը, տեսնելով հակառակորդի ոյժերու յիսուն անգամէ աւելի գերակայութիւնը, հրամայած էր անձնակազմին նահանջել դէպի թիկունք, անոնցմէ երեքը յաջողած էին ետ քաշուիլ ու սպասել թիկունքէն եկող խումբը։
… Տեսնելով իրեն մօտեցող հակառակորդը` Ռոպերթ Ապաճեան նռնակն ափին մէջ պահած է, ձեռքերն առաջ պարզած` իբր թէ կը յանձնուի, թոյլ տուած է, որ մօտենան ու իր հետ միասին նռնակով պայթեցուցած է թշնամիի զինուորները: Իր քայլով 19-ամեայ սերժանտը փրկած է նաեւ թիկունքէն օգնութեան հասած տղաները, որոնք, ի վերջոյ, յաջողած են շարունակել հերոսներու գործն ու պահել անոնց կեանքի գինով «ժառանգուած» դիրքը: Մայոր Էտիկ Մալոյեան ու անոր ութ հոգիէ բաղկացած անձնակազմը անցած են գրոհի` հակառակորդին ստիպելով նահանջել»։