Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

Սփիւռքահայութեան պարտաւորութիւնները. Յակոբ Մարտիրոսեան

«Հայաստան» հիմնադրամի Թելեթոնին ընդառաջ

 Աւելի քան հարիւր տարիներ անցած են հայոց ցեղասպանութեան դժխեմ տարիներէն, որոնց յիշատակը տակաւին սպիացած վէրքի նման է հայ ազգի զաւակներուն սրտին մէջ, առանց կարենալ մոռնալու այն զարհուրելի օրերը, որոնք արմատախիլ ըրին հայ ժողովուրդը իր հայրենիքէն, դարձնելով զինք թափառական հայ: Երևակայեցէք ցնցոտիներու մէջ փաթաթուած, ոտաբոպիկ, անօթի, ծարաւ, հիւծած հայորդիներ, որոնք բախտաւոր եղան փրկուելու հայոց Ցեղասպանութեան ճիրաններէն, հասան սուրիական, իրաքեան և հարևան երկիրներու անապատները, արմաւով մը, բարեսիրտ արաբ հիւրընկալին կամ այն «պէտէուիին» սեղանի փշրանքներուն աւելցուքներով սնելու համար, որպէսզի կարենան ապրիլ և գոյատևել: Դժբախտաբար այսօր՝ համայն աշխարհի աչքերուն առաջ, նոյն բանը կը կրկնուի Սուրիոյ մէջ:

Այսօր, սփիւռքահայութիւնը արդէն համեստօրէն տեղաւորուած է աշխարհի տարածքին, եթէ ոչ բոլորը հարուստ, բայց գոնէ բարեկեցիկ կարգավիճակի մէջ: Հայու յարատեւութեան և կամքի հզօրութեան շնորհիւ հայ անհատը բարձրացաւ իր տան աւերակներէն կերտելու համար փայլուն ապագայ, որովհետեւ հայուն պարտաւորութիւնն էր ապրիլ և ապրեցնել իր ազգն ու ընտանիքը. ասիկա հայուն նկարագիրն է, ուր որ ալ գտնուի ան:

Սփիւռքահայը իր մորթին վրայ կրեց անարգանք, ստրկութիւն, հալածանք և տառապանք, որովհետեւ աշխարհը ոևէ մէկուն ձրի «բան» չէր և չի տար մինչև այսօր: Հայը գործի դրաւ իր հմտութիւնը, ձիրքն ու հնարքը ստեղծելու և հնարելու համար իր ապրուստը քարէն ու հողէն: Հայը իր անհատական աշխատանքի արդիւնքով է որ տեղ հասաւ սփիւռքի անողոք կեանքին մէջ, պատրաստուելով և ունենալով գիտնականներ, գիւտարարներ, զինուորականներ, քաղաքական դէմքեր և առևտրական ասպարէզի տիտաններ: Այդ բոլորը տեղի ունեցան արեան գնով, սուղ փոխարժէքով և անհատական կարծր փորձառութեամբ: Բարձրացաւ սփիւռքահայը և հասաւ գագաթներու, սակայն աւա՜ղ օտար գագաթներու, առանց վայելելու հայրենիքի հողին բոյրն ու համը: Սփիւռքահայը ակամայ ուղեւորուեցաւ դէպի օտարը, փարեցաւ օտարի բարքին ու սովորութեան, անոնց հեշտ ձեռքբերումներուն մէջ գտնելով ասպարէզային և կեանքի յաջողութիւններ տակաւ առ տակաւ հեռանալով իր պապենական սովորութիւններէն, լեզուէն և կեանքէն: Այդպիսով սփիւռքահայը ընդհանուր կամ մասնակի տարողութեան ընկալումով ընտելացուց զանոնք իր հայկական սովորութիւններուն մէջ: Տարբեր էին պարագաները ամէն մէկ անհատի համար, որ սորվեցաւ ապրիլ հայրենիքէն հեռու, բայց ինքզինք մխիթարելով որպէս հայրենասէր, առանց կարենալ գործնական օգնութեան մը նպաստը հասցնելու իր հայրենիքին: Այդպէս ծնաւ և այդպէս վարժուեցաւ ան իր շրջապատին մէջ, գերադասելով նախ՝ ինքզինքը ապահովելու պարտաւորութիւնը: Շատեր այպանուեցան իրենց այդպիսի մտածելակերպին համար, բայց անոնց համար այդ էր իրենց վրայ պարտադրուած կեանքի ուղին: Յոյսերնին կտրած Հայրենիքի վերադարձի երազներով, գաղութներու մէջ հաստատուեցան և կոչեցին զայն երկրորդ հայրենիք, իրենք զիրենք ճանչնալով որպէս սուրիահայ, լիբանանահայ, իրաքահայ, ամերիկահայ կամ այլք: Այդպէս ալ մնաց սփիւռքահայը անցեալի տարիներուն, կառչելով իր ապրուստի ճանապարհին, սորվելով կենցաղային անհատական և ընտանեկան պահպանողականութիւն և յարատևութիւն, միատեղ՝ ջանալով պահել ու պահպանել կորուստի եզրին հասած իր հայ լեզուն ու սովորութիւնները, իր կարելի և սահմանափակ (տնտեսական կամ քաղաքական) միջոցներով:

Վերջին 5 տասնամեակներուն հայապահպանման յոյսերը կտրած ամերիկահայուն, քանատահայուն կամ «օտարահայուն»  սահմաններուն մէջ, վերականգնեցաւ հայ լեզուն ու մշակոյթը շնորհիւ հայ ժողովուրդին նոր գաղթերուն: Այդ տեղափոխութեան հոսանքը, մէկ գաղթօճախէ դէպի միւսը, զարգացաւ անոնց կանխազգաց ոգիով, սթափեցումով և հեռատեսութեամբ իրենց շուրջ կատարուած հակահայ կամ այլ տեսակի հալածանքներէն, իրենց ապրած երկիրներուն զանազան քաղաքական վերիվայրումներուն հետեւանքով, որոնք թարմացուցին հայ ազգի գերակայութիւնը և գոյատևումը այդ գաղթօճախներուն մէջ, մինչև Հայաստանի երկրաշարժի կամ անկախութեան զանգակներու ղօղանջի հնչիւնը իրենց ականջներուն մէջ:

Սփիւռքահայը կարծես նոր զարթօնք ունեցաւ այդ երկիրներուն մէջ:

Սփիւքահայութեան մայրական զգացումը հանդէպ հայրենիքին կարծէք արթնցած էր, պէտք էր հոգալ և գուրգուրալ այն նորածին երեխային, որ կը կոչուէր հայրենիք: Օգնութեան ձեռքեր բազմիցս մեկնեցան անոր բարեկարգման և բարգաւաճման համար, որպէսզի ան դառնար հայուն հպարտ հայրենիքը, ինքնաբաւ և ամենակարող, այսօր դառնալու համար  հայ ազգի 25 տարեկան անկախ Հայրենիքը:

Ան այսօր նման է այն երիտասարդին, որ նոր կը թեւակոխէ կեանքի ասպարէզ, թօթափելով Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանի հասկացողութիւններն ու սովորութիւնները: Նորահաս սերունդը այնտեղ արդէն ընտելացած է երկրին քաղաքական և տնտեսական նորանոր կերտումներուն և հաստատաքայլ յառաջ կ՚երթայ դէպի նոր ապագայ, թօթափելով իրենց ծնողներուն հնամենի սովորութիւններն ու բարքերը: Եւ այդ երիտասարդը այժմ՝ պատրաստ է իր առաջին քայլը նետելու գործի ասպարէզ… եթէ առիթը, պարագան կամ գործը ներկայանայ իրեն:

Հայրենի պետութիւնը մի՞թէ անկարող է հայթայթելու այդ իր նորահաս սերունդին. կամ՝ հայրենիքի մեծահարուստները:

Իսկ ինչո՞ւ սփիւռքահայերուն մեծ մասը կը վարանի, կը զգուշանայ կամ կը մերժէ որևէ նուիրատուութիւն, օգնութիւն կամ նպաստ ցուցաբերելու, և կամ հաստատուելու համար հայրենիքին մէջ, հակառակ անոր որ կարգ մը երկիրներու մէջ իրենց ապրած վայրերը արդէն անտանելի դարձած են որպէս բնակութեան վայրեր:

Եթէ… անիմաստ և կործանարար կարգ մը արարքներ պատճառ դարձան շշուկներու տարաձայնման, որոնք բազմապատկուած տարածուեցան սփիւռքահայութեան մէջ, 25 տոլար նուիրատուին կամքը նոյնիսկ կոտրելու աստիճան, արդէն անոնք կործանարար առիթ ընծայեցին կարգ մը դիւրազգաց սփիւռքահայերու մօտ, որոնք արդէն իսկ կը տատամսէին իրենց ազգասիրութեամբ կամ կը տառապէին անտարբերութեամբ և «անձնասիրութեամբ»:

Որքանո՞վ, ո՞վ էր յանցաւոր, եթէ ոչ մենք հայերս, բոլորս՝ սփիւռքահայ կամ հայրենի: Արդեօ՞ք մենք պէտք էր օրինակ քաղէինք յոյներէն, որոնց սփիւռքի քաղաքացիները 100 տարիէն աւելի, առանց տրտունջի կամ գանգատի նպաստեցին և օգնեցին երկրի վերականգնումին, անոր ազատագրումէն ետք: Կամ, որքանո՞վ չենք հասկցած հրեաներուն նուիրուածութիւնը իրենց հայրենիքին նկատմամբ, նոյնիսկ անհատական զոհողութիւններու թանկ գնով: Բայց, անոնք այդ սեպեցին ազգային պարտականութիւն և պարտաւորութիւն: Սորվեցան և կիրարկեցին:

Եթէ հասկնանք և կիրարկենք այս բոլորը, ահաւասիկ… այդ ժամանակ արտագաղթը կը վերանայ հայրենիքէն, գործեր և  աշխատատեղիներ ստեղծուելով, որոնք ներգաղթի ճանապարհը կրնան հարթել դէպի հայրենիք, եթէ ոչ բոլոր հայութեան՝ ապա մեծ մասին տեղ ու ապրուստ ապահովելով, առանց որևէ մէկուն տեղը գրաւելու կամ զինք նեղելու:

Որքան որ դեգերինք այս նիւթին շուրջ, որքան ալ խօսինք ու շաղակրատենք, կարեւորը այն է, որ սփիւռքահայը ազգային մտածմունքով և գործնական ուղիներով պէտք է պատրաստուի և լիցքաւորուի հայրենիքին օգնելու մտայնութեամբ առանց որևէ այլևայլի, ձերբազատուելով այն սին գաղափարէն՝ «ինծի մի դպնաք ալ, ինչ կ՚ուզէք ըրէք»:

Բայց միատեղ և միաժամանակ՝  հայրենիքի հայը… պարտի անշահախնդրօրէն նայիլ սփիւռքահայուն որպէս գործընկեր, շահի անոր վստահութիւնը, պատրաստ ըլլայ անկեղծ մտադրութեամբ աշխատակցելու անոր հետ, առանց որևէ խախտումի, հարազատ՝ ուղիղ հայու հիւրասիրութեան նման: 

Վերջ ի վերջոյ… մէկ ձեռքով ծափ չի զարնուիր:

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ