Կիրակի, Դեկտեմբեր 1, 2024

Շաբաթաթերթ

Զենոբ Քհնյ. Նալպանտեանի «Ժամանակակից խորհրդածութիւններ» գիրքի գրախօսական

Գրախօսական 

«Ժամանակակից խորհրդածութիւններ»                      

Հեղինակ` Զենոբ Քհնյ. Նալպանտեան

 

Լոյս տեսած է Տէր Զենոբ Աւագ Քահանայ Նալպանտեանի «Ժամանակակից Խորհրդածութիւններ» շքեղ հատորը, որ կը բաղկանայ 54 յօդուածներէ` հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով, շուրջ 500 էջ:

Հատորը արդիւնքն է տքնաջան աշխատութեան եւ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, որուն ընթացքին մեր Նահատակները սրբադասուեցան իրենց աստուածասիրութեան, ազգասիրութեան ու զոհաբերութեան համար: Անցեալ տարի, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին եւս, իբրեւ բանաստեղծ վանական, իմաստասէր, տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակուեցաւ եւ վերստին անմահացաւ իր «Նարեկ» աշխարհահռչակ աղօթագիրքով եւ սրբասնունդ կեանքով:

Տ. Զենոբ իր գիրքին մէջ կ’անդրադառնայ բարոյական, գրական, լեզուաբանական, կրօնական, կրթական, դաստիարակչական, պատմա-հասարակական եւ այլ նիւթերու եւ հմտօրէն կ’ուսումնասիրէ զանոնք ներկայ կեանքի լոյսի տակ:

Հեղինակը իր գիրքին մէջ կը խօսի մեր լեզուի ու պատմութեան զարգացման մասին: Ան հետաքրքրական եզրակացութիւններու կը յանգի երբ կը խօսի Հայոց լեզուի բառապաշարի հարստութեան մասին: Այսպէս, Տ. Զենոբ մեր Հայ Դասական կամ Հին Գրական Լեզուն կը համարէ սննդատու` զոյգ աշխարհաբարներուն: Ան կը թելադրէ, որ մեր ներկայ լեզուն լայնօրէն օգտուի Գրաբարի մատուցած անսպառ հարստութենէն եւ չանտեսէ անոր ընծայած հնարաւորութիւնները: Ան ամենայն հպարտութեամբ կը գրէ. «Մենք` արժանաւոր ժառանգորդներս գրաբարին, քսանմէկերորդ դարի սեմին կանգնած, ուխտենք ամենեւին չլքել գրաբարը, չանտեսել զայն, մոռացութեան չենթարկել, այլ օգտագործել` հարստացնելու մեր աշխարհաբարը, վառ պահելու մեր բազմաթիւ բարբառները, եւ թոյլ չտալ որ օտար ու անպէտք տարրեր մուտք գործեն հայ լեզուէն ներս ու խաթարեն անոր բիւրեղ պատկերը»:

Տ. Զենոբ իր աշխատութեան մէջ կը խօսի հայ կեանքէն ներս Հայ Երիտասարդութեան դերին մասին: Ան կը շեշտէ ուսումնառութեան կարեւո-րութիւնը, ապա եւ կ’արծարծէ ժառանգութեան, պատասխանատուութեան, յանձնառութեան եւ այլ հարցեր: Գործազրկութեան պատճառով, մեր հայրենակիցները կ’արտագաղթեն եւ կը դառնան թափառական: Հեղինակը կը խօսի հայրենիքի պաշտպանութեան, անոր բարոյական մթնոլորտի բիւրեղացման մասին: Ան ներկայ սերունդին կը պատգամէ հետեւեալը. «Ով Հայ պատուական երիտասարդ, քու խնամեալ ձեռքիդ կը յանձնուին մեր դարաւոր սուրբ ազգը, հայրենիքը, եկեղեցին, եւ ճակատագիրն Հայոց: Խնամէ զանոնք ամենայն զգուշութեամբ ու հոգատարութեամբ, իմաստախոհութեամբ ու հեռատեսութեամբ»: Ան կը պատուիրէ անոնց ըլլալ դիւանագէտ, զգոյշ, հեռատես եւ իրատես:

Յարգելի հեղինակը իր «Յամեցած Ստուգայց» վերնագիրով գրութեան տակ, կը հայցէ հայրենի իշխանութիւններէն աւելի մօտէն շփուելու արտասահմանի հայ ժողովուրդի ծանր վիճակին հետ` անոր մատուցելով բարոյական աջակցութիւն: Ի վերջոյ, հայրենիքն է որ կը սնուցանէ, կը մխիթարէ եւ լուծումներ կ’առաջադրէ մեր բազում հարցերուն եւ ազգային անվերջ մտահոգութիւններուն: Հայրենիքը մեր ամէնքին յոյսն է ու լոյսը: Այնտեղ է մեր վերջին կայանը: Հեղինակը պաղատագինս կը գրէ Մայր Հայրենիքին. «Այժմ կը թախանձենք քեզի, որ այցի գաս մեզի եւ զօրացնես մեզի հոգեւին, մեր ողջ էութիւնը կապես մեր մայր հողին, մեր դարաւոր արմատներուն ու սխրալի պատմութեան: Այցովդ պիտի վերարծարծուի մեր հայրենասիրական նուիրական զգացմունքը, պիտի ամրանայ մեր թուլցած կապը մեր հայրենիքի հետ` մեզի դարձնելով հարազատ զաւակները Հայոց Աշխարհի: Մեր խոնջած աչքերը քեզի յառած, կը սպասենք գալստեանդ: Թող գալուստդ ըլլայ բարի»:

Գիրքը լի է բազմազան նիւթերով: Հայրենասիրական զգացմունքներով զեղուն սոյն հատորը պէտք է ըլլայ ամէն Հայի գրասեղանին վրայ, որպէսզի կարենայ ըմպել անոր քաղցր բաժակէն աւիշը կեանքի, սիրոյ, հայրենիքի, հայոց մասունքին` լեզուին եւ մշակութային այլ տարրերուն:

Կը շնորհաւորենք Տէր Զենոբ իր այս գեղեցիկ աշխատանքին համար եւ կը մաղթենք որ նորանոր հատորներով շարունակէ հարստացնել մեր Հայոց գրական անդաստանը:

Գրիչդ դալար, սիրելի Հայր:

 

Դոկտ. Փրոֆ. Անժէլ Նալպանտեան         

 

 

Ստանալու համար դիմել`

Rev. Fr. Zenob Nalbandian

8 Torrigiani Aisle

Irvine, CA 92606

Հեռ. (949) 616-9929

Email: zenobn@yahoo.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ