Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

Անգարայի խուլ լռութիւնը Հալէպի նկատմամբ. Սէմիհ Իտիզ

Անցեալին, նախագահ Ռեճիփ Թայյիպ Էրտողան երբեք առիթը չէր փախցներ վարկաբեկելու Սուրիոյ նախագահ Պաշար-էլ-Ասատը, զինք կոչելով «բիրտ բռնատէր որ կը սպաննէ իր ժողովուրդը»։ Այս օրերուն, սակայն, նկատելիօրէն մեղմ է Սուրիոյ առաջնորդին նկատմամբ, երբ անոր վարչակարգը անխնայ կը հարուածէ Հալէպը, եւ ըստ դիտողներու՝ պատերազմական ոճիր կը գործէ։ Դժուար չէ խորաչափել պատճառը, գիտնալու համար Անքարայի վերապահութիւնը, երբ անցեալին կարծր դիրք մը կ՚որդեգրէր նման պարագաներու հանդէպ, երբ Ռուսաստան ալ ներակցած (involved) էր Հալէպի դաժան գործողութեանց։

Հոկտեմբեր 1-ին, խորհրդարանի իր ելոյթին մէջ, Էրտողան հազիւ մէկ անգամ անցողակի ակնարկեց Հալէպի կացութեան, առանց անուանական յատկանշում կատարելու, մինչ ընդհանուր կերպով այպանելով Արեւմուտքը։

«Այն երկիրները եւ հասարակարգերը, որոնք պարզապէս կը դիտեն վայրագութիւնը, որուն հետեւանքով անմեղ կեանքեր կ՚ոչնչանան Հալէպի փլատակներուն տակ, պատմութեան առջեւ պատասխանատուութեան հաշիւ պիտի տան»։ Միայն այսքանը ըսաւ Էրտողան, եւ անկէ անդին Հալէպի մասին ակնարկութիւն չըրաւ։

Մինչդեռ, երկարօրէն անդրադարձաւ թրքական զինուորական գործողութեանց հիւսիսային Սուրիոյ մէջ, ուր կ՚օժանդակէր Ազատ Սուրիոյ բանակայիններուն (եւ անոր դաշնակից զինեալներուն), որոնք կը կռուէին Իսլամական Պետութեան (ISIS), ինչպէս նաեւ՝ Քրտական Ինքնապաշտպանութեան Միաւորներուն (YPG) եւ անոր Ժողովրդավար Միութեան (PYD) զինուորական թեւին դէմ։ Ասոնք կ՚ամբաստանուին իբրեւ ահաբեկչական խումբեր, որոնք կապեր ունին Քիւրտիստանի Բանուորական Կուսակցութեան (PKK) հետ։

Բնականաբար, Էրտողան պիտի չուզէր վտանգել նորագոյն հաշտութիւնը Մոսկուայի հետ։ Արդարեւ, 2015 Նոյեմբերին ռուսական օդանաւի մը վար առնուիլը շատ սուղ արժած էր Թուրքիոյ, յատկապէս առեւտուրի, զբօսաշրջիկութեան, ուժանիւթի եւ այլ պայմանագրութեանց բնագաւառներէն ներս, Ռուսաստանի կողմէ առնուած պատժամիջոցներու հետեւանքով։ Լրացուցիչ կերպով, Թուրքիա չէր կրնար նաեւ բռնաբարել Սուրիոյ օդային սահմանագիծերը, չենթարկուելու համար հակադարձութեանը ռուսական օդուժին, որ բացայայտօրէն կ՚օժանդակէր իր երկրին հարաւային սահմաններու երկայնքին գործող քիւրտ զինեալ ուժերուն։

Շարունակուող վերոյիշեալ ծանր կորուստներուն առաջքը առնելու համար, Էրտողան ստիպուեցաւ անցեալ Յունիսին, նամակով մը ներողութիւն խնդրել Փութինէն օդանաւային դէպքին համար, խոստանալով նաեւ հատուցանել  զոհուած ռուս օդանաւորդին ընտանիքին։ Ապա, անիկա Օգոստոս 9-ին Ս. Փեթերզպուրկ մեկնեցաւ, Փութինին հետ գագաթի հանդիպում մը ունենալու, ու բնական փոխյարաբերութիւնները վերահաստատելու համար։ Մինչ այդ, թուրք պետութեան կառավարական շրջանակները տարածեցին զրոյցներ, թէ ռուսական օդանաւը վար առնող թուրք օդանաւորդը անդամներէն էր Կիւլէնի շարժումին, որ պատրաստած էր Թուրքիոյ Յուլիս 15-ի ձախող պետական հարուածը, Ռուսիոյ հետ փոխյարաբերութիւնները վատթարացնելու համար։

Սեպտեմբեր 15-ին, Ռուսական Դաշնութեան Սպայակոյտի պետը՝ Զօր. Վալերի Կերասիմով, Անքարայի մէջ, հանդիպում ունեցաւ իր թուրք գործակիցին՝ Հուլուսի Աքարի հետ, հիմնական համաձայնութեան մը գալով. այնուհետեւ, Սուրիոյ մէջ, երկու երկիրներու միջեւ զինուորական նախաձեռնութեանց խաչաձեւումներ պիտի չպատահէին։

Զուգահեռաբար, թուրք պատուիրակութիւն մը – Union of Chambers and Commodity Exchanges (TOBB) – Մոսկուա մեկնեցաւ Սեպտեմբերի վերջին շաբաթը, երկու երկիրներու միջեւ սառոյցը կտրելով տնտեսական կապերը վերանորոգելու, եւ աւելի եւս զարգացնելու համար։ Պատուիրակութեան պետը՝ Ռիֆաաթ Հիսարճիքլիօղլու յայտնեց, թէ հաւանական էր Վլատիմիր Փութինի այցելութիւնը Թուրքիա, երկու երկիրներու տնտեսական խորհուրդներու խառն նիստի մը գումարումին համար։

«Հիւրրիէթ» օրաթերթի վեթերան լրագրող ու քաղաքական մեկնաբան Ֆիքրէթ Պիլա, «Էլ-Մոնիթըր» թերթին յայտնեց, թէ «զինուորական սակարկութիւն մը» կատարուած է Մոսկուայի եւ Անքարայի միջեւ։ «Հաշտութիւնը թոյլատրած է թուրք զօրքերուն սուրիական հող մտնելու, Ճարապլուսէն Ազէզ՝ դէպի արեւմուտք, եւ Էլ-Պապ՝ դէպի հարաւ, առանց ռուսական առարկութեան։ Փոխարէնը Թուրքիա պիտի հրաժարէր օգնելէ ըմբոստներուն Հալէպի մէջ։

Հանգստեան կոչուած թուրք զօրավար Արմաղան Կիւլօղլու մատնանշած է, թէ ռուսական օդանաւի դէպքը լրջօրէն վնասած էր Թուրքիոյ ապահովութեան շահերուն, PYD-ին թոյլատրելով գետին շահիլ, մինչ արգիլուած էր թրքական զօրքերուն միջամտութիւնը Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ։ «Թուրքիոյ գրաւը դրուեցաւ սխալ ձիու վրայ, PYD-ն կարողանալով իր դիրքերը ամրապնդել մեր երկրին հարաւային սահմաններու երկայնքին՝ օժանդակութեամբը Մ. Նահանգներուն։ Կողմնակից ենք Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան, փոխարէն մեր սահմաններու ապահովութեան։ Մենք դէմ կենալու չէինք սուրիական իշխանութեանց։ Գործակցելով Դամասկոսի հետ, Թուրքիոյ համար կարելի պիտի ըլլայ ձերբազատուիլ թէ՛ ԻՍԻՍ-էն եւ թէ՛ PYD-էն։ Գիտեմ, թէ Ասատի իշխանութիւնը վատ է, սակայն ինչո՞ւ ատիկա պիտի ըլլայ մեր մտահոգութիւնը, երբ խնդրոյ առարկայ է մեր ապահովութիւնը»։

Այսուհանդերձ, ամէն մարդ համամիտ չէ նման մտածողութեան մը, կամ՝ Թուրքիոյ վերապահութեան Հալէպի նկատմամբ։ Արտաքին քաղաքականութեան մեկնաբան մը՝ Կալիպ Տալայ, «Ղարէր» օրաթերթին մէջ – որ մօտ է AKP կուսակցութեան կը հաւատայ, թէ ճիշդ էր Թուրքիոյ որդեգրած ընդդիմադիր քաղաքականութիւնը Ասատի դէմ. «Ոչ մէկ ապացոյց կայ հաստատելու, թէ այս կեցուածքէն հրաժարելով պիտի ապահովուէին Թուրքիոյ շահերը»։ Տալայ խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ նաեւ Անքարայի բարոյական ներկայ կեցուածքը Հալէպի նկատմամբ։ «Ռուսաստան Հալէպի մէջ կը գործադրէ Կրոզնիի (Չէչէնիոյ մայրաքաղաք) քաղաքական ռմբակոծման ձեւը։ Ռուսիոյ հետ դաշնակցութեան վերահաստատման պատճառով է, որ թրքական լրատուութիւնը հազուագիւտօրէն կ՚անդրադառնայ «Հալէպի բարբարոսութեանց»։

Հարցական է, թէ Անքարա վերջիվերջոյ կրնա՞յ Մոսկուայի վստահիլ, սահմանափակելու համար PYD-ի գործողութիւնները։ Ռուսաստան թոյլատրած է, որ Քրտական Ժողովրդային Միութիւնը գրասենեակ մը բանայ Մոսկուայի մէջ, եւ թէ զայն չէ նկատած ահաբեկիչ կազմակերպութիւն։ Անցեալին, ըսած է նաեւ, թէ սուրիացի քիւրտերը հարկ է ներկայացուած ըլլան խաղաղութեան բոլոր բանակցութեանց։

Թուրքիա եւ Ռուսիա նաեւ անհամաձայն են այլ հարցերու մէջ, ներառեալ՝ Խրիմը։ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը՝ Թունճու Պիլճիք, Հոկտեմբերի սկիզբը, իր «ափսոսանք»ը յայտնեց, երբ Ռուսիոյ Բարձրագոյն Ատեան»ը հաստատեց իրեն ենթակայ դատարանի մը վճիռը, որ Խրիմի թաթար խորհրդարանը ծայրայեղական կազմակերպութիւն մը նկատուած ըլլալով, այնուհետեւ արգիլուած էր անոր գործունէութիւնը։

Պիլճիք ու Թուրքիա պիտի շարունակեն թիկունք կանգնիլ թաթարներուն, դժգոհ ձգելով Մոսկուան։ Պիլճիքի յարաբերաբար մեղմ քննադատութիւնը բացայայտեց, թէ Անքարա որքան յառաջ պիտի երթայ Ռուսիոյ մասին իր քննադատութեանց մէջ։

 

Թարգմ.՝ Սարգիս Յ. Մինասեան

(«Էլ-Մոնիթըր», 4 Հոկտեմբեր 2016)

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ