Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

«Նոր Օր»ը պէտք է մնայ կանգուն ու պատնէշի վրայ. Ողջոյնի խօսքեր Պէյրութէն

Սիրելի «Նոր Օր»ականներ,

 

Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ Ձեր մէկտեղումը «Նոր Օր»ի շուրջ, ա՛յն մամուլին, որ մտաւորական-հրապարակագրական հսկայ պաշարի շտեմարան մը դարձած էր, իր գաղափարական, հայրենասիրական, ազգային-քաղաքական բովանդակութեամբ ու նպատակասլացութեամբ։

«Նոր Օր»ը ազատական-ռամկավարութեան հարազատ խօսափողներէն է, ինչպէս մօտիկ անցեալի «Զարթօնք»ը, եւ կոչուած է այդպէս մնալու Ձեզի նման նուիրեալ խմբագրական կազմով եւ աշխատակիցներու ընտրանի հոյլով։

«Նոր Օր»ը պէտք է մնայ կանգուն ու պատնէշի վրայ, որովհետեւ իր ձայնը անհրաժեշտութիւն մըն է Ամերիկայի թէ այլ գաղութներու մէջ, իսկ դուք անոր կրողներն ու շարունակողները ըլլալու կոչուած էք։

Նոր Տարուան սեմին, առաւելագոյն յաջողութիւններ եւ ամենայն բարիք բոլորիդ-բոլորիս, «Նոր Օր»եան լաւագոյն բարեմաղթութիւններով։

 

 

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Պէյրութ, 14 Դեկտեմբեր 2016

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ