ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Շուկայի Լեզու (Marketing Gimmicks)
Գոհաբանութեան Օրը (Thanksgiving Day) շատ մեծ նշանականութիւն ունի Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին համար: 1621-ին սկսած Անգլիայէն ժամանած ուխտաւորներուն կողմէ, 1789-ին ան դարձաւ պետական Տօն՝ Առաջին Նախագահ Ճորճ Ուաշինկթընի կողմէ ստորագրուած հռչակագրով մը։ Ըստ այդ, Նոյեմբեր ամսուայ չորրորդ Հինգշաբթին կը նշանակուի որպէս Գոհաբանութեան Տօն։
Գոհաբանութեան Օրուան նախորդող եւ յաջորդող օրերուն, մօտաւորապէս 50 միլիոն ամերիկացիներ կը ճամբորդեն՝ այդ Տօնը իրենց հարազատներով անցընելու համար։ Անոնցմէ 45 միլիոնը կը ճամբորդեն ինքնաշարժով, երեք միլիոնը օդանաւով եւ մնացեալը՝ շոգեկառքով։
Այս օրերուն սակայն, Գոհաբանութեան Օրը դժբախտաբար կորսնցուցած է իր աւանդական ըմբռնումը եւ դարձած վաճառքի տօնահանդէս։ Արդարեւ, առեւտուրի հաստատութիւններ մեծ զեղչեր յայտարարելով՝ ժողովուրդը կը մղեն գնում կատարելու։ Կ՚ըսուի թէ վաճառատուներ այդ օրերուն, տարեկան իրենց եկամուտի 50 տոկոսը կ՚ապահովեն։
Իսկ ի՞նչ են վերոյիշեալ շուկայի լեզուի հետ առնչուած բառապաշարները։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։
Առաջին, Black Friday, որ կը զուգադիպի Գոհաբանութեան Տօնին յաջորդող Ուրբաթ օրուան։ Այս տարուայ վիճակագրական տեղեկութիւնները ցոյց կու տան թէ այդ օր՝ Միացեալ Նահանգներու տարածքին, մարդիկ իրենց գնումներուն համար ծախսած են 1.2 միլիառ տոլար։
Երկրորդ, Cyber Monday, որ կը զուգադիպի Գոհաբանութեան Տօնին յաջորդող Երկուշաբթի օրուան։ Սա կը նշանակէ որ մարդիկ իրենց գնումները կ՚ընեն համացանցով, այսինքն՝ on line: Ուրեմն, ըստ նոյն վիճակագրական տեղեկութիւններուն՝ այս տարուայ եղած գնումները կը գնահատուին 3.45 միլիառ տոլարով։ Հոս պէտք է աւելցնել որ համացանցով կատարուած գնումներու ապրանքները նամակատան միջոցաւ ձրիօրէն կը հասնին իրենց բնակարանները։
Երրորդ, Giving Tuesday, որ կը զուգադիպի Գոհաբանութեան Տօնին յաջորդող Երեքշաբթի օրուան։ Այս ալ զանազան բարեսիրական հաստատութիւններուն համար նուիրատուութիւն հաւաքելու նոր ձեւ մըն է, որ վերջերս միայն սկսաւ կիրարկուիլ։ Այսինքն՝ երբ Աստուծոյ գոհունակութիւն կը յայտնես, պէտք է յիշես նաեւ կարօտեալները…
Պետական Մսխում
Գաղտնիք մը չէ երբեք, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը՝ հաւանաբար նաեւ այլ երկիրներու կառավարութիւնները, անտեղի ծախսեր կը կատարեն՝ մսխելով ժողովուրդէն հաւաքուած տուրքերը։ Ահաւասիկ այս ծիրեն ներս պիտի բացայայտեմ մեր կառավարութեան իրագործած մէկ գիւտը, որ արժած է միլիոնաւոր տոլարներ։
Արդարեւ, Ազգային Անջրպետի Տիեզերանաւային Գործակալութիւնը (NASA. National Aeronautic Space Agency) յայտնաբերած է թէ գրիչը չեն կրնար օգտագործել անջրպետի մէջ, ուր քաշողական ուժ գոյութիւն չունի (zero gravity):
Ուստի այս հարցը լուծելու համար, անջրպետային գիտնականներ՝ պետական հաւանութեամբ, տասը տարուայ վրայ երկարող գիտաշխատութեամբ մը հնարած են գրիչ մը՝ որ քաշողական ուժի չգոյութեան պարագային կը գործէ։ Իսկ այս աշխատանքը արժած է 165 միլիոն տոլար։
Հիմա նայինք թէ վերոյիշեալ հարցը լուծելու համար, ռուս գիտնականները ի՞նչ ըրած են։ Անոնք պարզապէս առաջարկած են որ անջրպետի մէջ, տիեզերանաւորդներ օգտագործեն մատիտը եւ վերջ… սա թէ՛ տրամաբանական է եւ թէ՛ ալ գործնական, չէ՞ք խորհիր։
Մենք՝ եկամուտի տուրք վճարող պարզ քաղաքացիներս, դժբախտաբար չենք կրնար միջամուխ ըլլալ կառավարութեան առած որոշումներուն, թէ իրենց պիւտճէն ինչպէ՞ս պէտք է բաշխեն։