Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Ամերիկեան դաշինքը կը հաստատէ «Մենք սխալմամբ հարուածեցինք Սուրիոյ բանակի դիրքերը»

«Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման դէմ գործող միջազգային դաշնութիւնը յայտնեց, թէ 17 սեպտեմբերին, սխալ յարձակում գործած է՝ Տէր Զօրի մօտակայքը գտնուող սուրիական  բանակի  դիրքի մը վրայ, որուն հետեւանքով զոհուած են 90 սուրիացի զինուորներ: Այս մասին կը գրէ «Ալ Քուտս», աւելցնելով, որ ամերիկեան բանակի կեդրոնական ղեկավարութիւնը, վեց ամսուան հետաքննութենէ ետք, զեկոյցով մը յայտարարած է. «Սխալներ տեղի ունեցած են հետախուզական տեղեկութիւնները հաւաքելու ընթացքին: Ինչպէս նաեւ միջազգային դաշնութեան հերթափոխի տարրերը չկրցան թիրախը ճշգրտօրէն սահմանել»:

Փենթակոն իր զեկոյցին մէջ նշեց նաեւ, որ ռուսական ուժերը կապ հաստատած են միջազգային դաշնութեան հետ, յայտնելու թէ յարձակումը սուրիական օրինական ուժերուն վրայ կայացած է, դիտել տալով, որ այս տեղեկութիւնները 27 վայրկեան ուշ հասած են, որուն ընթացքին 32 հարուած արդէն  արձակուած է:

Յիշեցնենք, որ միջազգային դաշնութիւնը, ԱՄՆ-ի ղեկավարութեամբ, յարձակումներ կ’իրականացնէ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ տեղակայուած «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման դէմ:

Յայտնենք, որ օդուժի յարձակման մասնակցած են աւստրալիական, դանիական, բրիտանական եւ ամերիկեան օդանաւեր, օգտագործելով F16 եւ A10 տիպի օդանաւեր, FA18 տիպի ռազմանաւեր եւ անօդաչու ինքնաթիռներ:  

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ